ԵԹԷ ԿՐՆԱՍ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ…
«Սորվեցուր անոր մարդոց հանդէպ ազնիւ ըլլալ»: Շատ մը առաքինութիւններ մարդուն հետ կը ծնին. վարքի եւ նկարագիրի մէկ անբաժան մասը կրնայ ըլլալ բարութիւնը, ազնիւ ըլլալը, ողորմածութիւնը եւ այլն, սակայն, Լինքըն (ինչպէս նաեւ մանկավարժութիւնը) կը հաւատայ, որ այդ մէկը ո՛չ միայն բնածին կրնայ ըլլալ, այլ նաեւ կրթութեան ճամբով կարելի է փոխանցել: Իրականութեան մէջ մարդ ո՛չ բարի կը ծնի եւ ոչ ալ չար. մարդը ո՛չ կեղծաւոր կը ծնի եւ ոչ ալ ազնիւ. այդ մէկը կախեալ է իր շրջապատէն, դաստիարակութենէն ու ստացած արժէքներէն:
Մեր թուականէն աւելի քան չորս դար առաջ Ճոն Լոք կը պնդէր, թէ երբ մարդ լոյս աշխարհ կու գայ, անոր հոգին կը նմանի մաքուր թուղթի. անոր միտքն ու գիտելիքները կը ձեւաւորուին փորձառութեամբ: Հետեւաբար նրբութիւնը, ազնուութիւնը եւս դաստիարակութեան ճամբով է, որ պէտք է փոխանցուի մանուկ-աշակերտին: Ազնուութեան կրթութիւնը սկիզբ կ՚առնէ ուրիշներու զգացումները յարգելէ եւ կարեկցանքի, իրերօգութեան զգացումը զարգացնելէ: Ազնուութիւնը ընկերային փոխազդեցութիւն մըն է, որ վստահութիւն կը ներշնչէ. կեանքի մէջ ազնուութիւնը իր դրական ազդեցութիւնը կ՚ունենայ նաեւ անհատի ընկերային կեանքին վրայ, որովհետեւ ազնիւ մարդն է, որ իր շրջապատի վստահութիւնը կը շահի եւ այդ վստահութեան շուրջ է, որ ընկերութիւնը կը զարգանայ՝ ստեղծելով անվտանգ յարաբերութիւններ:
Մանուկին փոխանցուած ազնուութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի ան շատ աւելի գիտակից ձեւով կառավարէ իր զգացումները, հակադարձէ դժուարութիւններուն ու ձախողութիւններուն եւ այս երեւոյթը օգտակար է անձի մը թէ՛ հոգեկան եւ թէ մտային առողջութեան համար:
Ազնուութիւնը մարդոց համար հազարամեակներ շարունակ եղած է կարեւոր։ Փիլիսոփաները իրենք եւս ազնուութիւնը տեսած են որպէս հիմնարար արժէք: Ազնուութիւն նախ սեփական անձի հանդէպ եւ ապա ընկերութեան« Նիցչէ իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Ամենամեծ ազնուութիւնը սեփական անձը չխաբելն է», որովհետեւ ամէն բան սկիզբ կ՚առնէ այդտեղէն: Աշակերտ մը եթէ ինքն իր անձին հանդէպ ազնիւ չէ, եթէ խարդախութեամբ իր նիշերը կը փորձէ ապահովել, ապա բնական է, որ իր ընկերներուն եւ շրջապատին հանդէպ ալ ազնիւ չըլլայ, որովհետեւ մարդ կէսով չափ ազնիւ եւ կէսով չափ անազնիւ չի կրնար ըլլալ. ազնուութիւնը սկզբունք է, որ մարդ կա՛մ ունի՝ կամ ոչ:
Անշուշտ, ազնուութիւնը թուաբանական հաշուարկ մը չէ, որ մէկ օրէն աշակերտը սորվի. ազնուութիւնը ոչ ալ գրուած օրէնքներու շարք մըն է, որ ուսուցիչը կարենայ մի քանի դասապահով փոխանցել. այդ մէկը ուսուցիչի պարագային ապրելակերպ է, որովհետեւ ազնուութիւնը այն արժէքներէն է, որ մանուկ մը իր ծնողքէն, իր ուսուցիչներէն եւ մեծերէն տեսնելով կը սորվի: Ազնիւ դառնալու համար, անշուշտ, կարեւոր է գիտութիւնը որոշ այլ սկզբունքներու. ինչպէս օրինակ՝ յարգանք, երեւոյթներն ու զգացումները վերլուծելու կարողութիւն եւ ամէն բանէ վեր բարութիւն, որովհետեւ ազնիւ մարդը իր կեանքը բարութեամբ ապրելու նուիրուած մարդն է եւ աշխարհը իր չարութիւններով շա՜տ կը փորձէ ազնիւ մարդը շեղել իր բարութենէն:
