ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ ՄԱՏԵԱՆԻ ՆԵՐՇՆՉՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐԸ
Ինչպէս Նոր կտակարանին համար, Հին կատակարանին գիրքերու ներշնչութեան մասին կը գտնուին դրական ապացոյցներ՝ որոնք նոյնիսկ մատինագիրներուն վկայութիւններն են։ Մովսէս կը պատմէ, թէ երբ Տէրոջմէ ղրկուեցաւ Իսրայէլի որդիներուն, Աստուած սապէս պատուիրեց անոր. «Ուստի գնա՛ հիմա, եւ ես քու բերնիդ հետ պիտի ըլլամ, եւ քեզի պիտի սորվեցնեմ ինչ որ պիտի խօսիս». (ԵԼՔ. Դ 12)։ Դարձեալ, իր կեանքի վախճանին մօտ, երբ նոյն Իսրայէլի ժողովուրդին կ՚աւանդէր օրէնքները եւ կարգադրութիւնները՝ որոնք Աստուծմէ ընդունած էր, սապէս խօսեցաւ անոնց. «Ահա ձեզի կանոններ եւ դատաստաններ սորվեցուցի, ինչպէս որ իմ Տէր Աստուածս ինծի պատուիրեց, որ զանոնք ի գործ դնէր ան երկրին մէջ, ուր որ պիտի մտնէք ժառանգելու համար». (Բ ՕՐ. Դ 5). իսկ Դաւիթ կ՚ըսէ. «Տէրոջը Հոգին ինձմով խօսեցաւ, եւ Անոր խօսքը իմ լեզուիս վրայ էր». (Բ ԹԳ. ԻԳ 2)։
Երեմիա կու տայ ճիշդ նոյն վկայութիւնը. «Եւ Տէրը իր ձեռքը երկնցուց եւ իմ բերնիս դպաւ. եւ Տէրը ինծի ըսաւ.- Ահա իմ խօսքերս քու բերանդ դրի». (ԵՐԵՄ. Ա 9)։
Գրեթէ բոլոր մարգարէներուն գիրքերը այնպիսի կերպով կը սկսին, որ յայտնի կ՚երեւի, թէ մարգարէներ կը նկատէին իրենց գրուածները ոչ իբրեւ իրենց, այլ՝ իբրեւ Տէրոջը խօսքերը. «Լսէ, ո՛վ երկինք, եւ ականջ դիր, ո՛վ երկիր, վասնզի Տէրը կը խօսի». (ԵՍ. Ա 2)։ «Երեմիային խօսքերը, որ անոր՝ Տէրոջը խօսքը եղաւ». (ԵՐԵՄ. Ա 1-2)։ «Ովսէին միջոցովը եղած Տէրոջը խօսքին սկիզբը։ Եւ Տէրը ըսաւ. Ովսէին», եւ այլն. (ՈՎՍ. Ա 2)։ «Տէրոջը խօսքը որ… Միքիային եղաւ, եւ Սամարիայի եւ Երուսաղէմի վրայով անոր յայտնուեցաւ». (ՄԻՔ. Ա 1)։
Բայց ուրիշ վկայութիւն եւս կը գտնուի ցուցնող, թէ Հին կտակարանի գրուածները Աստուածաշունչ են, այն է՝ Քրիստոսի եւ Անոր առաքեալներուն վկայութիւնը։ Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս շարունակ այնպիսի կերպով կը խօսի Հին կտակարանի գիրքերու վրայ, որ յայտնի կը ցուցնէ, թէ աստուածային ազդեցութեամբ գրուած են անոնք։ Ան կը հաստատէ, թէ հարկ է, որ այն գրուածներուն ոչ միայն ընդհանուր գաղափարը, այլ եւ իւրաքանչիւր բառը կատարուի. «Մինչեւ որ երկինք եւ երկիր անցնին, օրէնքէն յովտ մը կամ նշանագիր մը պիտի չանցնի, մինչեւ որ բոլորն ալ կատարուի». (ՄԱՏԹ. Ե 18)։
Սուրբ Գիրքի մէջ գործածուած խօսքերուն համար կ՚ըսէ, թէ «աստուածային հեղինակութիւն» ունին. զոր օրինակ, երբ հրեաներ իբրեւ հայհոյիչ դատապարտեցին զԱյն, որովհետեւ ըսաւ. «Որդի Աստուծոյ եմ», Ան ցուցուց իրենց Սրբազան Գիրքերէն, թէ Աստուած անունը տրուած է հրեաներուն դատաւորներուն եւ իշխաններուն. ուստի ե՛ւս առաւել կրնար նոյն անունը առնել Ինքը՝ զոր Հայրը սրբեց եւ աշխարհ ղրկեց. (ՅՈՎՀ. Ժ 34-36)։
Եւ որովհետեւ կրնային առարկել, թէ «Աստուած» բառը անյարմար կերպով գործածուած է յիշեալ դէպքերուն մէջ, կ՚աւելնայ. «Կարելի չէ որ ան գրուածը աւրուի», այսինքն, թէ այն բառը Սուրբ Գիրքի մէջ այնպէս գործածուած ըլլալով՝ պէտք է, որ յարմարութեամբ գործածուած համարուի. ուրիշ խօսքով, ուզեց ըսել, թէ աստուածային ազդեցութեամբ գրուած բառ ըլլալով՝ չի կրնար մերժուիլ, ոչ իսկ կարելի է առարկութիւն ներկայացնել անոր դէմ։
Պետրոս առաքեալ յայտնապէս կ՚ըսէ, թէ «Աստուծոյ սուրբ մարդիկը» (այսինքն մարգարէներ) «Սուրբ Հոգիէն շարժուած խօսեցան». (Բ ՊԵՏ. Ա 21), եւ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ Հռոմի հրեաներուն. «Հոգին Սուրբ աղէկ խօսեցաւ մեր հայրերուն՝ Եսայի մարգարէին ձեռքովը…». (ԳՈՐԾՔ. ԻԸ 25)։
Այս առաքեալներուն միտքը յայտնապէս սա է, թէ Հին կտակարանի նախնական մատինագիրները՝ իրենց գրութիւններուն մէջ այնպէս առաջնորդուած էին Սուրբ Հոգիէն, որ պէտք է իբրեւ «Սուրբ Հոգիին խօսքերը նկատել» անոնց գրուածները։
Ուստի Հին եւ Նոր կտակարաններուն գիրքերը հարազատ եւ անեղծ օրինակներ են եւ ունին աստուածային հեղինակութիւն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 21, 2025, Իսթանպուլ