ԱՇԽԱՏԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ

Ծուլութիւնը ներհակ է մարդկային բնութեան, քանի որ մարդը կոչուած է աշխատութեան. «Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ…». (ԾՆՆԴ. Գ 19)։ Ուստի, Սողոմոն Իմաստուն ծոյլին կը խրատէ, որ մրջիւնին երթայ, որպէսզի անկէ իմաստութիւն, կարգ եւ կանոն, աշխատասիրութիւն եւ զիրար յարգել եւ տակաւին ուրիշ շատ բարեմասնութիւններ սորվի։ «Ո՛վ ծոյլ. մրջիւնին գնա՛, անոր ճամբաները տե՛ս եւ իմաստուն եղի՛ր». (ԱՌԱԿ. Զ 6)։

Կը պատմուի, թէ Սաբայի թագուհին, Սողոմոն Իմաստունին այցելութեան եկաւ, անոր իմաստութեան համբաւը լսած ըլլալով, ուզեց նաեւ քննել անոր իմաստութիւնը, ուստի իրեն հետ բերաւ երկու ծաղկեփունջ։ Մէկը արուեստական եւ միւսը բնական։ Առաջինը այնքա՜ն գեղեցիկ էր, որ կարելի չէր զայն բնականէն զանազանել։ Սաբայի թագուհին Սողոմոն Իմաստունին ըսաւ. «Գիտցի՛ր եւ ըսէ՝ թէ ո՛ր մէկը բնական է»։ Սողոմոն Իմաստուն հրամայեց՝ որ պատուհանը բացուի։ Մեղու մը ներս մտնելով բնական ծաղիկին վրայ նստեցաւ։ Եւ այդ կերպով Գորթեան հանգոյցը քակուած եղաւ. (Գ ԹԱԳ. Ժ 6)։

Ըստ մասնագէտներուն, մեղուները թագաւոր չեն ունենար, այլ միա՛յն թագուհի, ան ալ ընտրովի կ՚ըլլայ, ուստի «ժողովրդապետութիւն» է իրենց թագաւորութիւնը։

Թագուհին երկու նպատակի կը ծառայէ. սերունդ բազմացնել եւ երբ որ գաղթել ուզեն, առաջին ճամբայ ելլողը թագուհին կ՚ըլլայ, եւ ամբողջ ցեղը, կամ ընտանիքը անոր կը հետեւին։

Հետաքրքրական է թագուհիին ընտրութիւնն ալ։ Ան ծնունդով յար եւ նման է միւսներուն։ Բանակը՝ որ կը բաղկանայ էգ մեղուներէ, իրենց մէջէն կ՚ընտրեն մէկը, որպէս թագուհի, ապա զայն կը յանձնեն հոգատար բանակին, որ նոյն ատեն անոնք են ցեղին բուժքոյրերը եւ սպասուհիները։ Անոնք մասնաւոր հոգատարութեամբ եւ խնամքով զայն կը վերածեն թագուհիի։ Պատահի որ թագուհին թերանայ պաշտօնին մէջ, բանակը նոր «նիստ» մը գումարելով՝ խաղաղ «յեղափոխութիւն» մը կը ծրագրէ։

Անոնք, մեղուները, իրենց ցեղին մէջ երբեք «արիւնոտ յեղափոխութիւն» չեն ըներ։

Իրենց մէջէն նոր թագուհի մը կ՚ընտրեն, ինչպէս որ առաջինը ընտրած էին, եւ նորընտիր թագուհին կը յանձնեն բուժքոյրերուն՝ որ կը բաղկանայ նորածին մեղուներէ։

Մեղուներուն մէկ մասին կեանքը երեք ամիս եւ միւս մասին կեանքը վեց ամիս է. Անոնք, որոնք գարնան եւ ամրան կը ծնին՝ լոկ երեք ամիս կ՚ապրին. իսկ անոնք, որոնք աշնան ծնած են՝ վեց ամիս։ Իսկ ձմեռը ո՛չ կը ծնին եւ ոչ ալ կը մեռնին…

Ըսինք, թէ մեղուները ժողովրդապետութիւն եւ, եւ անոնք կատարեալ բծախնդիր են անոր։ Անոնց գաղթը տեղի կ՚ունենայ միայն ա՛յն ատեն, երբ որ երկրորդ թագուհին սերունդ բերելով գաղթ կազմակերպուի, նախորդ թագուհին իր բոլոր ունեցածը անոնց ձգելով կը գաղթէ, անոնք որոնք իրեն հետեւիլ փափաքին, ազատ զգան։

Կը պատահի, որ նորընտիր թագուհիին հետ հոն մնացողներ կ՚ըլլան։ Սովորաբար հին սերունդը իր թագուհիին՝ իրենց մօր կը հետեւին, հակառակ անոր որ դժգոհ ըլլալով նոր մը ընտրած էին…

Մեղուն կրկնակ ծառայութիւն մը մատուցած ըլլալով, իր օրինակով քառապատիկ օրհնութիւն կ՚ըլլայ մարդկութեան, մարդուն՝ որ հպարտ է իր բանականութեամբ։ Եւ այս կը նշանակէ, որ մարդը բազմաթիւ դասեր ունի առնելիք բնութենէն…

Աշխատասիրութիւնը, արդարեւ պէ՛տք է ծառայէ հասարակաց բարիքին եւ օգտին, եւ ան պէտք չէ՛ մղուի անձնասիրութենէ եւ պէտք չէ ծառայէ միայն իր անձին։ Աշխատանքը համամարդկային աշխատանք մըն է եւ իւրաքանչիւր աշխատող պէտք է գիտակցութիւնը ունենայ իրերօգնութեան, ապա թէ ոչ՝ անձնասիրութիւնը տիրական կ՚ըլլայ։

Արդարեւ, անձնասիրութիւնը՝ ինքնամոլութիւնը աշխարհ մուտք գործած է Ադամէն եւ Եւայէն սկսեալ, տարածուելով ամէն մարզերու մէջ եւ հասնելով ընկերութեան զանազան խաւերուն, եւ թափանցելով անոնց մէջ։ Եւ ամբողջ մարդկային պատմութիւնը կը վկայէ անձնասիրութեան գործած աւերներուն։ Նախանձ, ատելութիւն, ոխակալութիւն եւ զանազան ոճիրներ արդիւնք են անձնասիրութեան։ Մինչդեռ Աստուած մարդը ստեղծեց բարիի կոչումով, եւ Յիսուս բարիք ընելով շրջեցաւ, եւ Իրեն հետեւողներուն ալ բարիք ընել սորվեցուց։ Ուստի, օրհնութեան աղբիւրը բարեգործութեան մէջ է, եւ լաւագոյն բարեգործութիւնը՝ ուրիշի մը համար աշխատիլն է. աշխատասէր ըլլալ, բայց ո՛չ միայն իր անձին ի նպաստ, այլ՝ իր նմաններուն, իր մերձաւորներուն, այսինքն՝ «ուրիշ»ին համար եւս…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 24, 2025, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յուլիս 25, 2025