ՍԷՐԸ ԱՆՎԵ՛ՐՋ Է
Չեմ գիտեր ինչո՞ւ արդեօք, ամէն աշնանամուտի՝ 23 սեպտեմբերին, սիրոյ մասին խորհրդածելու պահանջքը կը զգամ։ Այս շրջանին մանաւանդ կը մտածեմ սիրոյ վրայ, թէ ան անվե՛րջ է՝ եթէ ան իսկական, անկեղծ սէր է։ Արդարեւ, պէտք է խոստովանիմ, թէ ամէն սէր «սէր» չէ՛, եթէ ան անվերջ չէ, այլ կապուած է պայմաններու, վիճակներու, ժամանակի, միջոցի եւ այլ թէութիւններու…
Կեանքի փորձառութիւնը ինծի ցոյց տուաւ, որ սէրը երբ ազատ եւ անկախ է՝ այն ատեն սէ՛ր է, եւ այս իսկ պատճառով, սէրը բացարձակ, կամ ըսենք՝ գագաթնակէտ, բարձրագոյն զգացում մըն է։
Գեղեցիկը սիրել բնական է, սովորական է, բայց երբ մարդ կը սիրէ տգեղը, ահաւասիկ ա՛յն իսկ է սէրը։ Դիւրին է փոխադարձ սիրել՝ սիրողը սիրել, բարեգործը սիրել, օգտակարը սիրել, բայց ատողը սիրել, չարագործը սիրել, վնասակարը սիրել… ա՛յդ է ճշմարիտ սէրը. ներկային գտնուողը սիրել կարելի է անշուշտ, բայց անցեալինը սիրել, աւելի բացայայտելով՝ անդարձ բաժնուած մը սիրել՝ ահաւասիկ ա՛յս է սէրը։
«Անդարձ բաժնուած ըլլալ» թերեւս հաւատացեալի մը խորթ նախադասութիւն մը թուի, բայց խօսքը միայն այս աշխարհի մասին է, եւ ուրեմն «առժամեայ բաժնուած» մը սիրել, զայն ապրիլ, ահաւասիկ կ՚ապացուցանէ, թէ սէրը անվերջ է. յաւիտենական է եւ զգացում մըն է՝ որ երբեք սիրտը բաբախելէ չի դադրիր եւ ո՛չ մէկ բան զայն կրնայ խափանել, դադրեցնել կամ փոխել։
Սէրը «սէր» է, երբ ան անվերջ է եւ նաեւ՝ անփոխադարձ։ Այս կը նշանակէ, որ ճշմարիտ սէրը առանց որեւէ ակնկալութեան՝ ըլլայ նիւթական, ըլլայ հոգեւոր կամ բարոյական, առանց որեւէ փոխադարձութիւն մը սպասելու, առանց որեւէ պատճառի անկեղծօրէն, ճշմարտապէս սիրելն է։
Մարդ բացակայ մէկէ մը անմիջական օգուտ մը չի կրնար սպասել, ապա ուրեմն ճշմարիտ սէրը՝ անկեղծ սէրը «բացական» սիրե՛լն է։ Սէրը՝ բացական կարենալ «ներկայ» ընել եւ զայն ապրիլն է։ Թերեւս մասնագէտ հոգեբաններ եւ հոգեբոյժներ հակառակին մեր այս համոզումներուն, քանի որ անոնց համար «անցեալ»ը՝ անցեալ, «ներկան» ներկայ եւ «ապագան» անորոշ է։ Բայց իրատեսութիւնը երբեմն անհամաձայն կ՚ըլլայ ճշմարտութեան հետ, քանի որ «իրական»ը եւ «ճշմարիտ»ը թէեւ մերձիմաստ, բայց բոլորովին տարբեր կացութիւններ են…
Արդարեւ, բոլոր մարդիկ կոչուած են միեւնոյն նպատակին, որ Աստուա՛ծ է, եւ «Աստուած սէ՛ր է»։ Ուստի, որոշ նմանութիւն մը գոյութիւն ունի աստուածային Անձերուն միութեան եւ այն միութեան միջեւ՝ զոր մարդիկ պարտին հաստատել իրարու միջեւ, սիրոյ եւ ճշմարտութեան մէջ։
