ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆԿԱՐԱԳԻՐ

Անշուշտ, որ գիտութիւնը անվիճելի արժէք մը եւ զօրութիւն մըն է մարդուս համար։ Գիտութիւնը շատ բան կը բարեփոխէ մարդուս կեանքին մէջ։ Բայց գիտութիւնը կրնա՞յ փոխել մարդուս նկարագիրը, ընդոծին եւ ստացական բարոյականութիւնը, բնաւորութիւնը, հոգեւոր կեանքը՝ բացասական կամ դրական իմաստով։ Ուրիշ խօսքով՝ մտքի զարգացումը կը նպաստէ՞ նաեւ սրտի ազնուացման, թէ ոչ՝ այս երկու մարզերը բոլորովին անջատ կ՚ընթանան։

Յաւակնութիւնը, ինքնահաւանութիւնը, մեծամտութիւնը եւ այս կերպով ուրիշները ստորագնահատելը շատ վատ եւ վնասակար ունակութիւն մըն է. ամէն կերպ ինքնահաւանութիւն զզուելի է եւ նողկալի, բայց ամենէն վատն է գիտութեանը միջոցով հպարտանալը եւ այս պատճառով ուրիշները ստորագնահատելը, վարկաբեկելը։ Իր համեստ գիտութեան պատճառով մա՛րդ պէտք չէ պախարակուի եւ անուանարկուի, քանի որ արժանապատուութիւնը վիրաւորել մէկու մը՝ անհանդուրժելի եւ աններելի յանցանք մըն է մարդկային արժանապատուութեան դէմ։

Մեր համեստ կեանքի փորձառութիւնը, տարինե՜ր մեզի ցոյց տուաւ, թէ մտքի զարգացումը չի փոխեր մարդուս նկարագիրը, բնաւորութիւնը, բարոյականութիւնը, մէկ խօսքով՝ գիտութիւնը չի կրնար ազնուացնել ենթական։ Ուստի, նախանձ եւ ոխակալ մէկը որքան ալ ուսում ստանայ, որքան գիտուն դառնայ, որքան զարգանայ մտապէս, որքան «կարդացած մարդ» ըլլայ՝ կը մնայ այն նոյն նախանձ, ոխակալ, քինախնդիր մարդը։ Եւ ան որքան ալ ծածկել աշխատի իր այս վատ զգացումները՝ եթէ ուշադրութեամբ լսուին իր խօսակցութիւնները, տեղ մը կու գայ, որ պահ մը անգիտակցաբար կը պոռթկայ իր նախանձը, իր ոխը եւ քէնը։ Ծածկել կարելի չէ նախանձը եւ ոխը՝ մարդ որքան ալ ուսեալ եւ գիտուն ըլլայ, քանի որ չարիքը միշտ կը յաղթէ գիտութեան։

Շատ անգամ լեզուն սրտին թարգման չի կրնար ըլլալ, ներողամտութիւնը ջատագովող, փառաբանող բերաններ յաճախ ատելութեամբ եւ ոխակալութեամբ լեցուն սրտով կը հակասեն իրենք զիրենք։ Եւ մենք շատ յաճախ վկայած ենք նման իրողութիւններու։ Անկեղծութիւնը առաքինութիւն մըն է՝ որ դժբախտաբար կը պակսի շատերու ներաշխարհէն։

Ուրիշը գիտութեան պատճառով ստորագնահատել, թող ներուի, վատութի՛ւն է։ Սա անուրանալի իրողութիւն է, թէ մա՛րդ ամենագէտ չի կրար ըլլալ. գիտութեան նկատմամբ միշտ թերի է մարդ, ապա ուրեմն անգիտութեան պատճառով ինչո՞ւ վարկաբեկել մէկը, երբ վարկաբեկողն ալ շատ մարզերու մէջ անգէտ է։ Որեւէ մասնագիտութիւն թէեւ կը կարծուի, թէ ամենագիտութիւն կ՚ենթադրէ, բայց մասնագէտն ալ իր կարգին թերութիւններ ունի, քանի որ ան «մարդ» է, եւ ո՛չ մէկ մարդ անթերի է եւ կատարեալ։ Չէ՞ որ գիտնալու ամենամեծ արգելքը «գիտնալ» կարծելն է… եւ այս պատճառով՝ գիտութեամբը հպարտանալ, ինքնահաւան ըլլալ եւ մա՛նաւանդ ուրիշները վարկաբեկել մարդուս արժանապատուութիւնը վիրաւորող ծանր յանցա՛նք մըն է. եւ մենք կը վկայենք յաճախ այդպիսիներու…

Կրկնելով կը կրկնենք մեր համոզումը, թէ գիտութիւնը չի փոխեր մարդուս նկարագիրը՝ նախանձ, ոխակալ, քինախնդիր «գիտունը» միշտ կը մը-նայ նախանձ, ոխակալ եւ քինախնդիր «մարդ»։

Պահ մը ուշադրութեամբ դիտեցէք ձեր շուրջը՝ պիտի հանդիպիք անոնց, քանի որ այդպիսիներ երբեք չեն պակսիր մեր կեանքէն։

Համեստ ըլլալ ամբողջ կեանքով, բայց աւելի՛ եւս գիտութեամբ, ուսումով եւ զարգացումով։

Հարց մըն ալ սա է՝ որ ուսումը, բարձր դիրքը, ստացական աստիճաններ կրնա՞ն անէացնել «ստորակայութեան բարդոյթ»ը։ Մենք եւս վկայած ենք ի՜նչ ուսեալներու, «գիտուն»ներու, դիրք եւ աստիճաններով լիացածներու՝ որոնք տակաւին կը տառապին, կը չարչարուին իրենց «ստորակայութեան բարդոյթ»ով, եւ այդ մէկը յայտնի կ՚ընեն իրենց խօսքերով եւ արարքներով, աւելին չեն անդրադառնար իրենց այդ նկարագրի տկարութեան եւ աւելի, աւելի եւս կը մխրճուին իրենց անճարակութեան մէջ։

Հոգեբաններ եւ հոգեբոյժներ գիտեն անշուշտ, կարելի՞ է փրկուիլ «ստորակայութեան բարդոյթ»ի ախտէն։ Բայց պարզ մարդու աչքով վկայութիւններ ցոյց կու տան, թէ այդ ախտը դիւրին բուժելի ախտ մը չէ, ինչ որ ցոյց կու տայ մեզի կեանքի փորձառութիւնը՝ երբ ուշադրութեամբ դիտենք մեր շուրջը։ Ի՜նչ «մեծ» մարդիկ կը տառապին այդ ախտէն։

Վերջապէս, սիրելի՜ներ, մարդուս ամենանպաստաւոր արարքն է ինքնաճանաչումը՝ տեսնել իր ներաշխարհը, անդրադառնալ եւ կարելին ընել դարմանուելու համար, որովհետեւ իրենց խօսքերը եւ արարքը կը դաւաճանեն զիրենք…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 22, 2025, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Օգոստոս 23, 2025