ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԱՄՕ՛Թ

Եթէ հիմա ըսեմ, հայ մտաւորականը մարմնավաճառէն չի՛ տարբերիր… զարմացա՛ծ պիտի նայիք: 

Յաճախ կան յօդուածներ, որոնք կ՚ուզես գրել, սակայն, որոշ վերապահութիւններ քեզ հեռու կը պահեն այդ յօդուածը գրելէ. կ՚ուզես շատ մը երեւոյթներու մասին խօսիլ, որոշ անուններ յիշել, սակայն, ստիպուած կ՚ըլլաս որոշ սահմաններ նկատի ունենալ, որովհետեւ վերջապէս ամէն հաստատութիւն ու կառոյց ունի իր մօտեցումներն ու համոզումները, որոնք որպէս գրող ստիպուած կ՚ըլլաս յարգել։ Սակայն, մէկ մէկ մարդկային ըմբոստութիւնը գլուխ կը պարզէ եւ կ՚ուզէ նման սահմանները անտեսել՝ պոռթկալու եւ ազատութեամբ արտայայտելու համար այն բոլորը՝ որ հոգին կը փոթորկէ: Գուցէ այդ յօդուածներէն մէկը ըլլայ նաեւ այս մէկը: 

Հայ լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչս հրաշալի հայասէր ու իմաստուն բանաստեղծ մըն էր, սակայն, անոր համար ամէ՛ն մտաւորականներու պարագային երբ մահացած էին՝ անոնց գրպանէն դուրս բերուած էր «չոր հաց ու կտոր մը սոխ»: Անշուշտ, աշակերտ եղած ժամանակ այդ մէկը զուարճանքի նիւթ էր մեզի համար, սակայն, այսօր շատ աւելիով կը հասկնանք ինչ ըսել է մտաւորականի մը անօթի մեռնիլը, մանաւանդ երբ լսելէ աւելի ականատես կը դառնանք: 

Ամիսներ առաջ պատահական ձեւով ձեռքս անցաւ հայ գրող Լեռ Կամսարի Գրողներու միութեան գրած մէկ նամակը, որ անկասկած մինչեւ օրս կարդացած ամենէն ազդեցիկ նամակներէն մէկն էր. աւելի քան կէս դար իր կեանքը գիր-գրականութեան նուիրած մտաւորականը կը գրէր. «Տեսնում եմ, որ ոտներիս մէջ ուժ չկայ: Ուժ չկայ ոչ նրա համար որ 70-ի մօտ հիւանդ մարդ եմ, այլ ուժ չկայ որովհետեւ… քաղցած եմ»։ Այս նամակով հայ մտաւորականը իր անօթութեան կը փորձէր վերջ տալ, ո՛չ թէ հարստանալու համար, այլ պարզապէս իր գոյութեան պայքարը կարենալ շարունակելու: Անշուշտ, եթէ նկատի ունենանք, որ այս նամակը գրուած է տասնամեակներ առաջ, այդքան ալ կրնայ չյուզել ընթերցողը, սակայն, ցաւ ի սիրտ, մինչեւ օրս ականատես կ՚ըլլանք նման դժբախտ երեւոյթներու։ Այսօր Երեւանի մէջ կարելի է գտնել մէկէ աւելի մտաւորականներ, որոնք թշուառութեան մէջ, հակառակ իրենց յառաջացած տարիքին կը փորձեն իրենց վերջին աշխատութիւնները «ծախու» հանել՝ օրուան հացի դրամ ապահովելու համար: Ինչքան ալ ցաւով գրենք այս տողերը՝ պարտինք ըսել, որ անոնց մէջ կան նոյնիսկ արեւմտահայ մտաւորականներ, որոնք Լիբանանի եւ կամ Սուրիոյ մէջ աւելի քան կէս դար ուսուցչութեամբ, թատերգութեամբ, մամուլով, գիր-գրականութեամբ զբաղելէ ետք այսօր գրեթէ «անտեսուած» իրենց գոյութիւնը կը քաշքշեն: 

Առանց քաշուելու կրնանք ըսել, որ նման մտաւորականներ իրենց ամբողջ կեանքը կուսակցական թերթերու, այս կամ այն յարանուանութեան պատկանող դպրոցներու, զանազան միութիւններու պատկանող յարկերու տակ ծառայած ու անձնուիրաբար գործած մարդիկ են։ Վստահաբար, այդ անձերու արժանապատուութիւնն ու եսասիրութիւնը չվիրաւորելու համար անոնց անունը չենք յիշեր, սակայն, միւս կողմէ կ՚ուզենք հարցնել, թէ հայ մտաւորականին անօթութեան մէջ ո՞վ է մեղաւորը. եթէ նկատի ունենանք, որ արեւմտահայ մտաւորականը իր ամբողջ կեանքը անձնուիրաբար տուած է ազգային վարժարաններու բարօրութեան եւ նոր սերունդներու դաստիարակութեան, ինչո՞ւ համար եկեղեցին անտարբեր կը մնայ նման գոհարներու թշուառ վիճակին դիմաց. եթէ նկատի ունենանք, որ ամբողջ կեանք մը ծառայած են կուսակցական այս կամ այն թերթին, այդ կուսակցութիւնները ինչո՞ւ անտարբեր կը մնան. միութիւններ ու հաստատութիւններ ինչո՞ւ անտարբեր կը մնան: 