Մերձաւորին սէրը անբաժանելի՛ է Աստուծոյ սէրէն։ Մինչ մարդկային անձը պէտք ունի ընկերային կեանքին։ Ասիկա մարդուն համար կը գոյացնէ ո՛չ թէ յաւելեալ բան մը, այլ պահա՛նջք մը անոր բնութեան։ Փոխանակութեամբ ուրիշին հետ, փոխադարձութեամբ ժառայութիւններու եւ երկխօսութեամբ, ներողամտութեամբ եւ հանդուրժողութեամբ իր մերձաւորի, իր եղբայրներուն հետ, մարդը կը զարգացնէ իր զօրութենականութիւնները եւ այսպէս կը համապատասխանէ իր կոչումին։
Ահաւասիկ, այս կէտին սէրը բոլոր այս յարաբերութիւններուն ազատ եւ անկախ տեղ մը կը գրաւէ։ Սէրը իր ազատութեան եւ անկախութեան մէջ միշտ զօրաւոր է՝ ամենակարող եւ ամենազօր, քանի որ Աստուած սէ՛ր է։ Սէրը բուժիչ է եւ հրաշագործ, քանի որ Աստուած սէ՛ր է։
Արդարեւ, երկրային կեանքը ծնունդի եւ մահուան միջեւ ժամանակաւոր շրջան մըն է. իսկ կեանքը իր լայն իմաստով աւելի ծաւալուն իմաստ մը ունի եւ կ՚ենթադրէ յաւիտենական երանութիւնը։ Ահաւասի՛կ, այս երկու իմաստներով կեանքը կ՚արդիւնաւորուի սիրով, եւ մէկ կեանքէն դէպի միւսը անցնելու ամենադիւրին ճամբան է սէրը։
Եւ ընտանիքը՝ սիրոյ ամենաջերմ օճախն է. Քրիստոս ուզեց ծնիլ եւ մեծնալ Յովսէփի եւ Մարիամի Սուրբ Ընտանիքին ծոցին մէջ։ Հոն սերմանեց, աճեցուց եւ պտղաբերեց սէրը։ Ընտանիքի սրբութիւնը եւ ամուսնութեան սէրը իր արժէքին բարձր աստիճանին հասաւ Սուրբ Ընտանիքին մէջ։ Ամուսիններու սէրը սիրոյ զգացումին գագաթնակէտին՝ հասաւ իր վերջնական նապատակին, սուրբ սէր, անբիծ սէր, ճշմարիտ սէր, անկեղծ սէր, անփոխադարձելի սէր, զոհաբերող սէր եւ անվերջ սէ՛ր… եւ ամուսիններու սէրը երբ անվերջ է, մշտատեւ եւ ամէն պարագայի եւ պայմանի մէջ չի՛ պակսիր, չի՛ փոխուիր, չի՛ վերջանար, միշտ կա՛յ, տեւական է եւ կը սպասէ յաւիտենական կեանքին։ Ամուսնական սէրը սուրբ է եւ անջնջելի՛ քանի որ ան օրհնուած եւ վաւերացուած է Սուրբ Պսակով եւ այդ օրհնութիւնը եւ վաւերացումը հոգեպէս կարելի չէ ջնջել կամ սրբել։
«Սէր» ըսինք սիրելի՜ներ, ահաւասիկ անկեղծ սէր մը՝ շատերդ թերեւս չեմ ճանչնար, բայց կը սիրեմ, որովհետեւ դո՛ւք էք։ Եւ չեմ գիտեր, ինչո՞ւ ամէն աշնանամուտին, 23 սեպտեմբերին կը մտածեմ անկեղծ եւ անվերջ սիրոյ մասին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 22, 2025, Իսթանպուլ