ԿԱՏԱՐԵԼՈՒԹԻՒՆ
Մարդիկ, ընդհանրապէս որքան գոհ են իրենց անհատական առաւելութիւններէն եւ գործերէն, նո՛յնքան դժգոհ են հաւաքական կեանքի գործունէութենէն, եւ որքան թոյլատու եւ ներողամիտ են իրենց անձնական տկարութիւններու, թերութիւններու եւ անկատարութիւններու համար, նո՛յնքան աններող եւ բուռն քննադատներ կը դառնան պատասխանատու անձերու եւ պաշտօնական մարմիններու հանդէպ։
Մարդիկ, այսպէս, գոհ են իրենց կեանքէն, իրենց անձէն, իրենց արարքներէն, այնքան որ չեն հանդուրժեր որեւէ քննադատութեան այս մասին։ Բայց անոնք դժգոհ են ուրիշներու ընթացքէն եւ գործունէութիւններէն։ Ուստի եւ իրենք զիրենք միշտ իրաւացի կը նկատեն։ Եւ սակայն, եթէ այս իրողութիւնը իր շրջուած ձեւով ներկայանայ, թէ՛ իրենց անձերուն եւ թէ իրենց պատկանած հաւաքականութեան, ընկերութեան զարգացումը, բարիքը եւ օգուտը քառակուսի համեմատութեամբ կ՚աճին։
Արդարեւ, մարդոց համար կատարելութիւնը գրեթէ անհնարին կը թուի. կատարելութիւն նշմարելը կարճատեսութիւն մըն է, չըսելու համար «կուրութիւն», որ ահաւոր պատասխանատուութիւն մը կը հրաւիրէ, երբ կը տեսնուի ծնողներու եւ դաստիարակներու վրայ մանաւանդ։ Շատեր ալ, երբեմն սնափառ եւ կարճամիտ ծնողներ, որոնք իրենց զաւակը կը ներկայացնեն իբրեւ ամենէն հանճարեղ եւ սրամիտ տղան եւ դպրոցին ամենէն յառաջադէմ աշակերտը, որ նոյնիսկ ուսուցիչէն աւելի՛ խելացի՝ անոր սխալներն իսկ կը սրբագրէ։
Եւ այս բոլոր փքուռոյց՝ պարապութեամբ ուռած եւ ճոռոմ յայտարարութիւնները կը կատարուին իրենց զաւկին ներկայութեան՝ առանց որեւէ վերապահումի։
Ուրիշներ ալ, ինչպէս կարելի է նկատել կեանքի ընթացքին մէջ, դաստիարակներ, տնօրէններ իրենց առջեւ կանգնած շրջանաւարտները հանրութեան ներկայացուցած են իբր ուսեալներ, որոնց լեզուներուն եւ գիտութիւններուն մէջ ստացած լիակատար պաշարը կը դնէ զանոնք այն բարձր մակարդակին վրայ՝ ուր դիւրաւ պիտի կարենան մրցիլ ոեւէ անձի հետ, եւ գերազանցել զանոնք եւ յաջողութիւններ ձեռք ձգեն։
Եւ զարմանելիօրէն, քիչ կը մնայ որ անոնք իրենց զաւակները բաղդատեն հեղինակաւոր եւ նշանաւոր ուսուցիչներու եւ դաստիարակներու հետ։ Միամի՛տ ծնողներ եւ անփորձ դաստիարակներ, որոնք գուցէ այդ պանծացումներով իրենց անպատասխանատուութիւնը, անգիտակցութիւնը, եւ մինչեւ իսկ «ունայնամտութիւն»ը գոհացնել կը միտին եւ անոնց վրայ իրենց շռայլած գովեստներէն իրենց վրայ ալ պատիւի եւ փառքի կաթիլներ թափուած տեսնելու մարմաջը ունին։
Բարեբախտաբար, զաւակներ, յաճախ իրենց ծնողներէն խելահաս եւ գիտակից, եւ աշակերտներ իրենց դաստիարակէն աւելի իմաստուն, անոնց գովաբանական հեքիաթներուն մտիկ կ՚ընեն սկեպտիկ, զգուշաւոր եւ հեգնախառն ժպիտով մը, եթէ ոչ յայտնի սրտնեղութեամբ մը։ Ո՛չինչ այնքան ահաւոր կերպով կը մկրատէ դեռահասի մը բարձրանալուն տենչացող թեւերը՝ որքան ծայրայեղ գովեստները անոր կարողութիւններուն եւ ընդունակութիններուն մասին։
Դեռահասներու մէջ շփացումը եւ յաւակնութիւնը զարգացնելու համար, ասկէ աւելի ազդու թոյն չի կրնար գտնուիլ։ Իրա՛ւ է, թէ դեռահասը քաջալերելու եւ զարգացնելու համար կարեւոր ազդակ մըն է, պայմանաւ որ բժիշկի մը պէս, քննուի, ճանչցուի եւ գիտցուի ենթակային հոգեվիճակը, եւ անոր տրուելիք այդ «զօրացուցիչ»ին քանակը։
Արդարեւ, կատարելութեան բարձունքները հասնելու գլխաւոր մէկ ճամբան դժգոհութիւնն է. իր ունեցածէն, իր ուսումէն, իր գիտութենէն, իր արուեստէն գոհ եղող եւ անով բաւարարուող ո՛չ մէկ անձ կրնայ յառաջդիմել, գիտութեան կամ արուեստի կատարները հասնիլ։ Անձին իր իսկ նկատմամբ դժգոհութիւնն է, որ ենթական կը հասցնէ կատարելութեան…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 21, 2026, Իսթանպուլ