ԷՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲՆՈՒԹԻՒՆ

Էութիւնը գոյութեան ներքին բնոյթն է, իսկ բնութիւնը՝ շրջապատող աշխարհը, իսկութիւն։ Այս իմաստով «էութիւն»ը եւ «բնութիւն»ը մէկ են, ինչպէս եւ «մարդկութիւն»ը։ Սակայն էութիւնը երբեմն «անձ»ն է եւ անձը կը յատկանշէ, այն ինչ որ ա՛յստեղ է, այս պահուն՝ ներկա՛յ. իսկ բնութիւնը՝ ո՛չ։

«Աստուած», այս իմաստով էութիւնն է՝ միշտ այստեղ, միշտ այս պահուն, միշտ ներկայ։ Արդարեւ, «աստուած» բառին ստուգաբանութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ ան «աստ» եղածն է, աստ, այսինքն «հո՛ս» եղածը, ներկայ գտնուողը եւ ամէն պահ հոս՝ աստ գտնուածը։ Այս իսկ պատճառով է, որ Աստուած ամէն տեղ է եւ Անոր անունը՝ «Է» կ՚ընդունի։ Ան կատարեալ է, եւ հայերէն այբուբենի «է» տառը կը խորհրդանշէ կատարելութիւնը, քանի որ ան այբուբենի 7-րդ տառն է, եւ 7 թուանշանը կատարելութիւնը կը խորհրդանշէ։

7 թուանշանը կատարելութիւնը կը խորհրդանշէ, քանի որ Էութիւնը բը-նութիւնը ստեղծեց 7 օրուան վերջաւորութեան ամբողջացուց եւ հանգստացաւ։

Արդարեւ, «տեղ»ը՝ միջոցը եւ «ժամանակ»ը՝ պահը մարդկային կեանքին հետաքրքրական եւ թէ առեղծանելի հարցերը եղած են միշտ։ Մարդկային միտքը տակաւին չէ կրցած լուծել «միջոց»ի եւ «ժամանակ»ի հարցերը։

Ուրեմն ի՞նչ է տեղը կամ միջոցը։

«Տեղ»ը՝ մարմինը ընդգրկող է, քանի որ ամէն մարմին տեղով կ՚ընդգրկուի, այսինքն «միջոց» մը պէտք է մարմինին համար։ Այս իմաստով մարմինը ընդգրկող հինգ իրողութիւններ գոյութիւն ունի. քանակը, այսինքն՝ չափը, որակը, այսինքն՝ գոյնը, ձեւը, տեղը եւ բաժանուածութիւնը։

Իւրաքանչիւր տեղ պատահական տեսակէն է. ուստի, մարմնի բաղկացական՝ կազմաւորող տեղը եւ պատահական տեղը տարբեր է։ Բաղկացաղանը այն է, որ մարմնի մասերէն կը գոյանայ՝ ներսը, դուրսը, վերը, վարը եւ շուրջբոլորը։ Քանի որ իւրաքանչիւր մաս «տեղ»ի մէջ իր դիրքը ունի՝ որմէ բաղկացած է ամբողջը։ Իսկ պատահական տեղը այն է՝ ուր նստած մէկը կարող է լքել այն եւ ըլլալ ուրիշ տեղ մը, ինչպէս զոր օրինակ, վերը կամ վարը։

Իսկ անմարմնի համար մարմնական տեղ՝ միջոց չկա՛յ, ինչպէս Աստուծոյ, կամ հրեշտակներու եւ կամ հոգիներու համար, քանի որ անընդգրկելի են։ Նախ պատահական տեղ չունին, թէպէտ ի նշան պատուի «երկինք» կ՚ըսուի, այլ ո՛չ թէ որպէս մարմնական տեղ։ Եւ հասկնալու է անոնց տարբերութիւնը, որովհետեւ հոգին պատուած եւ սահմանաւորուած է մարմնով, բայց ընդգրկուած չէ, իսկ հրեշտակը պատուած չէ մարմնով եւ ո՛չ ալ ընդգրկուած, այլ՝ սահմանաւորուած։

Մինչդեռ Աստուած, որ «ա՛ստ» եւ ներկայ է միշտ, ինչպէս աւելի առաջ ըսուեցաւ, բոլորովին տարբեր է անոնցմէ՝ եզակի, քանի որ ո՛չ սահմանաւորուած, ո՛չ ընդգրկուած, ո՛չ պատուած է որեւէ բանով, ոչ ալ իմացութեամբ, ո՛չ տեղով, միջոցով կամ մարմնով։

Արդարեւ, գոյացութիւնը բնութեան կը պատկանի կամ, ըսենք, ենթակայ է բնութեան, ինչպէս եւ մա՛րդը։ Իսկ ենթադրութիւնը զանազանելին եւ բացորոշ յատկութեամբ չզանազանուողն է, ինչպէս եւ ոմը՝ մարդը որպէս անհատ։

Այս ուղղութեամբ, իսկ «անձ»ը, այսինքն անհատականութիւնը՝ օժտուած իմացականութեամբ, բացորոշ յատկութեամբ հանդերձ զանազանուածն է. ինչպէս եւ Պետրոսը։ Եւ «անձ» կ՚ըսուի միայն ի պատիւ բանական եւ իմացական բնութեան։ Արդարեւ, բացայայտ եւ պարզորոշ է, որ եզակի եւ անհատ-մարդը կը զանազանուի իր յատուկ որակով։

Անհատը կը ճանչցուի քանակով եւ որակով, քանի որ անոնցմով է, որ կ՚երեւի եւ կը յայտնուի «անհատ գոյացութիւն»ը։

«Անձ»ը աստուածաբանական առումով՝ Ամենասուրբ Երրորդութեան դէմքերէն իւրաքանչիւրն է, իսկ իրաւաբանական իմաստով՝ մարդ անհատը՝ իբրեւ իրաւունքի ենթակայ եւ ընդունակ։ «Իրաւաբանական անձ» կ՚անուանուին որեւէ կազմակերպութիւն. հիմնարկութիւն՝ իբրեւ իրաւունքի ենթակայ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 19, 2025, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յուլիս 21, 2025