Ի՞ՆՉԻ ԵՒ ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ՍՊԱՍԵՆ

Կ՚ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր ժողովուրդը յագեցած է խոստումներէն, որովհետեւ բոլոր այն խոստումները, որոնք այսօր կը բարձրաձայնուին այս կամ այն բեմին վրայէն՝ ժողովուրդի մը ճշմարիտ խնդիրները չե՛ն հետապնդեր: Անշուշտ, խոստումները երբեք պիտի չդադրին հնչելէ՝ որովհետեւ ժողովուրդը միշտ ու միշտ պիտի շարունակէ յուսալու մէջ ըլլալ՝ ակնկալելով որոշ փոփոխութիւններ, որոնք զինք հասցուցած են խոր հիասթափութեան: Սակայն ժողովուրդը լաւապէս հասկցած է, որ այն խոստումները, որոնք կը լսուին՝ բխած են լոկ սեփական շահամոլութենէ:

Կը փորձեմ աչքէ անցընել նախընտրական քարոզարշաւները եւ այդտեղ կը գտնեմ տարօրինակութիւններ. կողմերէն մէկը կ՚ըսէ. «Եթէ մեզ ընտրէք, Երեւանը կը ծաղկեցնենք»։ Կը մտածեմ, որ նման յայտարարութիւններ ըրած ժամանակ մարդիկ երբեք ամօթ չե՞ն զգար: Եթէ դուն իրապէս կը սիրես Երեւանը, ինչո՞ւ համար սպասես պաշտօնի անցնիլ եւ ապա ծաղկեցնես զայն. այս բոլորին ետին կայ անմարդավայել հետեւեալ մտածումը. եթէ այսօր Երեւանը ծաղկեցնենք, կրնայ ըլլալ անոր գովասանքը ստանայ ներկայ ղեկավարութիւնը եւ հետեւաբար այդ «հաճոյք»ը անոնց չպատճառելու համար չենք ծաղկեցներ Երեւանը՝ մինչեւ պաշտօնի վրայ չգտնուինք. հիմա հարց. ձեր դատողութեամբ այս անձը Երեւա՞նն է, որ կը սիրէ՝ թէ ոչ պաշտօնը: 

Ուրիշ մը կ՚ըսէ. «Եթէ մեզ ընտրէք, նոր աշխատատեղեր պիտի ստեղծենք». եթէ նոր աշխատատեղեր ստեղծելու կարողութիւնը ունիք, ինչո՞ւ կը սպասէք անպայմանօրէն պաշտօնի անցնիլ. վերջապէս աշխատատեղի ստեղծելը ո՛չ թէ ներկայ ղեկավարութեան, այլ ժողովուրդին համար բարիք պիտի ըլլայ եւ եթէ ձեզի համար պաշտօնէն աւելի առաջնահերթ է ժողովուրդը, ապա ինչո՞ւ կը սպասէք, գործեցէ՛ք ազատ ու ձեր գործը մեծագոյն վկան կ՚ըլլայ ձեր նպատակներուն եւ, բնականաբար, ժողովուրդը կը գնահատէ այդ մէկը: 

Արեւելեան իմաստութեան մէջ կայ յայտնի խօսք մը, որ կ՚ըսէ. «Խոստումներ տալը քամու նման է. դիւրին է տալ, դժուար՝ պահել». մեր կուսակցութիւնները՝ որոնք ընտրական պայքարներու մէջ են, այս խօսքին ամբողջական մարմնաւորումն են. նոյնիսկ հին փիլիսոփայութեան մէջ դատապարտուած էր անիմաստ ու անհիմն խոստումներ տալը, որովհետեւ խոստում տալը մարդոց մէջ հիասթափութիւն կը ստեղծէ եւ ներքին հիասթափութիւնը իրականութեան մէջ արտաքին թշնամիէն շատ աւելի վտանգաւոր է. երբ ժողովուրդը կը վստահի ղեկավարութեան, արտաքին վտանգներէն չի՛ վախնար՝ վստահ ըլլալով, որ ունի իշխանութիւն, որ պատրաստ է ժողովուրդի շահերը ամէն գնով պաշտպանելու. սակայն, ժողովուրդը իր ղեկավարութեան հանդէպ հիասթափութիւն ունի՝ այդ ազգը պարտութենէ բացի ուրիշ բան չի կրնար ունենալ: 

