ԱՊՐԻԼ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՄԵԾ ՅԻՄԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԳՈՐԾԵԼ

Մինչեւ հիմա տեսանք, որ Նար-Դոսի հիմնական հերոսը իր ինքնասպանութեան նամակին մէջ չի յիշեր ինքնասպանութեան պատճառը, այլ կեանքի վերլուծութիւն է, որ կը փորձէ կատարել. պարզապէս աւելիով կ՚արտայայտէ իր ատելութիւնը աշխարհի հանդէպ եւ հոն ապրիլ ուզողները իրեն համար յիմարի տպաւորութիւն կը ձգեն: Կը խօսի կեանքի մասին, գիտակցութեան մասին եւ երկարաշունչ տողերով կը փորձէ ինքնասպանութեան, մահուան եւ կեանքի մասին իր ընկալումները փոխանցել։ Նար-Դոսի «հերոս»ը խիստ ձեւով կը քննադատէ հասարակական կարգերը՝ ընտանիքը, պետութիւնը, օրէնքներն ու բարոյական սահմանումները. կը քննադատէ մարդկային ազատութիւնը։ Բոլորս կ՚ըսենք, թէ Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած մեծագոյն պարգեւը ազատութիւնն է, սակայն, Լեւոն կը հաւատայ, որ մարդ իրականութեան մէջ ազատ չէ. ան ազատ չէ իր ծնունդով, որովհետեւ լոյս աշխարհ կու գայ իր կամքէն անկախ. ազատ չէ իր կեանքին ընթացքին, որովհետեւ հասարակութիւնը իր արժէքներն ու ընկալումները կը պարտադրէ մարդուն վրայ: Այս բոլորը սարսափելի դարձնողը, սակայն, գիտակցութիւնն է, որովհետեւ Լեւոն կը հաւատայ, որ մարդ ինչքան շատ մտածէ եւ գիտակցի՝ այդքան շատ կը տառապի: Լեւոն կը քննադատէ լաւատեսները եւ կը հաւատայ, որ անոնք վախկոտներ են, որոնք ինքնախաբէութեան մէջ կ՚ապրին: 

Անշուշտ, Նար-Դոսի ինքնասպան հերոսը հաւատացեալ մը չէ. անոր համար մահը վերջակէտ է. ան կը հաւատայ, որ այնպէս ինչպէս ծնունդէն առաջ մարդ գոյութիւն չունէր, նոյնպէս գոյութիւն պիտի չունենայ իր մահէն ետք՝ ո՛չ մարմնապէս եւ ո՛չ հոգեպէս: Այս բոլորը ի միտի ունենալով հերոսը իր բերանը կ՚առնէ Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը եւ անոր բառերը փոխելով կ՚երգէ. «Մարդ մի անգամ պիտ՚ մեռնի… բայց երանի՜ նրան ով շուտ կը մեռնի»:

Աշխարհի վրայ շատ շատեր հակառակ իրենց կրած տառապանքին, շնորհակալ են կեանքին, որովհետեւ կը հաւատան, որ կեանքի դժուարութիւնն է, որ մարդը կը կերտէ եւ անոնք, որոնք այսօր կայացած են՝ կը պարտին կեանքին, որովհետեւ կեանքի դժուարութիւնը ո՛չ թէ կը սպաննէ, այլ մարդը կը կոփէ, սակայն, Լեւոն իր դժուարութիւններուն համար շնորհակալ չէ։ Իրականութեան մէջ, Լեւոնին ինքնասպան ըլլալու պատճառները եւս այդքան ալ յստակ ու կարեւոր չեն, որովհետեւ ան արտաքնապէս այնքան տառապանքի մէջ չէ՝ ինչքան հոգեպէս։ Ան շնորհակալ չէ իր ապրած դժուարութիւններուն համար. ընդհակառակը երանի՜ կու տայ, որպէսզի ծնած վայրկեանին վերջ գտնէր իր կեանքը: Սակայն, Լեւոն կեանքէն անտեղեակ անձ մը չէ. իր նամակին մէջ բազմիցս կը մէջբերէ օտար հեղինակներու խօսքերէն՝ որոնք կ՚ամրապնդեն ու կը հաստատեն կեանքի դատարկութեան մասին իր ունեցած համոզումները:

