«ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆԸ»
Տարօրինակ ձեւով մարդոց մօտ մտաւորական դառնալու, իսկ չկարենալու պարագային մտաւորական ձեւանալու մարմաջը կայ։ Անշուշտ կը հասկնանք, այդ ցանկութիւնը գուցէ աւելի «իմաստուն» երեւելու, հասարակութեան մէջ գոռոզանալու եւ մեծամիտ դառնալու միջոց մըն է, սակայն, մտաւորականութիւնը շա՛տ աւելին է քան այդ «համբաւ»ը: Մտաւորականութեան արժէքը լաւապէս հասկնալու համար աչքի դիմաց ունենանք երկու երեւոյթ. հայոց ցեղասպանութեան նախօրեակին նախ ձերբակալուեցաւ մտաւորականութիւնը. ինչո՞ւ. պատասխանը պարզ է. մտաւորականութիւնը ժողովուրդի մը գիտակցութիւնն է. մտաւորականութիւնն է, որ կը ձեւաւորէ լեզուն, մշակոյթը, ազգային արժէքները, պատմական յիշողութիւնը։ Երբ ժողովուրդին մէջէն վերացնես մտաւորականութիւնը՝ անոր կորուստը ապահոված կ՚ըլլաս, որովհետեւ մտաւորականութիւնն է, որ ունի կազմակերպելու, դիմադրելու եւ պէտք եղած ժամանակ ստեղծելու կարողութիւնը: Երկրորդ օրինակը Խորհրդային Միութիւնն է. կարդացէ՛ք պատմութիւնը եւ պիտի հասկնաք, թէ Խորհրդային Միութեան ղեկավարները ինչպէս իրենց ուշադրութեան կեդրոնը դարձուցած էր մտաւորականութիւնը, որովհետեւ ժողովուրդը ստրկութեան թմբիրէն դուրս բերելու կարողութիւնը ունէր:
Պետութիւններ մտաւորականութենէն կը «վախնան» այնքան՝ ինչքան կը վախնան զէնքէն, որովհետեւ զէնքով ազգ մը իր անկախութիւնը կը պաշտպանէ, սակայն, այդ մէկը ընելու համար պիտի ունենայ գիտակցութիւնը, իսկ այդ գիտակցութիւնը մտաւորականութիւնն է։ Երիտասարդը պատերազմի դաշտ կը մեկնի հայրենասիրական ոգիով, իսկ այդ ոգին մտաւորականութիւնն է, որ կը ստեղծէ:
Մտաւորականութիւնը իւրաքանչիւր երեւոյթի դիմաց կը ստեղծէ «ինչու»ներ եւ «ինչպէս»ներ եւ երբ ժողովուրդին մէջէն վերանայ այդ խաւը ժողովուրդը կը վերածուի ստրուկի: Մտաւորականութիւնն է, որ ազգի մը ինքնութիւնը կը պահէ։ Այս հաստատումը, սակայն, ունի մտահոգիչ կողմեր։ Այս օրերուն կը տեսնենք, թէ մեր ինքնութիւնը վտանգուած է եւ եթէ մտաւորականութիւնն է, որ ինքնութիւնը կը պահէ, ապա լուրջ ձեւով մտաւորականութեան սով ունինք. հեղինակութեան, ազդեցութեան լուրջ սովի դիմաց կը գտնուինք:
Այո՛, այսօր ունինք գրողներ, գիտնականներ, հրապարակագիրներ, համալսարանական երիտասարդութիւն. ունինք մտաւորականի աշխատանքով զբաղող մարդիկ, սակայն, անոնց մտաւորական ըլլալ-չըլլալը հասկնալու համար պէտք է պատասխանել հետեւեալ հարցումներուն.
