ԵԹԷ ԿՐՆԱՍ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ…

Ապրահամ Լինքընի նամակին մէջ որոշ տեղեր կը տեսնենք կրկնութիւններ. օրինակի համար, իր նամակին շարունակութեան մէջ կ՚ըսէ. «Սորվեցուր նաեւ, որ իւրաքանչիւր լկտիի դիմաց կայ մի հերոս եւ իւրաքանչիւր խարդախ քաղաքական գործիչի դիմաց կայ նուիրուած առաջնորդ», սակայն նկատի ունենալով, որ այս նոյն մտածումներն ու գաղափարները արդէն իսկ նախապէս վերլուծած ենք, զանց ընելով կ՚անցնինք միւս նախադասութեան: 

«Սորվեցուցէք անոր, որ դպրոցին մէջ անյաջողութիւն կրելը շատ աւելի պատուաբեր է, քան խարդախութեան դիմելը»: Իրականութեան մէջ այս մէկը առաքինութիւն մը սորվեցնելու պահանջ մըն է: Նախապէս խօսեցանք, որ վախը պատճառ կը դառնայ, որ դպրոցի մէջ աշակերտներ շատ անգամ դաստիարակուելու եւ կամ գիտութիւն դիզելու փոխարէն լոկ նիշի ու գնահատականի համար կը պայքարին եւ այդ պայքարին մէջ ձախողելու վախն է, որ աշակերտները կ՚առաջնորդէ խարդախութեան, որովհետեւ խարդախութեան ճամբով անոնք բարձր նիշեր ապահովել կը ջանան՝ բան մը սորվելու փոխարէն: Լինքըն կ՚ուզէ իր զաւկին սորվեցնել, որ ազնուութիւնն ու բարոյական նկարագիրը շատ աւելի արժէքաւոր է մարդկային կեանքին մէջ՝ քան զարտուղի միջոցներով ձեռք բերուած յաջողութիւնը: 

Մարդկային կեանքին մէջ շատեր կը կարեւորեն յաջողութեան հասնիլն ու չհասնիլը, սակայն ուրիշներ՝ ինչպէս օրինակ Ապրահամ Լինքըն, կը կարեւորեն, թէ ի՞նչ միջոցներով ձեռք բերուած է այդ յաջողութիւնը, որովհետեւ խարդախութեամբ ձեռք բերուած յաջողութիւնը ժամանակաւոր յաջողութիւն մըն է եւ այս երեւոյթը բացատրենք այսպէս: Պատկերացուցէք դեղագործութիւնը բարձրագոյն նիշերով աւարտած աշակերտ մը, որ իրականութեան մէջ դեղագիտութեան մասին բան չի գիտեր. անդին շատ աւելի համեստ նիշերով շրջանաւարտ մը, որ լաւապէս կը տիրապետէ նիւթին. այս պարագային որպէս արդիւնք ո՞վ աւելի յաջողակ կարելի է նկատել: Այդ իսկ պատճառով, Լինքըն կը կարեւորէ, որ աւելի լաւ է, որ իր զաւակը ճակատաբաց ձախողութիւն արձանագրէ՝ քան խարդախութեամբ յաջողութիւն, որովհետեւ խարդախութեամբ յաջողողը սրբագրելու չի՛ նայիր, մինչ ձախողողը կրնայ դարձեալ ամրապնդել ինքզինք եւ պայքարելով ձախողութիւնը կրնայ փոխարինել յաջողութեամբ: Կեղծ յաջողութիւնը նման է այն մարդուն, որ իր վիզին կը դնէ կեղծ ոսկի, որ կրնայ ուրիշներու ուշադրութիւնը գրաւել, սակայն երբեք չ՚ունենար ոսկիին արժէքը: 

Փիլիսոփայութիւնը կը հաւատայ, որ կրթութեան նպատակը բարձր գնահատականներ ստանալը չէ. ուսումը պէտք է մարդուն մէջ բնաւորութիւն կերտէ եւ այդ մէկը մարդուն մէջ որոշ սկզբունքներ կը յառաջացնէ. իր յաջողութիւնը խաբող անձ մը, ի վիճակի է մի՛շտ խաբել: Աշակերտը պէտք է այդ անկեղծ նկարագիրը ձեռք բերէ, որովհետեւ սկզբունք ձեռք բերելը իրականութեան մէջ շա՜տ աւելի կ՚արժէ, քան թուղթի մը վրայ գրուած նիշը: Դպրոցը, ինչպէս լսած ենք, ՄԱՐԴ կը պատրաստէ եւ այդ մարդու պատրաստութիւնը նկարագիր պէտք է ձեռք բերէ եւ ո՛չ թէ լաւ նիշ: Ցաւ ի սիրտ, մեր դպրոցները մինչեւ այսօր ունին այդ խնդիրը՝ հասկնալու համար, որ լաւ նիշերով աշակերտներ չենք ուզեր. լաւ նկարագիրով մարդիկ կ՚ուզենք, որովհետեւ լաւ նկարագիր ունեցողը լաւ ընտանիքի մը հիմքը պիտի դնէ եւ այդ սրբազան արժէքները պահէ իր ընտանեկան կեանքէն ներս, մինչ լաւ խարդախութեամբ ձեռք բերուած յաջողութիւնը միայն ու միայն խարդախութիւններու պիտի առաջնորդէ մարդը: 

Մարդկութիւնը պէտք է հասկնայ, որ ձախողութիւնը մարդուն տխրութիւն պէտք չէ պատճառէ. անկեղծ ձախողութիւնը մարդուն մէջ կը յառաջացնէ սեփական անձի հանդէպ յարգանք, դիմադրողականութիւն եւ առողջ մտածելակերպ: Խաբէութեամբ ձեռք բերուած յաջողութիւնը արտաքին գնահատանք կը բերէ, մինչ ձախողութիւնը ներքին հպարտութիւն կը ստեղծէ, որովհետեւ ձախողութիւնը աւարտ մը չէ, այլ առիթ՝ վերսկսելու եւ այս անգամ յաջողութիւնը առանց խաբէութեան՝ սեփական ուժով ձեռք բերելու: Խարդախութեամբ յաջողութիւն ձեռք բերելը ինքնախաբէութիւն է եւ այդ մէկը ինչքան ալ սկզբնական շրջանին հպարտութիւն ստեղծէ մարդուն մօտ, ժամանակ մը ետք ինքնութեան երկուութեան մը դիմաց պիտի դնէ զինք: 

Մարդու դաստիարակութեան մաս կը կազմէ ձախողութեան ընդունումը. այն անձը, որ չի կրնար ձախողութիւնը ընդունիլ՝ չի կրնար յաջողիլ, որովհետեւ այդ ձախողութիւնը ընդունիլը եւս յաջողութեան մէկ մասն է: Ձախողութիւնը ընդունիլը մարդուն մէջ կը ստեղծէ հասունութիւն եւ քաջութիւն: Այդ մէկը կը տեսնենք մարզական մրցումներու ժամանակ. խումբ մը այսօր կը ձախողի, սակայն մի քանի տարի ետք կը յաջողի ձեռք բերել յաջողութիւնը, որովհետեւ ձախողութիւնը ո՛չ թէ յուսահատութեան, այլ դարձեալ վերապատրաստուելու առիթ կու տայ: 

Առ այդ, Լինքըն կ՚ուզէ, որ իր զաւակը ձախողութիւնը ընդունի որպէս յաջողութիւն, որովհետեւ հիմնական ձախողութիւնը խաբէութեամբ ձեռք բերուած յաջողութիւնն է: Ուսուցիչը պէտք է իր մէջ սերմանէ առաքինութիւն, որ ամբողջ կեանք մը իր զաւկին հետ պիտի ըլլայ. նիշերը աշակերտին կեանքին մէջ ժամանակաւոր են. այսօր մեզմէ ո՞վ կը յիշէ իր 5-րդ կամ 6-րդ դասարանի նիշերը... նիշը կը կորսուի, սակայն նկարագիրը յաւիտեան կը մնայ. առ այդ նիշի փոխարէն սկզբունք ու նկարագիր պէտք է տալ աշակերտին:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Խարդախութեամբ դասարանի մէջ յաջողիլը ի՞նչ վնասներ կը պատճառէ:

Պապատասխան. Խարդախութեամբ դասարանի մէջ յաջողիլը ուսանողին մօտ կը յառաջացնէ հոգեբանական, բարոյական եւ կրթական վնասներ: Երբ մարդ խարդախութեամբ յաջողութիւն ձեռք կը բերէ, ինքնաբերաբար կը վարժուի ոչ-ազնիւ միջոցներով յաջողութիւն ձեռք բերելու եւ առ այդ կը կորսնցնէ իր ինքնավստահութիւնը եւ իրական կարողութիւնները զարգացնելու փոխարէն կը զարգացնէ խաբէութեան ունակութիւնը: Այս վարքագիծը կրնայ շարունակուիլ կեանքի այլ ոլորտներու մէջ եւս: Խարդախութեամբ ձեռք բերուած յաջողութիւնը մակերեսային է եւ խոր գիտելիք չի տրամադրեր, ինչ որ կենսական է ապագայ զարգացման համար:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յուլիս 22, 2025