Այս երեւոյթին դիմաց կը յիշեմ, թէ ինչպէս տակաւին տարի մը առաջ «մարդուժի պատրաստութեան» մասին կը խօսուէր ու կը գրուէր. ահաւասի՛կ մարդուժ մը՝ որ այսօր թշուառութեան մէջ իր գոյութեան պայքարը կը մղէ. ո՞ւր են մարդուժի մունետիկները. իրենց փնտռած մարդուժի վախճա՞նն ալ այս է… թո՛ղ պատասխանեն: 

Թող ամէն կուսակցութիւն, ամէն հաստատութիւն, եկեղեցին եւ բոլորը պահ մը մտաբերեն, թէ ո՛վ իրենց յարկերուն տակ անձնուիրաբար ծառայած, սակայն այսօր ամբողջութեամբ իրենցմէ հեռու, աւելի քան 75-80 տարեկան հասակին կենաց-մահու պայքար կը տանի: Այսօր Երեւանի մէջ ունինք թշուառ մտաւորականներ, որոնք իրենց վերջին հրատարակած գիրքը աննշան գումարի մը դիմաց ծախելու համար «մուրացկանութիւն» կ՚ընեն, հաւատալով, որ իրենք ո՛չ թէ մուրացկաններ, այլ բառին բուն եւ ամբողջական իմաստով սերունդներ դաստիարակողներ են: 

Իրականութեան մէջ մեր ազգին համար մեր մտաւորականները մարմնավաճառէ մը չեն տարբերիր. կը ծափահարուին երբ երիտասարդ են, գովասանքի կ՚արժանանան, սակայն, երբ տարիքը յառաջանայ զանոնք յիշողները գրեթէ կ՚անհետանան: 

Աստուած երկար կեանք տայ թշուառութեան մէջ ապրող մտաւորականներուն, սակայն, երբ իրենց պայքարը վերջ գտնէ, վստահաբար յականէ անուանէ պիտի յիշուի անոնց անունը. պէտք է ազգովի այս ամօթը մտցնել բոլոր կուսակցական պետերու, եկեղեցական գործիչներու, միութիւններու եւ հաստատութիւններու ղեկավարներու աչքերը. պէտք է մտցնել պետութեան աչքը, փաստելու համար այն դժբախտ իրականութիւնը, որ մենք հաւատալով հանդերձ, որ մտաւորականութիւնը կարեւոր է հասարակութեան համար, անտեսումի կը դատապարտենք մեր մտաւորականները… ինչո՞ւ. որպէսզի մահուան օրը անոր մասին մահախօսականներ ու տարի մը ետք յիշատակի կարճ յայտարարութիւն մը հրատարակենք, որ այդպիսով վերջնականապէս թաղենք, արդէն իսկ իր կենդանութեան մահը համտեսող մտաւորականն ու մտաւորականները: 

Թող մարդուժ փնտռողները հին մարդուժերը գնահատել սորվին, որպէսզի նորերը գտնելը շատ աւելի դիւրին ըլլայ, որովհետեւ անոնց ժամանակաւոր «սէր»ը իր օրը մարմնավաճառներու հետ անցնող աննկարագիր մարդէն բանով մը չի տարբերիր: Ինչքա՜ն պիտի ուզէի գրել ձեր անունները՝ որ հայ մտաւորականը «մարմնավաճառ»ի մը պէս օգտագործելով, յառաջացած տարիքին թշուառութեան կ՚առաջնորդէք…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար հայ մտաւորականներ աղքատութեան մէջ մահացած են:

Պատասխան. Հայ մտաւորականներ աղքատութեան մէջ մահացած են, որովհետեւ իրենց գործը, գրականութիւնը, արուեստը եւ գիտութիւնը նիւթապէս չէ գնահատուած: Թէ՛ Խորհրդային Միութեան ժամանակ եւ թէ Հայաստանի պատմութեան մէջ մտաւորական աշխատանքի հանդէպ աջակցութիւնը սահմանափակ եղած է, իսկ հասարակութիւնը ընկղմած առօրեայ գոյատեւման խնդիրներու մէջ, չէ կրցած արժանի պարգեւը տալ մտաւորականութեան: Հայ մտաւորականներ ապրած են նուաստ պայմաններու մէջ եւ նիւթական ապահովութիւնը զոհած են՝ ի նպաստ բարձր գաղափարներու եւ ազգային ինքնութեան պահպանման:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մայիս 21, 2025