ՉԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ
Մեր թուականէն աւելի քան դար մը առաջ ապրած Ֆրանց Քաֆքա իր յետ մահու հրատարակուած «Դատավարութիւնը» (The Trial) գիրքին մէջ հետեւեալ միտքը կ՚արտայայտէ. «Դատարանը՝ որուն կը հաւատաք, ձեր դէմ է»։ Եթէ այս խօսքը փորձենք համեմատել Հայաստանի մերօրեայ «արդարութեան» եւ դատական համակարգին հետ, լաւապէս պիտի հասկնանք, որ դատարանները այնպէս ինչպէս անցեալին, նոյնպէս այսօր ժողովուրդէն աւելի պետութեան շահերը կը պաշտպանէ, որովհետեւ չ՚առաջնորդուիր արդարութեան եւ հաստատուած օրէնքներու սկզբունքով, այլ փոքրամասնութեան մը շահը ապահովել կը ձգտի:
Դատարանները գոյութիւն ունեցած են հնագոյն քաղաքակրթութիւններու օրերէն. այս կառոյցները հիմնուած են, որպէսզի արդարութիւն հաստատեն, որոշեն՝ որ արդարութեան եւ տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ ո՛վ ճիշդ է եւ ո՛վ սխալ, որովհետեւ իւրաքանչիւր ազգ եւ պետութիւն ունէր որոշ օրէնքներ եւ ժողովուրդը պարտաւոր էր այդ օրէնքներուն համաձայն գործել. սակայն այնպէս ինչպէս այսօր, նոյնպէս ալ անցեալին դատարանները արդարութենէ աւելի գործած են որոշ «առանձնաշնորհեալ» անձանց օգուտին համար. օրինակ՝ պատմութիւնը լաւապէս սերտելով պիտի հասկնանք, որ հին Հռոմի մէջ դատարանները իրենց վճիռները կ՚արձակէին շատ անգամ ի օգուտ հարստութիւն ունեցող քաղաքացիներու։ Նոյնն է պարագան հին Իսրայէլին, ուր դատական «արդարութիւն»ը նախ եւ առաջ կողմնակից էր իշխանութեան, հարուստներուն եւ ապա ժողովուրդին: այս չարդարութիւնը մի՛շտ ալ գոյութիւն ունեցած է, որովհետեւ մարդկային պատմութեան բոլոր ժամանակներուն մէջ մարդը երբեք իր նմանին հաւասար չէ եղած. եղած են պիտակաւորումներ՝ ինչպէս հարուստ եւ աղքատ, ուժեղ եւ տկար:
Ճիշդ է, դատարանները հաստատուած են երկրին մէջ արդարութիւն հաստատելու համար, սակայն, անոնց այդ առաքելութիւնը շատո՜նց անցած է արդէն վերացական. այսօր դատարանները միջոցներ են իշխանութեան դիրքը բարձր պահելու կամ հակառակորդները «պարտութեան» մատնելու։ Եւ պէտք չէ կարծել, որ այդ չարդարութիւնը ծածուկ կերպով կը կատարուի. օրինակի համար՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ սովորական՝ պարզ ու աննշան դատի մը արժէքը 2 հազարէն մինչեւ 5 հազար ամերիկեան տոլար է. միջին բարդութիւն ունեցող դատ մը՝ 10 հազարէն 20 հազար ամերիկեան տոլար է, իսկ աւելի բարդերը՝ 50 հազարէն մինչեւ 500 հազար ամերիկեան տոլար եւ աւելի։ Հայաստանի մէջ այդ գումարը կրնայ հասնիլ մինչեւ մի քանի միլիոն հայկական դրամի. քաղաքացիին արդար դատը պաշտպանելու համար ինչո՞ւ այսպէս մեծ թիւեր. նման պայմաններու մէջ աղքատ քաղաքացի մը ինչպէ՞ս կը պաշտպանէ իր դատը. եթէ դատին բարդութիւնը գումարի մէջ որոշ փոփոխութիւններ կը կատարէ, այդ պարագային ամենէն պարզ դատի պարագային հարուստը կրնայ իր դրամի ուժը ի գործ դնել, իւրաքանչիւրիս մէջ ծնունդ տալով հետեւեալ հարցին. այս մէկը դատարա՞ն է թէ ճաշարան՝ ուր մատուցուած սնունդը իր որակն ու արժէքները ունենայ:
Բարդ եւ երկարատեւ գործընթացները, թղթաբանութիւնները, վարչական տուրքերը արդարութիւնը ժողովուրդին համար դարձուցած են անհասանելի: Ժողովուրդ մը կ՚ուզէ հաւատալ նախ իր մէջը գտնուած արդարութեան համակարգին եւ ապա պետութեան, սակայն, երբ պետութիւնը, ինչպէս նաեւ դատարանները ժողովուրդի շահերու փոխարէն փոքրամասնութեան շահը կ՚ապահովեն, քայքայած կ՚ըլլան հասարակութեան հիմքը՝ վստահութիւնը եւ այսպէս է, որ ծնունդ կ՚առնէ հասարակական բարդութիւններ: Այսօր իջէք Հայաստանի փողոցները եւ հարցուցէք, թէ մարդիկ ինչքանո՞վ վստահութիւն ունին արդարութեան համակարգին հանդէպ. վստահ եղէք մեծամասնութեան կարծիքը պիտի ըլլայ բացասական:
***
Դատարաններու ցուցաբերած չարդարութիւնները ցոյց տալու համար կ՚ուզենք յիշել մեր թուականէն աւելի քան դար մը առաջ Պոլսոյ մէջ եղած դատավարութիւն մը։ 1909-1910 թուականներուն թուրք աղա մը դատարան դիմելով բողոք կը բարձրացնէ։ Մօտաւորապէս հինգ տարիներ առաջ կառավարութեան եւ հայ յեղափոխականներու միջեւ եղած բախումներու ընթացքին զոհ գացած իր հարազատին համար արեան գին կը պահանջէ եւ դատարանը ամենայն լրջութեամբ գործի կը դնէ թուրք աղային բողոքը. այդ բախումներուն կը զոհուին աւելի քանի մի քանի տասնեակ հազար հայեր, սակայն, անոնց արեան գինի մասին արդարութիւնը լուռ կը մնայ. վերջապէս «պատերազմական» մթնոլորտ է խաղաղութենէ ետք այդ բոլորը կը մոռցուին։ Սակայն, թուրք աղան կը յաջողի իր հարստութեան եւ «համբաւ»ին միջոցով մի քանի տասնեակ հազար հայերու արեան դիմաց պահանջել իր ազգականներէն մէկուն արեան գինը՝ որպէս արդար իրաւունք: Նոյն օրինակով կը գործեն աշխարհի բոլոր դատարաններն ու դատաւորները եւ այդ իսկ պատճառով կը հաւատանք, որ արդարութիւնը ո՛չ թէ ճշմարտութեան մէջ պէտք է փնտռել, այլ ուժի մէջ, որովհետեւ այսօր ուժ ունեցողն է, որ կը յաղթէ եւ այդ ուժը մեծ մասամբ նիւթական տեսք ունի:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Մերօրեայ դատարաններուն մէջ արդարութիւն գոյութիւն ունի՞:
Պատասխան. Մերօրեայ դատարաններուն մէջ արդարութիւնը կը մնայ ձգտում, սակայն, յաճախ տեղի կ՚ունենան կողմնակալութիւններ, տնտեսական եւ քաղաքական ազդեցութիւններ, որոնք կ՚առաջնորդեն որոշ վճիռներ արձակել՝ որոնք ճշմարիտ արդարութիւնը չեն ներկայացներ: Դատարանները փորձ կը կատարեն ապահովել անկախ եւ անկողմնակալ դատաստան, սակայն փոքր սխալներ կամ համակարգային խնդիրներ կրնան խանգարել արդար վճիռ կայացնելու: Արդարութիւնը միայն վճիռներէն կախեալ չէ. կարեւոր է հասարակութեան վստահութիւնն ու դատական գործընթացներու թափանցիկութիւնը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան