ԱՊՐԻԼ ԵՐԿԻՆՔԻ ՄԷՋ…

Երկինքի մէջ ապրիլ՝ կը նշանակէ «Քրիստոսի հետ ըլլալ». (ՅՈՎՀ. ԺԴ 3), (ՓԻԼ. Ա 23), (Ա ԹԵՍ. Դ 17)։ «Ընտրեալներ»ը «Անոր մէջ» կ՚ապրին, հոն պահպանելով, աւելի ճիշդ՝ հոն գտնելով իրենց իսկական ինքնութիւնը՝ իրենց յատուկ անունը. (ՅԱՅՏ. Բ 17)։ Սուրբ Ամբրոսիոս կ՚ըսէ. «Քանի որ կեանքը՝ Քրիստոսի հետ ըլլալ է. հոն ուր Քրիստոսն է. հո՛ն է կեանքը, հո՛ն է Արքայութիւնը։ Ուստի, Իր մահով եւ Իր Յարութեամբ՝ Յիսուս Քրիստոս մեզի երկինքը «բացաւ»։

Արդարեւ, երանելիներուն կեանքը կը կայանայ լիակատար իւրացումին մէջ Քրիստոսով կատարուած փրկչագործութեան պտուղներուն։ Քրիստոս Իր երկնային փառաւորութեան մասնակից կ՚ընէ անոնք՝ որոնք հաւատացին Իրեն եւ հաւատարիմ մնացին Իր կամքին։ Երկինքը երանաւէտ հասարակութիւնն է բոլոր անոնց՝ որոնք կատարելապէս միացած են Անոր Մարմինին։

Աստուծոյ եւ Քրիստոսով բոլոր իրարու միացածներուն հետ երանաւէտ հաղորդութեան այս խորհուրդը կը գերազանցէ ամէն հասկացողութիւն եւ պատկերացում։ Աստուածաշունչը անոր մասին մեզի կը խօսի զանազան պատկերներով. կեանք, լոյս, խաղաղութիւն, հարսանեկան խնջոյք, արքայութեան գինի, Հօր տուն, երկնային Երուսաղէմ, դրախտ. «Ի՛նչ որ աչքը չէ տեսած, ականջը չէ լսած, ինչ որ մարդուն սիրտէն չէ անցած, Աստուած պատրաստ է զԻնք սիրողներուն». (Ա ԿՈՐՆԹ. Բ 9)։

Աստուած, Իր վերանցականութեան պատճառով, տեսանելի պիտի ըլլայ ինչպէս որ է՝ միայն երբ Ինքն Իր խորհուրդը պիտի բանայ մարդուն անմիջական վերհայեցողութեան եւ Ինք այդ կարողութիւնը անոր պիտի տայ։

Աստուծոյ Իր երկնային փառքին մէջ այս վերհայեցողութիւնը Եկեղեցւոյ կողմէ կոչուած է. «Երանաւէտ Տեսութիւն»։ Սուրբ Կիպրիանոս Կարթագինացի կ՚ըսէ. «Ասիկա պիտի ըլլայ քու փառքդ եւ քու երանութիւնդ, երբ ընդունուիս Աստուած տեսնողներուն մէջ, ունենաս պատիւը մասնակցելու փրկութեան ուրախութիւններուն եւ յաւիտենական լոյսին՝ քու Տէր Աստուծոյ Քրիստոսի ընկերութեան մէջ… երբ ձեռք ձգուած անմահութեան ուրախութիւնները վայելես երկինքի Արքայութեան մէջ, արդարներուն եւ Աստուծոյ բարեկամներուն ընկերութեան մէջ»։

Երկինքի փառքին մէջ, երանելիները կը շարունակեն ուրախութեամբ կատարել Աստուծոյ կամքը՝ միւս մարդոց եւ ամբողջ արարչութեան նկատմամբ։ Անոնք այլեւս կը թագաւորեն Քրիստոսի հետ. Անոր հետ «անոնք պիտի թագաւորեն յաւիտեանս յաւիտենից». (ՅԱՅՏ. ԻԲ 5), (ՄԱՏԹ. ԻԵ 21-23)։

Անոնք, որոնք կը վախճանին շնորհքին եւ Աստուծոյ բարեկամութեան մէջ առանց կատարեալ կերպով մաքրուած ըլլալու, անոնք թէպէտ ապահոված են իրենց յաւիտենական փրկութիւնը, սակայն իրենց մահէն ետք մաքրազտումի տառապանքը պիտի կրեն, որպէսզի ընդունին երկինքի ուրախութիւնը մտնելու անհրաժեշտ սրբութիւնը։ Եկեղեցին «Քաւարան» կը կոչէ այս վերջնական մաքրազտումը։

Մարդկութեան եւ աշխարհի կերպարանափոխութիւնը կատարող այս խորհրդասքօղ վերանորոգումը կամ մաքրազտումը, Սուրբ Գիրքը կը կոչէ. «Նոր երկինք եւ նոր երկիր». (Բ ՊԵՏ. Գ 13), (ՅԱՅՏ. ԻԱ 1)։ Աստուծոյ ծրագրին վերջնական իրականացումը պիտի ըլլայ. «երկնային եւ երկրային ամէն ինչը բովանդակել մէկ Պետով՝ Քրիստոսով». (ԵՓՍ. Ա 10)։ Այն «նոր տիեզերք»ին մէջ. (ՅԱՅՏ. ԻԱ 5), որ «երկնային Երուսաղէմ»ն է, Աստուած Իր բնակութիւնը պիտի հաստատէ մարդերով։ «Ան պիտի սրբէ ամէն արցունք մարդոց աչքերէն. այնուհետեւ պիտի չըլլայ ո՛չ մահ, ո՛չ սուգ, ո՛չ ողբ, ո՛չ ցաւ, ո՛չ աշխատանք, որովհետեւ հին աշխարհը անցաւ». (ՅԱՅՏ. ԻԱ 4), (ՅԱՅՏ. ԻԱ 27)։

Մարդուն համար այս լրումը պիտի հանդիսանայ մարդկային ցեղին վերջնագոյն միութիւնը՝ որ ուզուած է Աստուծմէ արարչագործութեան սկիզբէն ի վեր եւ որուն «կերպով մը սուրբ խորհուրդ»ն էր ուխտագնաց Եկեղեցին…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 23, 2025, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յուլիս 24, 2025