Լեւոն կը մէջբերէ Շելլինկի հետեւեալ խօսքը եւ բացատրական մը կու տայ. «Ի՞նչ բան է այս անօթը.- կ՚ըսէ Շելլինկ, որ իր մէջ կը պարունակէ ամբողջ աշխարհը, ամբողջ երկինքը: Ի՞նչ բան է մոգական այս ամրոցը, ուր սէրն իր հրաշքները կը կատարէ. ամրոց՝ ուր քով քովի են սոսկալին եւ նողկալին, ուրախն ու փառաւորը»: Այդ գանկը Լեւոն կը կոչէ «Որդի բնակարան». որովհետեւ ամբողջ կեանք մը մարդը տանջելէ ետք կը դատապարտուի որդերու բաժին դառնալով անհետանալու. այդ դատարկութեան մէջ է, որ Լեւոն հարցադրումներ կը կատարէ, որովհետեւ ինչպէ՞ս կարելի է կարեւորել գանկը՝ որ օր մը ոչնչանալու կոչուած է: Այս մտածումներով կ՚ուզէ վայրկեան առաջ փշրել իր գանկը՝ զոր կը կոչէ «տանջանքի շտեմարան»: 

Յայտնի փիլիսոփայ Շոփենհաուէր իր գրութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Մահուան ժամանակ մարդ ծանր քունէն արթնցածի պէս կրնայ զգալ»։ Այս մտածումը երջանկութիւն կու տայ Լեւոնին, որովհետեւ կը հաւատայ, որ մահով ո՛չ թէ վերջ պիտի տայ իր կեանքին, այլ պիտի արթննայ աշխարհ կոչուած այս կեղծ միջավայրէն ու կորսուի ոչնչութեան ու անհունին մէջ՝ առանց հետք մը ձգելու: 

Անշուշտ, լուրջ ուսումնասիրութեան առարկայ է. Նար-Դոս իրապէս կեանքը այսպէ՞ս կ՚ընկալէր, թէ այս բոլորը պարզապէս վէպին մէջ ստեղծած հերոսին ներաշխարհն է։ (ատասխանը ինչքան ալ անյստակ ըլլայ, մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ Նար-Դոսի գրած բանաստեղծութիւններէն «Տապանագիր մանկան» խորագրեալ բանաստեղծութիւնը, որ նոյնպէս Լեւոնի նամակին նման մահուան գովքն է, որ կը հիւսէ.

«Ննջի՛ր, մանկիկ դու անբիծ, 
Ննջի՛ր, անմեղ դու տատրակ. 
Ինչո՞ւ ի զուր դու կեանքի 
Պիտ՚ խմէիր դառ բաժակ…
Խաղաղութիւն է տիրում
Այդտեղ փոքրիկ շիրմիդ մէջ. 
Այդտեղ չըկան բանտ, շղթայ, 
Վիշտ, հեծեծանք, հոգս ան վերջ…»

•վերջ

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Արտասահմանի մէջ, ֆիզիքականօրէն սփիւռքացեալ կենսավիճակով ապրող հայ ժողովուրդը ինքն իրեն պէտք չէ թոյլատրէ հոգեկան սփիւռքացում, այսինքն՝ իր հայրենի սեփական, իւրայատուկ աւանդութեանց մէջ անտարբերութեան, անտեսումի ինքնասպան մօտեցում, ամէն գոյնէ, ամէն հովէ, ամէն հոսանքէ անսանձ, դիւրին ազդուելու պատրաստակամ վերաբերում, եւ յանձնառութիւններէ խուսափելու դիւրագնաց կենսընթաց:

ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունուար 21, 2026