ՕՐԻՆԱԿԱՆ ԳՈՂՈՒԹԻՒՆ

Այսօր մեր շուրջ կը տեսնենք, որ գրեթէ ամէ՛ն մարդ (մանաւանդ Հայաստանի մէջ) ունի պարտքեր եւ լուրջ ձեւով անոնց տոկոսներուն տակ ճնշուած ելք մը կը փնտռէ: Սակայն Աստուածաշնչական ընթերցումներէն լաւապէս կը յիշենք, թէ քրիստոնէութիւնը (ինչպէս նաեւ այլ կրօններ) տոկոսը մեղք կը նկատէ, սակայն մեր օրերուն տարօրինակ ձեւով բնական ու «անմեղ» վիճակով մը կը շարունակէ մարդոց կեանքը դժուարացնել: 

Քրիստոնէութիւնը անհատոյց ողորմութեան մասին բազմիցս կը խօսի, որովհետեւ հոգեւոր ու մարդկային զգացումներով մարդ պարտի ողորմութեամբ օգնել իր նմանին՝ որ դժուարութեան մէջ է. տոկոսով դրամ տալը յաճախ կը դիտուի որպէս «օգնութիւն», որովհետեւ մարդը այդ գումարով իր գործը առջեւ կը տանի, սակայն եկեղեցւոյ հայրերը այդ մէկը կը կոչեն «կրկնակի չարիք», որովհետեւ տոկոսը ուրիշի չարչարանքին, ուրիշի զրկանքին հաշւոյն ձեռք բերուած շահ է: Աւելին, եկեղեցւոյ հայրերէն Ս. Բարսեղ տոկոսով գումարը կը նմանեցնէ օձի թոյնի, որ սկիզբը աննկատ, սակայն, ժամանակի ընթացքին մարդը մահուան կ՚առաջնորդէ: Բայց մեզի համար կարեւոր է ուսումնասիրել, թէ ինչո՞ւ համար տոկոսը ներկայացուած է որպէս մեղք: 

Աստուած աշխարհն ու անոր վրայ գտնուող ամէ՛ն բան ստեղծեց մարդուն համար՝ հաւասարապէս. տոկոսը, սակայն, մարդկային անհաւասարութեան ապացոյցն է. մէկը հարուստ՝ միւսը աղքատ եւ այն մարդը, որ պարտաւորուած է տոկոսներ վճարել, ապա անհաւասար է այն անձին դիմաց, որ տոկոսով գումար կը տրամադրէ։ Ս. Յովհաննէս Ոսկեբերան կ՚ըսէ. «Տոկոսը անարդարութեան ծնունդն է եւ արցունքով կը սնուի». արցունքով կը սնուի, որովհետեւ աղքատը (որ արդէն իսկ նեղութեան մէջ է) ինքզինք աւելի նեղ կացութեան կը մատնէ, որպէսզի տոկոսները վճարէ եւ այն գումարը, որ սկիզբը որպէս «փրկութիւն» կը թուէր, կը դառնայ տաժանակիր պարտաւորութեան մը, որ կրկնակի բեռ կը դառնայ արդէն իսկ աղքատ ու թշուառ իր կեանքին վրայ: 

Եկեղեցւոյ հայրերէն Ս. Ամբրոսիոս տոկոսով գումար տալը կը կոչէ «օրինականացած գողութիւն», որովհետեւ քրիստոնէական համոզումով եղբայրը պէտք է պարտքէն փրկել եւ ո՛չ թէ նոր ու աւելի խեղդող վիճակի առաջնորդել: Այս լուրջ մեղադրանքներուն պատճառներէն մէկը այն է, որ մարդը մարդուն շահի աղբիւր պէտք չէ դարձնէ. մարդը կրնայ աշխարհը մշակել եւ իր շահը ապահովել իր գործով ու աշխատանքով, սակայն, տոկոսը որպէս մարդու շահագործութիւն կը դիտուի: Տոկոսին մեղք ըլլալը հիմնական մի քանի պատճառներ ունի. 

Ա.- Մարդոց կարիքը շահի վերածել.- Տոկոսով գումար կը վերցնէ այն մարդը, որ նեղութեան եւ կամ կարիքի մէջ է եւ տոկոսով գումար տուող մարդը այդ նեղութիւնն ու կարիքը շահագործելով իր սեփական շահերուն ծառայեցնել կը փորձէ։ Անձ մը, որ նեղութեան մէջ չէ, արդէն իսկ տոկոսով գումարէն հեռու կը մնայ։ Քրիստոնէութիւնը նման պարագաներու մէջ իր նմանին օգնել կը յորդորէ եւ ո՛չ անոր կարիքը շահագործել: Օգնութիւնը սիրոյ մեծագոյն նշանն է եւ քրիստոնէութիւնը հիմնուած է սիրոյ վրայ. տոկոս տուող եւ վերցնող մարդուն մէջ եղբայրական եւ սիրոյ ո՛չ մէկ երեւոյթ գոյութիւն կ՚ունենայ. կը վերածուի հաշուարկի ու շահի: 

Բ.- Այդ մէկը «բարիք»ի անուան տակ չարիք է.- Եկեղեցւոյ հայերը կը հաւատան, որ տոկոսով գումարը ո՛չ թէ կը բուժէ, այլ նոր վէրք կը բանայ արդէն իսկ դժբախտ մարդուն մօտ. մարդ իր կարիքները հոգալու եւ «ազատել»ու փոխարէն նոր կախուածութիւններ կը ստեղծէ եւ այդ նոր կախուածութեան հանդէպ իր պարտաւորութիւնը կատարելու մտահոգութեան կը տրուի: Տոկոսը երկու մարդու միջեւ կը ստեղծէ պարտատէրի եւ պարտաւորի կարգավիճակ՝ ինչ որ հակառակ է Աստուծոյ հաւասարութեան գաղափարին. տոկոսով գումար տուողը ո՛չ թէ կ՚օգնէ, այլ նոր շահեր ապահովել կ՚ակնկալէ:

Պարտքի դրամ տուողը ագահ կը դառնայ եւ աւելի բարձր իշխանութիւն ունենալ կը կարծէ, մինչ տոկոսով գումար վերցնողին մօտ կը ծնի վախի զգացում եւ նոր բեռ կ՚աւելնայ անոր արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող մտահոգութիւններուն վրայ: 

Աստուածաշունչին մէջ աղքատներուն եւ կամ մօտիկ հարազատին գումար տալու մասին յստակ կը գրէ. «Եթէ իմ ժողովուրդի աղքատներէն մէկուն դրամ տաս, անոր հանդէպ վաշխառու չըլլաս, տոկոս չի վերցնես» (Ելից 22:25): 

***

Երբ եկեղեցական էի, տոկոսով գումար տուող հայ մը ուզեց զրուցել։ Բաւականին երկար եւ մանրամասն խօսեցաւ իր կեանքի մասին: Աւելի քան երեսուն տարի տոկոսով գումար կու տար մարդոց. ուզեց անպայման առիթով մը իր գրասենեակը այցելեմ: Մարդուն սեղանին վրայ կար մի քանի տասնեակ ծրարներ՝ բոլորն ալ դատարաններու որոշումներ էին: Իր իսկ խոստովանութեամբ մինչեւ այդ օր բազմաթի՜ւ մարդոց դժբախտութեան պատճառ եղած էր. պարտքն ու տոկոսը չվճարող բազմաթի՜ւ մարդոց տուներն ու խանութները խլած էր. բազմաթի՜ւ դժբախտներ իր պատճառով բանտ մտած էին: Հարուստ էր՝ սակայն խիղճը արդէն սկսած էր զինք նեղել. միայն մէկ հարցում հարցուցի. «Կ՚ուզէի՞ր զաւակդ նոյն գործով զբաղէր». պատասխանը ո՛չ էր. ինք հարստացած, սակայն, խիղճը թշուառութեան մատնը-ւած էր. նման մարդոց թիւը քիչ չէ աշխարհի վրայ:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Տոկոսով գումար տալը բարի՞ք է, թէ չարիք:

Պատասխան. Աստուածաշունչին համաձայն՝ տոկոսով գումար տալը մեղք է, մանաւանդ երբ կը կատարուի ճնշում գործադրելով եւ անարդարութեամբ շահ ձեռք բերելու նպատակով: Ս. Գիրքը բազմիցս կը նշէ, որ պէտք է աղքատին օգնել առանց շահ ակնկալելու: Հիմնական գաղափարը այն է, որ մարդ պէտք է սիրով ու ողորմութեամբ օգնէ ուրիշին եւ ո՛չ թէ շահ ակնկալէ ուրիշին կարիքին կամ դժբախտութեան հաշւոյն: Եթէ տոկոսով գումարը կը նեղէ նեղութեան մէջ տոկոսով գումար վերցնողին, ապա չարիք է, իսկ արդար ու օգնելու նպատակով տրամադրուած պարտքը՝ բարիք:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2025