ՀԱՒԱՏՔ՝ Ո՛Չ ՔԱՆԱԿԸ ԱՅԼ՝ ՈՐԱ՛ԿԸ
Յիսուս Իր ամբողջ կեանքին ուսուցանեց, սորվեցուց եւ խօսեցաւ հաւատքի մասին եւ ցոյց տուաւ ճշմարտութեան տանող ճամբան։ Ան՝ երբ կը խօսի հաւատքի մասին, մանաւանդ կը մատնանշէ սա կէտին, թէ հաւատքը աւելցնելու ճամբան հարցուցին Յիսուսի։ «Աւելցո՛ւր մեր հաւատքը. ՂՈՒԿ. ԺԷ 5», Ան պատասխանեց. «Եթէ մանանեխի հատիկի մը չափ հաւատք ունենաք եւ ըսէք այս թթենիին.- Արմատխիլ եղիր եւ ծովուն մէջ տնկուէ, պիտի հնազանդի ձեզի». (ՂՈՒԿ. ԺԷ 6)
Յիսուսի այս պատասխանը ցոյց կու տայ, թէ հաւատքը աւելցնելիք բան մը չէ՛, այլ անոր որակն է կարեւորը։ Արդարեւ, կեանքի մէջ, շատ մը արժէքներու կարեւորութիւնը անոնց ո՛չ թէ քանակովը, այլ որակովը կը յայտնուի։
Հաւատքը երկու երեսակներովը պէտք է ուսումնասիրել. հաւատք՝ մարդու եւ Աստուծոյ միջեւ, եւ հաւատք՝ մարդու՝ մարդու միջեւ։ Ուստի, նախնական մարդը պէտք չունէր հաւատքի, քանի որ ան զԱստուած կը տեսնէր երես երեսի, այլ երբ վտարուեցաւ դրախտէն իր իսկ անհնազանդութեան պատճառով, հաւատքի պէտքը զգաց զԱստուած ճանչնալու եւ տեսնելու համար։ Այսօր մարդ պէտք ունի հաւատքի, քանի որ հաւատքը մարդը կը միացնէ Աստուծոյ՝ որմէ հեռացած էր նախամարդուն անհնազանդութեան պատճառով։ Հաւատքը կը ցուցաբերէ այն էական ճշմարտութիւնը, թէ մարդ առանց Աստուծոյ գոյութիւն չ՚ունենար եւ չի՛ կրար գոյատեւել։
Հաւատքը, այս իմաստով, լոյս է եւ յոյս՝ մեզ Աստուծոյ տանող ճամբուն վրայ։ Հաւատքը, խաւար ճամբայի մը վերջաւորութեան լո՛յսն է։ Ուստի, հաւատքը՝ չի՛ վհատիր, չի՛ յուսահատիր, այլ կը յուսայ, կը ներէ, կը սիրէ։ Բայց հաւատքը պէտք է միանայ եւ համընթաց ըլլայ կամքին եւ կորովին. ճամբան եթէ նոյնիսկ անկարելի է եւ արգելքներով լեցուն՝ կամքով եւ կորովով միացած հաւատքը կը վերցնէ բոլոր արգելքները։ Հաւատքը՝ խաւարին մէջ լոյսը տեսնե՛լ է։
Հաւատքը, քանի որ Աստուծոյ մօտենալու միակ ապահով եւ վստահելի ճամբան է, ապա ուրեմն, երբ մարդն ալ Աստուծոյ մէկ արարածն է, մարդ պէտք է իր նմանին՝ մարդուն նկատմամբ ալ հաւատք ունենայ։ Եթէ չըլլայ այդ հաւատքը՝ հաւատքը «հաւատք» ըլլալէ կը դադրի։
Այս «հաւատք»ը, արդարեւ, կ՚իրականանայ իր նմանը սիրելով, միշտ ներելով, ո՛չ միայն մէկ անգամ, այլ եօթն անգամ եօթանասունեօթ ներել, այնքան ատեն որ մեղաւորը անկեղծօրէն ներողութիւն կը խնդրէ։ Մարդուն մարդը սիրելը կը սկսի անկեղծ սիրով եւ կը շարունակուի ներումով եւ կը կատարելագործուի, վախճանին կը հասնի հաւատարմութեա՛մբ։ Հաւատքը պէ՛տք է գործի վերածուի, իրագործուի սիրով եւ յոյսով։ Հաւատքը կեանքն իսկ է, եւ կեանքի նման պէտք է ընթացք ունենայ, շարժի եւ բարձր որակ ունենայ, քանի որ հաւատքը ո՛չ թէ քանակի, այլ որակի գործ մըն է՝ առանց գործի հաւատքը ո՛չ մէկ արժէք կը ներկայացնէ։
Ուստի, սիրելի՜ բարեկամներ, հաւատանք եւ սիրենք…
Հաւատքը իրագործենք կեանքի մէջ։ Աշխարհի մէջ եւ միշտ սիրենք, ներենք, օգնենք եւ հաւատքի կեանքի բոլոր բարիքները վայելենք։ Արդարեւ, աշխարհի վրայ բազմաթիւ փորձութիւններ կան, աշխարհ կատարեալ չէ, բայց մենք ալ թերութիւններ եւ տկարութիւններ ունինք եւ կատարեալ չենք. սակայն պէ՛տք է հաւատանք, որպէսզի ճանչնանք զԱստուած, տեսնենք զԱյն եւ վկաներ ըլլանք հրաշքներու…
Ուստի, Յիսուսէ չուզենք, որ աւելցնէ մեր հաւատքը, այլ ուզենք, որ մեր հաւատքը ըլլայ գիտակից, խորութիւն ունենայ, եւ ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս, հաւատքով հասկնանք ճշմարտութիւնը եւ հասկնալով հաւատանք։ Ասոր համար պէտք է ունենալ մաքուր սիրտ, անկեղծ սէր, որոնցմով պիտի ունենանք հոգեկան ուժականութիւն…
Ուստի, սիրելի՜ներ, առակին մէջ յիշուած թթենիին արմատները զօրացնենք, որպէսզի անոր պտուղները քաղցր ըլլան։ Այսպէսով՝ օգտակար ըլլանք մենք մեզի եւ նաեւ հաւաքական կեանքի մէջ բոլոր մեր նմաններուն։
Եւ երբ խօսքը անկեղծ, աներկբայ, անկասկած, այսինքն՝ որակաւոր հաւատքի մասին է, հարկ է պատասխանել անոնց՝ որոնք կ՚ըսեն, թէ Աստուած թէեւ ամենակարող է, ամէն ինչ կարելի է Անոր համար, բայց Ան չի՛ կրնար փոխել անցեալը։ Այսպէս կը խորհին եւ կը խօսին ոմանք՝ թերահաւատներ, քանի որ անոնց «հաւատք»ը չէ հասած իր բարձր որակին, անոնց հաւատքը աւելնալու պէտք չունի, այլ՝ որակը բարձրացնելո՛ւ։ Նախ, Աստուած բացարձակապէս Ամենակարո՛ղ է եւ կրնայ փոխել «անցեալ»ը, որովհետեւ Ան անժամանակ է, անցեալը եւ ապագան Անոր համար միշտ ներկա՛յ է։ Ժամանակի հարցը միայն մարդուս համար է։ Յետոյ Աստուած Ամենատես է եւ կարող է իշխել ժամանակին։ Վերջապէս Սուրբ Գիրքը կը վկայէ, որ Աստուած կրնայ փոխել ժամանակը, կրնայ անցեալը նաեւ ետ դարձնել. «Ահա ստուերը Աքազին արեւու ժամացոյցին վրայ իջած աստիճաններէն տասը աստիճան ետ պիտի դարձնե՛մ։ Եւ արեւը իջած աստիճաններէն տասը աստիճան ետ դարձաւ». (ԵՍԱՅԻ. ԼԸ 8)։
Որակաւոր հաւատքը գիտէ՛, որ Աստուած Ամենակարո՛ղ է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 24, 2025, Իսթանպուլ