Յայտնի գրող Ժան Ժաք Ռուսօ ղեկավարութեան կողմէ տրուած խոստումները կը նմանեցնէ ամպերու, որոնք որոշ ժամանակ երկինքին մէջ կը մնան՝ սակայն ետքը կ՚անհետանան եւ նոյն այդ իրավիճակն է, որ կ՚ապրի այսօր հայ ժողովուրդը իր բոլո՛ր ղեկավարներուն կողմէ. օրինակի համար, Երեւանի քաղաքապետը ընտրութեան ժամանակ կը յայտարարէր, թէ պիտի ընէ այն՝ ինչ որ ժողովուրդը կ՚ուզէ. այլ խօսքով՝ պիտի բաւարարէ ժողովուրդին պէտքերը. ընտրուելէ ետք ըրաւ ճիշդ հակառակը. Երեւանի քաղաքապետի տուած որոշումներէն ո՞ր մէկը ժողովուրդի կարիքներուն համապատասխան էր. «ասէ՛ք անենք» լոզունգը ի յայտ բերող ներկայ ղեկավարութիւնը ինչո՞ւ չ՚ըներ այն՝ ինչ ժողովուրդը կ՚ուզէ այսօր:

Ի դէպ, կրնանք վստահ ըլլալ, որ նման անտրամաբանական քաղաքական վիճակ մը նոր ի յայտ չէ եկած է. մարդկային պատմութեան ընթացքին մի՛շտ ալ եղած է խոստումը եւ անոր յաջորդող յուսախաբութիւնը։ Քաղաքականութեան մասին շատ հին ասացուածք մը կ՚ըսէ. «Կը խոստանան աստղեր, սակայն կու տան փոշիներ»:

Շատերու համար գուցէ այս մէկը «մեղք» թուի, սակայն մինչեւ այսօր՝ 32 տարեկան հասակիս ո՛չ մէկ ընտրութեան մասնակցած եմ. երբեւէ չեմ քուէարկած, որովհետեւ բոլոր արշաւը որ տեղի կ՚ունենայ, իրականութեան մէջ սեփական շահի, սեփական հարստութեան ու պաշտօնի պայքար մըն է՝ որուն կոյր հետեւորդը կ՚ըլլայ ժողովուրդը. Սակայն, տարօրինակ է, որ ժողովուրդը երբեք խելքի չի գար. ամէն անգամ նոյն եւ կամ գուցէ նոր խոստումներ կը լսէ, կը փորձէ հաւատալ, սակայն, յուսախաբ կ՚ըլլայ. բայց դարձեալ մի քանի տարի ետք նոյն խոստումներով առաջնորդուելով դարձեալ կը հաւատայ եւ ամբողջ կեանք մը այսպէս յուսալու եւ հիասթափուելու մէջ կ՚անցընէ: 

Արդեօք պիտի ըլլա՞յ ժամանակ, որ մեր ժողովուրդը հասկնայ, որ ազգային խնդիրները խոստումներով կարելի չէ լուծել. այն անձը՝ որ կը սիրէ իր հայրենիքը, իր կարելին պարտի ընել՝ նոյնիսկ եթէ պաշտօնի վրայ չի գտնուիր, որովհետեւ այդ իրագործումին նպատակը պէտք է ըլլայ ազգը դէպի բարօրութեան առաջնորդել եւ ո՛չ թէ ծափահարութիւն ակնկալել: 

Խոստումներու թատերգութիւնը կայ ու պիտի շարունակուի. այստեղ տեղին է յիշել Չըրչիլի խօսքերէն մէկը. «Քաղաքականութիւնը արուեստն է առանց բան մը ընելով շատ խօսելու։ Ճշմարիտ ղեկավարը այն է, որ խօսքէն կ՚անցնի գործի»։ Մեր հայ ղեկավարները կը սիրեն նախ խօսիլ եւ ապա մտածել, թէ կ՚արժէ՞ գործել թէ ոչ. կը խոստանամ քուէարկել այն անձին՝ որ նախ կը գործէ եւ ապա կ՚որոշէ խօսիլ եւ կարծեմ առանց քուէ տալու օր մը հողը պիտի մտնեմ: 

Հետեւաբար, մեզի պէտք են գործիչներ, որոնք խօսելէ աւելի գործել գիտեն։ Մեր ներկայ ղեկավարութիւնը լաւ խօսիլ գիտէ… եւ մեզի խօսողներ պէտք չեն:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ղեկավարութիւնը ինչո՞ւ կը խաբէ իր ժողովուրդը:

Պատասխան. Ղեկավարութիւնը ժողովուրդը յաճախ կը խաբէ, որովհետեւ կ՚ուզէ իր իշխանութիւնը պահել եւ հանրային աջակցութիւն ապահովել եւ այս ձեւով համակարգի մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրները ծածկել: Խաբէութիւնը կրնայ ըլլալ տալով սուտ խոստումներ, որոնք երբեք իրականութիւն պիտի չդառնան, կամ ներկայացնելով տուեալներ, որոնք աւելի նպաստաւոր տեսք ունին: Ղեկավարներ կը նախընտրեն կեղծ ու սխալ տեղեկութիւններ տարածել՝ մտածելով, որ այդ մէկը կը պահպանէ հասարակական կարգը եւ բարձր կը պահէ իրենց քաղաքական վարկանիշը, սակայն, նման պահուածք միշտ աւելի կը վնասէ եւ անվստահութիւն կը յառաջացնէ ժողովուրդին մօտ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2025