Ա. Անոնք հասարակութեան մէջ հեղինակութիւն ունի՞ն:
Բ. Անոնց խօսքը, կարծիքն ու մտածումը ուղղութիւն կը դառնա՞յ:
Գ. Ժողովուրդը կը վստահի՞ անոնց:
Եթէ այս երեքէն մէկուն պատասխանը «ո՛չ» է… ապա պէտք է մտածել: Անշուշտ, ուսումնասիրելի հարց է. մտաւորականութիւն չունի՞նք, թէ մտաւորականութեան ու հասարակութեան մէջ կայ կապի խզում: Օրինակի համար, անցեալին՝ նոյնիսկ Խորհրդային Հայաստանի մէջ մտաւորականը քաղաքականութեան մէջ եւս ունէր իր տեղն ու խօսքը. բազմաթի՜ւ գրողներ Ազգային ժողովի ամպիոնէն խօսքեր արտասանած ու որպէս մտաւորական իրենց կարծիքը բարձրաձայնած են։ Մեր օրերուն պետական մակարդակով անտեսուած է նաեւ այդ մէկը. այսօր Հայաստանի պետական գործիչներէն ո՞վ նկատի կ՚ունենայ, թէ ի՛նչ կ՚ըսէ մտաւորականութիւնը։ ի դէպ, մտաւորականութեան անտեսումը ո՛չ թէ մտաւորականին անձին վնաս է, այլ վնաս է ամբողջ ազգութեան, վնաս է հայրենիքին, որովհետեւ քաղաքական գործիչ ըլլալ անպայմանօրէն մտաւորական ըլլալ չի նշանակեր։ Այո՛, մտաւորականութիւն ու քաղաքականութիւն տարբեր բաներ են, քաղաքական գործիչը մտաւորական կրնայ չըլլալ, սակայն, մտաւորականը քաղաքականութենէ լաւապէս կրնայ հասկնալ, որովհետեւ մտաւորական ըլլալ նաեւ հեռատես ըլլալ կը պահանջէ:
Անշուշտ, միւս կողմէ, նկատի պէտք է ունենանք, որ ո՛չ միայն հայ ժողովուրդը, այլեւ ամբողջ մարդկութիւնը մտաւորականութեան եւ մտաւորականութենէն անդին իմաստութեան սովի մէջ է։ Մեր օրերուն իմաստութիւն, գիտութիւն փնտռելը ծաղրի կրնայ արժանանալ, որովհետեւ մարդիկ «ապուշութիւն» կը փնտռեն՝ որովհետեւ մարդոց մէջ տարածուեցաւ այն համոզումը, որ ամէ՛ն մարդ մտաւորական է, ամէ՛ն մարդ իմաստուն է եւ հետեւաբար այլոց կարծիքը անիմաստ աղմուկ մըն է պարզապէս՝ մտաւորականը ինչպիսի չափանիշներու տէր ալ ըլլայ: Այսօր այս յօդուածին լուրջ վերնագիր մը տանք, վստահ կրնանք ըլլալ, որ ո՛չ ոք պիտի կարդայ, սակայն, եթէ «ապուշ» վերնագիր մը դնենք՝ մեծ տարածում պիտի գտնէ. վկայ տարիներ առաջ մեր հրատարակած «Ծիծիկներ» յօդուածը, որովհետեւ մեր օրերուն մարդիկ ապուշութիւն կ՚ուզեն եւ ո՛չ իմաստութիւն:
•վերջ
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Մտաւորականութիւնը ամէն ազգի մէջ հանրային, ընկերային գործօն մըն է, ընկերային դեր մը, առաքելութիւն մը նոյնիսկ: Արդարեւ իր գլխաւոր յատկանիշներէն մէկը հանրային, ընկերային ծառայութիւնն է: Հետեւաբար անհատը՝ որպէսզի մտաւորական ըլլայ, պէտք է, որ նախ օժտուած ըլլայ իմացական բարձր յատկութիւններով: Պէտք է, որ գործածած ըլլայ եւ անընդհատ գործածէ իր ընդունակութիւնները՝ յանգելու համար մշակութային ու քաղաքակրթական բարձր արժէքի մը: Պէտք է, որ ի սպաս դնէ իր իմացականութիւնն ու տաղանդը, իր գիտութիւնը՝ մարդկային կեանքը շահագրգռող որեւէ գործունէութեան մը:
ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան