ՀՈՒՆՏԷՆ՝ ԾԱՌԵ՜Ր…
Բուսականութիւն ձեռք բերելու համար անհրաժեշտ է հունտը եւ ցանքը։ Բուսականութեան աճումին ուժը կը հայթայթէ հողը. արդարեւ, բոյսը այնքան արագ եւ զօրաւոր կը բուսնի եւ կ՚աճի՝ որքան առատ եւ ուժաւոր է աւիշը։ Բայց չի բաւեր հողը, որքան ալ պարարտ եւ բերրի ըլլայ ան, այլ պէտք է հունտն ալ արդիւնաբեր եւ լաւ ըլլայ։ Արդիւնաբեր, առողջ հունտը եթէ ցանուի արգասաւոր հողի մէջ՝ լաւ արդիւնք ձեռք կը ձգուի։
Մարդկային կեանքի մէջ ալ պարագան նոյնն է. մարդուն մէջ աստուածային զգացումին խնամքը կը հայթայթէ ինքը՝ որուն հոգին կը ծառայէ որպէս աննիւթական պարարտ հող։
Ուստի, լաւ ընտանիքէ հասած անհատը՝ լաւ ընկերութեան մը մէջ կատարելութեան կը հասնի։ Ամենէն մեծ ծառերը ամենէն փոքրիկ հունտերէն առաջ կու գան։ Ամենէն մեծ բարի գործերը եւ առաքինի կեանքը ամենէն փոքր հաւատքէն կը սկսին։ Ուրեմն, երկուքն ալ փոքրէն սկսելով կը մեծնան եւ կը կատարելագործուին՝ կը ծաւալին, հողին եւ հոգիին աւիշին եւ պարարտութեան չափանիշով։
Ընտանիքն ալ ընկերութեան կորիզն է եւ լաւ ընտանիքներէն լաւ ընկերութիւններ կը կազմուին եւ կ՚աճին։ Իսկ բուսականութեան մէջ մեծ ծառերը մեծ քանակութեամբ պտուղ կ՚արտադրեն եւ կամ ընդարձակ տարողութեամբ շուք կու տան՝ օգտակար կ՚ըլլան։
Մեծ հոգիներն ալ՝ ազնիւ եւ առաքինի հոգիներ՝ սիրոյ եւ կարեկցական մեծ գործեր կը կատարեն, կամ բարձրագոյն բարոյական կեանք կ՚ապրին։ Ուստի, չի բաւեր բարի անուանուիլ, պէ՛տք է բարեգործութիւն ընել, ասոր համար ալ պէտք է բարի ծագում ունենալ՝ լաւ հունտով բերրի հողի մէջ հասած ըլլալ։ Չի՛ բաւեր կրօնական հաւատալիք ունենալ միայն, անհրաժեշտ է այդ հաւատքին գործադրութիւնը կեանքի փոխանցել։ Չի՛ բաւեր յաճախ սիրոյ մասին խօսիլ։ Պէտք է սիրոյ մասին անկեղծ ըլլալ, եւ գործնականացնել այդ սիրոյ խօսքերը։
Սերմը ինքզինք կ՚արտայայտէ եւ կը գործնականցնէ բուսնելով։ Մարդն ալ որպէս անձ պէտք է արտայայտէ իր ունեցած աստուածային սէրը կեանքով եւ գործունէութեա՛մբ։ Սերմը չի գիտեր, թէ ինք ինչպէ՛ս կը բուսնի եւ կ՚աճի։ Սակայն բանաւոր մարդը՝ անձը գաղափար ունի այդ մասին։ Պէ՛տք է գիտնայ նաեւ ինքնիրեն խորհի թէ՝ «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր ներսն է», ինչպէս ըսաւ Յիսուս. (ՂՈՒԿ. ԺԷ 21)։
Բնութիւնը՝ որպէս Աստուծոյ արտայայտութիւնը, շատ գեղեցիկ, աճուն եւ զարգուն՝ հասած բուսական տեսարաններ ունի։ Յովհաննէս Աւետարանիչ զԱստուած կը ներկայացնէ որպէս Սէր։ Հետեւաբար, մարդուն ներսիդին գոյութիւն ունի սիրոյ տարածութիւն մը՝ որ կրնայ մշակուիլ, աճիլ եւ արդիւնաւորուիլ։
Այս իմաստով, աշխարհի վրայ ամենէն գեղեցիկ տեսարանը մարդուն ներաշխարհին սրբութեան տեսարանին գեղեցկութի՛ւնն է։
Բնութեան գեղեցկութիւնը եղանակին հետ վաղանցուկ է եւ ժամանակաւոր, բայց մարդուն ներաշխարհինը՝ մշտատեւ եւ անվախճան։ Բնութեան գեղեցկութիւնը աչքի խաբկանք է, մինչ մարդուն ներաշխարհը՝ աստուածային փառք։ Աստուածայինը երբեք չի վերջանար։
Հողին ներքեւ ցանուած հունտը՝ սերմը բուսնելով կը կարծուի, թէ ի՛նք ի սպառ կը կորսուի կամ կը փճանայ։ Մինչդեռ ծածուկ կերպով ան կը մտնէ պտուղին մէջ, մէկ սերմը բազմաթիւ պտուղներուն մէջ։ Այնպէս ալ մարդուն ներսիդին գտնուող Աստուծոյ թագաւորութիւնը կը մտնէ ծածկաբար իր կեանքի շարժումներուն եւ իր բարի արարքներուն մէջ։
Ցանքը ունի նաեւ իր հունձքը։
Հունձը երեւան կը բերէ սերմին ազնուութիւնը եւ անոր ստացած խնամքը։ Մարդուն ալ կենցաղը եւ գործունէութեան արդիւնքը կը յայտնեն իր պտուղին հասունութիւնը եւ քաղցրութիւնը։ Քաղցր պտուղը հասուն պտուղն է։ Լաւագոյն արարքն ալ քրիստոնէական կեանքին մէջ լաւ ուռճացած կեանքին արդի՛ւնքն է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 24, 2025, Իսթանպուլ