Ազնուութիւնը հոգեւոր տեսանկիւնէն գնահատելի ըլլալու կողքին գնահատելի է նաեւ ընկերային առումով, որովհետեւ աշակերտի մը նրբութիւն եւ ազնուութիւն սորվեցնելով՝ մենք կը խթանենք ուրիշներու հանդէպ զգայնութեան գիտակցութիւն:
Խաբէութիւնը, չարութիւնը մարդուն մէջ որոշ մտահոգութիւն ու վախ կը ստեղծեն, մինչ ազնուութիւնը աշակերտին կու տայ ներքին խաղաղութիւն եւ ինքնավստահութիւն. գողութիւն ըրած, չարութիւն գործած մարդը՝ մանաւանդ երբ տակաւին չէ՛ յայտնաբերուած, խոր ներքին մտահոգութիւն կ՚ապրի։ Լինքըն կ՚ուզէ, որ իր զաւակը հեռու մնայ այդ ներքին փոթորիկէն եւ ունենայ խաղաղութիւն եւ այդ խաղաղութիւնը մարդ կ՚ունենայ երբ ազնիւ է: Ազնուութիւնը աշակերտին կու տայ հզօր յարաբերութիւններ եւ յարգանք. ազնիւ մարդիկ շատ աւելի դիւրին կ՚ընդգրկուին ընկերային կեանքի մէջ:
Մեր հայ մեծագոյն գրողներէն Պարոյր Սեւակ եւս, իր «Որդուս» բանաստեղծութեան մէջ կարեւորութեամբ կը շեշտէ ազնուութեան կարեւորութիւնը՝ Սեւակ կ՚ըսէ. «Ազնիւ եղիր ամէն ինչում»։ Բանաստեղծը կը խօսի կեղծաւորներու մասին, որոնք իրենց շահուն համար ամէ՛ն գոյնի մէջ կը մտնեն, ամէ՛ն գաղափարի կը խոնարհին՝ լոկ իրենց շահերը ապահովելու համար: Պարոյր Սեւակ շարունակելով իր բանաստեղծութիւնը՝ կը գրէ անկրկնելի տող մը. «Ազնուութիւնը այն է միայն, ոչ չի փոխւում՝ ոնց էլ շուռ տաս». ազնիւ մարդը ա՛յն է, որ հակառակ ամէն տեսակ երեւոյթներու իր համոզումներուն, իր գաղափարներուն կառչած կը մնայ եւ Լինքըն նման զաւակ մը կ՚ուզէր ունենալ: Այդ իսկ պատճառով կը դիմէ ուսուցիչին, որպէսզի ազնուութիւն սորվեցնէ իր զաւկին:
Մենք պէտք է համոզուինք, որ դպրոցին մէջ թուաբանութիւն կամ աշխարհագիտութիւն սորվելէ շա՜տ աւելի առաջնահերթ ու կարեւոր է ազնուութեան դաստիարակութիւնը՝ որուն պակասը ունի այսօր աշխարհը:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչն է ամենէն կարեւոր բանը, որ աշակերտը դպրոցին մէջ պէտք է սորվի:
Պատասխան. Ամենէն կարեւոր բանը, որ աշակերտը դպրոցին մէջ պէտք է սորվի՝ մտածելն է: Աշակերտը պէտք է ունենայ ինքնուրոյն, քննադատական եւ ստեղծագործական մտածողութիւն: Գիտելիքները կարեւոր են, բայց առանց մտածելու կարողութեան՝ առանց սխալը ճիշդէն զանազանելու կարողութեան աշակերտը չի կրնար կեանքի ճշմարիտ մարտահրաւէրներուն պատրաստ ըլլալ: Դպրոցը պէտք է աշակերտին մէջ սերմանէ հետաքրքրութիւն, պատասխանատուութիւն եւ ազնիւ բնաւորութիւն, որպէսզի աշակերտը չըլլայ պարզապէս գիտելիք կրող, այլ դառնայ գիտակից մարդ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան