ՍԱՀԱԿ ՊԱՐԹԵՒԻ ԵՒ ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑԻ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՇՏ ԶՈՒԳԸՆԹԱՑ

Սահակ Պարթեւէն յետոյ (Ս. Սահակ Ա. Պարթեւ. 387-439) կաթողիկոս կը դառնայ, թէեւ ո՛չ ձեռնադրութեամբ, Մեսրոպ Մաշտոց, որ սակայն վեց ամիս միայն կը վարէ իշխանութիւնը եւ կը վախճանի 17 փետրուար 439 թուականին Վաղարշապատի մէջ եւ կը թաղուի Օշական գիւղը՝ ուր եւ գերեզմանը մինչեւ այսօր ալ կայ։ Իր վեցամսեայ իշխանութեան ընթացքին, թէեւ Սահակ Պարթեւի վախճանման պատճառով ծանր կերպով շատ վշտահամակուած՝ Մեսրոպ Մաշտոց եռանդով կ՚աշխատի իր հօտի համար եւ բազմաթիւ նամակներ եւ խրատագիրներ կը պատրաստէ իր ազգի զաւակներուն ուղարկելու համար։

Սահակ Պարթեւի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի գործունէութիւնը միշտ միասին եւ համընթաց եղած է. անոնք միասին նամակներ գրած եւ միասին Հայ Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան համար կանոններ սահմանած են, չհաշուելով այն անխոնջ ջանքերը, զորս անոնք գործադրեցին ազգային գրականութեան զարգացման համար։

Սահակ Պարթեւի անունով պահուած կանոնները ինչպէս մէկ կողմէ կը պատկերացնեն մեզ եկեղեցականներու եւ ժողովուրդի տխուր վիճակը, այնպէս ալ այն բարձր հայեացքը, որ ան ունի եկեղեցականի-հոգեւորականի կոչման վրայ։

Նախ պատմելով, թէ քրիստոնէական եկեղեցին նաւահանգիստ մըն է, որուն կ՚ապաւինին թէ՛ արդարները եւ թէ մեղաւորները՝ ան մի առ մի կը խօսի նաւապետի (եպիսկոպոսի) կոչման եւ պարտականութեան մասին։ Կը մաքառի եկեղեցականներու շահասիրութեան դէմ՝ որոնք եկեղեցիի ինչքերը եւ գանձերը՝ փոխանակ բարեգործութեան համար ծախսելու՝ կը սեփականացնեն կամ իրենց ազգականներուն եւ մերձաւորներուն կը շնորհեն. այսպիսի միտումներով տգէտներ եւ զինուորներ քահանայ կը ձեռնադրուին։ Կը շեշտէ մի քանի անգամ, թէ ո՛րքան կարեւոր է ուսումը ո՛չ միայն քահանայի, այլ եւ անոր որդիներուն համար եւ թէ ի՛նչպէս ժողովուրդն իսկ կը գանգատի այդ տգիտութեան եւ անտարբերութեան վրայ։

Այս չարիքը դարմանելու համար արդէն Ս. Սահակ Պարթեւ եւ Մեսրոպ Մաշտոց հետամուտ եղան վանքերու թիւը բարձրացնել՝ դարձնելով զանոնք ո՛չ միայն հիւրանոց, այլեւ դպրո՛ց։

Սահակ Պարթեւի անունով գրուած կանոններու մէջ մի առ մի կը թուուի քահանաներու եւ այլ պաշտօնեաներու պարտականութիւնները՝ որոնց կատարումը միայն կը բարձրացնէ անոնց պատիւը։ Արդարեւ, սքեմը չէ՛, որ արժանապատիւ կ՚ընէ ենթական, այլ՝ ենթակային պատիւը եւ արժէքը կը պահեն եւ կ՚աւելցնեն սքեմին արժէքը…

Ս. Սահակ Պարթեւի այս բոլոր պատուէրները եւ կանոնները մասամբ նոյնն են ընդհանուր քրիստոնէական եկեղեցւոյ կողմէ ընդունուած եւ գործադրուած կանոններու հետ, մասամբ ալ ճիշդ տեղական բնաւորութիւն ունին։

Արդարեւ, Ս. Սահակ Պարթեւի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի յիշատակը Հայոց Եկեղեցին կը տօնէ տակաւին Ե. դարէն սկսեալ՝ վառ պահելով անոնց սրբազան գործին շունչը եւ ոգին։ Եւ իրաւ հոգեւորականի պարտքը եւ պարտականութիւնն է ե՛ւ պատասխանատուութիւնը՝ վառ պահել այդ ոգին եւ փոխանցել ժողովուրդին եւ գալիք սերունդներուն։ Եւ այդ իսկ պատճառով, ինչպէս կը ստիպուինք յիշել եւ կրկնել, թէ՝ ամէն հոգեւորական նաեւ մտաւորական է եւ պատասխանատո՛ւ է ո՛չ միայն ժողովուրդին հոգին ազնուացնելու, այլ՝ նաեւ միտքը զարգացնելո՛ւ։ Մինչ ամէն մտաւորական ալ, իր կարգին հոգեւորական է, քանի որ մարդկային բնութեան մէջ միտք եւ սgիրտ անբաժան են եւ զիրար կ՚ամբողջացնեն եւ այդ կերպով կը կազմեն «կատարեալ մա՛րդ» մտատիպարը։

Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի վախճանումէն յետոյ անոր կտակին համաձայն կաթողիկոսութեան տեղապահ կը դառնայ Յովսէփ երէցը՝ Ե. դարու նշանաւոր թարգմանիչներէն (մեկնիչ) մին։ Ուստի, Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի կամքը օրէ՛նք կը դառնայ եւ ժամանակի վիճակաւոր եպիսկոպոսները այս կարգադրութիւնը կ՚ընդունին ինչպէս ի յարգանս Մաշտոցի, այսպէս նաեւ Յովսէփի յատուկ արժանաւորութիւններուն համար։ Չկամենալով թերեւս կաթողիկոսական ընտրութեան պատճառով պարսից միջամտութիւնը տեսնել Հայ Եկեղեցւոյ ներքին գործերու մէջ, ինչպէս Բրիքշոյի եւ Շմուէլի ժամանակ պատահեցաւ, կամ թերեւս ուրիշ պատճառով մը։ Յովսէփ երէց մինչեւ վերջ տեղապահ եւ երէց մնաց, թէեւ գործեց իբրեւ կաթողիկոս…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 22, 2025, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2025