«ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՀԱՑԸ»

«Ամէնօրեայ» բառը ուրիշ տեղ կիրարկում չունի՛ Նոր կտակարանին մէջ։ Բառը «ժամանակաւոր»ի իմաստով առնուած, դաստիարակչական կրկնութիւնն է «այսօր» բառին. (ԵԼՔ. ԺԶ 19-21) հաստատելու համար մեզ «անվերապահ» վստահութեան մէջ։ Առնուած որակական իմաստով, բառը կը նշանակէ «ի՛նչ որ անհրաժեշտ է կեանքին», իսկ աւելի լայն առումով՝ «ի՛նչ որ բաւարար է ապրուստի համար». (Ա ՏԻՄ. Զ 8)։

Առնուած տառացիօրէն «գեր-էական» բառը կը մատնանշէ ուղղակի՛ «Կեանքի Հաց»ը՝ Քրիստոսի Մարմինը՝ «դեղ Անմահութեան», ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Իգնատիոս Անտիոքացի (35-108), առանց որուն՝ Կեանքը չունինք մեր մէջ. (ՅՈՎՀ. Զ 53-56)։

Վերջապէս՝ առընչուած նախորդ իմաստին, բառին երկնային իմաստը բացայայտ է. «Այս Օր»ը Տիրոջ օրն է, օրը՝ «Թագաւորական Խնջոյք»ին, կանխուած Սուրբ Պատարագի խորհուրդով՝ որ նախաճաշակն է «թագաւորութեան», որ կու գայ։ Այս իսկ պատճառով՝ պատշաճ է, որ գոհաբանական ծիսակատարումը հանդիսակատարուի «ամէն օր»։ Այս իմաստով Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Հաղորդութիւնը մեր առօրեայ հացն է։ Այս աստուածային սնունդին յատուկ զօրութիւնը՝ միացնող ուժ մըն է. ան կը միացնէ մեզ Փրկչին Մարմինին եւ կ՚ընէ մեզ Անոր անդամները, որպէսզի ըլլանք այն ինչը՝ որ կը ճաշակենք։ Այս ամէնօրեայ հացը կայ նաեւ այն ընթերցումներուն մէջ՝ զորս կ՚ունկնդրէք ամէն օր Եկեղեցւոյ մէջ, այն շարականներուն մէջ, զորս կ՚երգեն եւ դուք ալ կ՚երգէք։ Այս բոլորը անհրաժե՛շտ է մեր ուխտագնացութեան համար»։

Իսկ Սուրբ Պետրոս Ոսկեխօս սապէս կ՚ըսէ. «Երկինքի Հայրը կը յորդորէ մեզ՝ որպէս երկինքի զաւակներ երկինքի Հացը խնդրելու (ՅՈՎՀ. Զ 51)։ Քրիստոս հա՛ցն է, որ սերմանուած Կոյսին մէջ, խմորուած մարմնին մէջ, շաղուած չարչարանքներուն մէջ, եփուած դամբանին (=գերեզման, տապան, շիրիմ) հնոցին մէջ, պահեստի դրուած Եկեղեցւոյ մէջ, փոխադրուած խորաններուն վրայ, ամէն օր երկնային սնունդ կը հայթայթէ հաւատացեալներուն»։

Եւ «Մեր հացը». Հայրը, որ մեզի կեանք կու տայ, չի՛ կրնար չտալ կեանքին անհրաժեշտ եղող սնունդը, նիւթական եւ հոգեւոր «պատշաճ» բոլոր բարիքները։

Լերան քարոզին մէջ (ՄԱՏԹ. Ե-Է), Յիսուս կը շեշտէ մեր Հօր Նախախնամութեան հետ գործակցող այս վստահութեան վրայ (ՄԱՏԹ. Զ 25-34)։ Յիսուս մեզ երբեք կրաւորական-ենթարկուող կամ անտարբեր կեցուածք չի՛ յորդորեր (Բ ԹԵՍ. Գ 6-13), այլ կ՚ուզէ մեզ ձերբազատել ամէն անձկութենէ եւ ամէն մտահոգութենէ. Ան չ՚ըսեր. «մի՛ ըներ», այլ՝ «ըրէ՛»։ Ուստի, Ան միշտ դրակա՛ն է եւ ո՛չ՝ բացասական։ Ան, փոխանակ արգելքներ դնելու մեր առջեւ, ուղիղը, շիտակը, ճիշդը ընելու ճամբան ցոյց կու տայ եւ կ՚ըսէ. «Ե՛ս եմ ճամբան»։

Ահաւասի՛կ, այսպիսին է Աստուծոյ զաւակներուն որդիական թողլքումը Անոր ձեռքերուն մէջ։

«Աստուած Իր թագաւորութիւնը փնտռողներուն՝ կը խոստանայ ամէն ինչ աւելիով տալ։ Ամէն ինչ կը պատկանի Աստուծոյ։ ԶԱստուած ունեցողին բան չի պակսիր, եթէ ինք չթերանայ Աստուծոյ հանդէպ», կ՚ըսէ Սուրբ Կիպրիանոս Կարթագենացի։

Սակայն, հացի քաղցածներու գոյութիւնը՝ այս խնդրանքին մէկ տարբեր խորքը կը յայտնաբերէ։ Անօթութեան եղերականութիւնը աշխարհի մէջ ճշմարտութեամբ աղօթող քրիստոնեաները իրենց եղբայրներուն հանդէպ գործօն պատասխանատուութեան կը կանչէ, ըլլա՛յ իրենց անձնական վերաբերումով, ըլլա՛յ մարդկային ընտանիքին հետ իրենց համընկերութեամբ։ Տիրոջ Աղօթքին այս խնդրանքը կարելի չէ՛ անջատել աղքատ Ղազարոսին (ՂՈՒԿ. ԺԶ 19-31) եւ վերջին Դատաստանին առակներէն (ՄԱՏԹ. ԻԵ 31-46)։

Ինչպէս մակարդը խմորին համար, նոյնպէս Թագաւորութեան նորութիւնը պէտք է մակարդէ երկիրը Քրիստոսի Հոգիով։ Ան պէ՛տք է բացայայտուի արդարութեան հաստատումով անձնական եւ ընկերային յարաբերութիւններուն մէջ, առանց մոռնալու, թէ չկա՛յ արդար կառոյց, երբ չկան արդարութեան ձգտող մարդիկ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 20, 2026, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յունուար 21, 2026