ԲԱՐԵԿԱՄԻՆ ՎԱՐԴԸ ԹՇՆԱՄԻԻՆ ՔԱՐԸ
Բարեկամութիւնը՝ թշնամութեան հականիշ վիճակ մըն է՝ հակադիր երկու կացութիւն։ Բայց կեղծ եւ կարծեցեալ բարեկամութիւնը թշնամութեան մերձիմաստ է եւ նոյնիսկ աւելի՛ն։ Այս իմաստով անկեղծ եւ ճշմարիտ բարեկամը՝ սրտակից է, մտերիմ, սիրող եւ համակիր, ընդհանրապէս՝ միշտ բարի՛ք կամեցող։
Բարեկամը կը գերազանցէ ամէն մարդկային յարաբերութիւն, մինչեւ իսկ արենակցութիւն, եղբայրութիւն։ Հազուադէպ ալ ըլլայ իրար ատող, իրարու հանդէպ չարամիտ արենակիցներ, եղբայրներ կրնան գտնուիլ, բայց օտարներ կրնան բարեկամութեան ամուր կապով կապուած ըլլալ իրարու անկեղծութեամբ եւ հաւատարմութեամբ՝ սիրով եւ բարեմտութեամբ։
Յիսուս իր աշակերտները «բարեկամ» կը կոչէ երբ կ՚ըսէ. «Դուք իմ բարեկամներս էք, եթէ գործադրէք ինչ որ կը պատուիրեմ ձեզի։ Այլեւս ձեզ ծառայ չեմ կոչեր, որովհետեւ ծառան չի գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ընէ իր տէրը, այլ՝ ձեզ բարեկամ կոչեցի, որովհետեւ ի՛նչ որ Հօրմէն լսեցի՝ ձեզի յայտնեցի». (ՅՈՎՀ. ԺԵ 14-15)։
Եւ դարձեալ մեծագոյն եւ գագաթնակէտ սէրը Յիսուս կը յարաբերէ բարեկամութեան եւ երբ կ՚ըսէ. «Մեծագոյն սէրը այն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար». (ՅՈՎՀ. ԺԵ 13)։ Ուստի, բարեկամութիւնը, անկեղծ եւ ճշմարիտ սիրոյ արտայայտութի՛ւնն է։
Բարեկամութիւնը իր հանգամանքով շատ դիւրաբեկ եւ նրբին վիճակ մըն է. երբ ամենափոքր փոփոխութիւն մը կրէ, կը կորսնցնէ իր հանգամանքը, եւ բոլորովին հակամակ վիճակի հանգամանք մը կը ստանայ։ Մէկ խօսքով՝ բարեկամութիւնը կը վերածուի չարակամութեան, իսկ բարեկամը՝ թշնամիի։ Եւ կեղծ, կարծեցեալ «բարեկամ»ը շատ աւելի վտանգաւոր եւ վնասակար է, քան անկեղծ թշնամին։ Ճիշդ այս կէտին՝ իմաստալից է ժողովրդական իմաստութեան սա արտայայտութիւնը. «Երբեմն բարեկամին նետած վարդը հարուածի կը վերածուի եւ ցաւ կը պատճառէ եւ կը վիրաւորէ, քան թշնամիին արձակած քարը»։
Յաճախ կը խորհիմ, թէ մարդ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին քանի՞ բարեկամ կ՚ունենայ։ Երանելի՜ է այն մարդը՝ որ կեանքին մէջ մի քանի «բարեկամ» ունեցած է։ Արդարեւ, ամէն բարեկամ բառին իսկական իմաստով «բարեկամ» չէ՛։ Ողջախոհութեան եւ այլ առաքինութիւններու բարեմասնութիւնը կը հաստատուի եւ կը ծաղկի, կ՚աճի բարեկամութեան մէջ։ Ան ցոյց կու տայ աշակերտին ինչպէ՛ս հետեւիլ եւ նմանիլ Անոր՝ որ մեզ ընտրեց իբր Իր յատուկ բարեկամները։ Ինքզինք մեզի ամբողջովին տալէն ետք մեզ մասնակից կ՚ընէ Իր աստուածային վիճակին։ Ողջախոհութիւնը կ՚արտայայտուի մա՛նաւանդ բարեկամութեան մէջ մերձաւորին հետ։ Եւ այս իմաստով, մարդոց միջեւ մշակուած «բարեկամութիւն»ը բոլորին համար մեծ բարիք մը կը հանդիսանայ։ Ան կ՚առաջնորդէ հոգեւոր հաղորդութեան։ Սէրը՝ յօդը, կապն է բարեկամութեան։ Անոր ազդեցութեան ներքեւ, բարեկամութիւնը կը յայտնուի իբրեւ դպրոց մը ինքնանուիրումի, զոհաբերութեան։
Ինքնատիրացումը ուղղուած է ինքնանուիրումին։
Բարեկամութիւնը զինք կիրարկողը կ՚առաջնորդէ մերձաւորին մօտ վկան դառնալու Աստուծոյ հաւատարմութեան եւ գուրգուրանքին։
Եւ որքան մասնակցինք Քրիստոսի կեանքին եւ յառաջդիմենք Անոր բարեկամութեան մէջ, այնքա՛ն Իրմէ կը խզուինք եւ զերծ կը մնանք ամէն վտանգէ եւ ընդհանրապէս «չար»էն։ Եւ երբ կ՚աղօթենք՝ մեր խօսքը կ՚ուղղենք մարդոց Բարեկամի՛ն։
Մարդ իր անհնազանդութեամբ Բարեամի՛ն՝ Աստուծոյ բարեկամութիւնը կորսնցուց, բայց Բարեկամը չի լքեր զԻնք մերժողները եւ բազմացուց ուխտերը մարդոց հետ։ Արդարեւ, սիրոյ, բարեկամութի՛ւնն ալ Աստուածոյ էական հանգամանքն է, եւ երանելի՜ է այն մարդը՝ որ բաերկամութեամբ կը նմանի Աստուծոյ։ Իսկ կեղծ եւ կարծեցեալ բարեկամութիւնը՝ որ համազօր է չարակամութեան, մարդս կը հեռացնէ Աստուծմէ։
Աստուած մարդը ստեղծեց բարեկամութեան կոչումով, բայց մարդը անհնազանդ գտնուեցաւ եւ ընդհանրապէս մերժեց այդ կոչումը, տակաւին մարդուն այդ մերժումը կը շարունակուի, եւ այդ իսկ պատճառով կը պատահին ընտանեկան եւ ընկերային չարութիւններ։ Հոն՝ ուր իսկական եւ անկեղծ բարեկամութիւն չկայ, հոն տիրական կը հանդիսանայ «չա՛ր»ը, եւ այլեւս չհարցնենք, թէ ինչո՞ւ չարութիւն կայ աշխարհի վրայ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 20, 2025, Իսթանպուլ