ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԻԿ ԵՐԿՈՒ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ
«Այլեւս երկար պիտի չխօսիմ ձեզի, որովհետեւ ահա կու գայ այս աշխարհի իշխանը, որ իմ վրաս ո՛չ մէկ իշխանութիւն ունի». (ՅՈՎՀ. ԺԴ 30)։
Մարդկային պատմութեան սկիզբէն ի վեր հոգեւոր եւ աշխարհիկ արժէքներու միջեւ միշտ եղած է իշխանութեան, չըսելու համար կռիւ մը, մրցակցութիւն մը, թէ՝ ո՞րը պէտք է իշխէ միւսին վրայ եւ թէ ո՞րը նախապատուութեան արժանի է այս հարցին մէջ։
Բայց Յիսուս այս մասին կու տայ վճռական պատասխան մը, որուն եթէ հնազանդին մարդիկ, արդէն լուծուած կ՚ըլլայ հարցը. «Ուրեմն զայն որ կայսրիին է՝ կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք». (ՄԱՏԹ. ԻԲ 21)։
Dr. Önder Güngör իր «Gelasius’un Kılıçları» գիրքին մէջ ընդարձակ կերպով կ՚ուսումնասիրէ քաղաքական եւ հոգեւոր իշխանութիւններու փոխյարաբերութիւնները եւ բախումները՝ որուն արդէն անդրադարձած էինք 15 մարտ 2024 թուակիր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի սիւնակներուն մէջ։
Եկեղեցիի հիմնադիրը՝ Յիսուս Քրիստոս, իր հանրամարդկային քարոզներով, ուսուցումով եւ անձնական օրինակով ցոյց տուաւ մարդոց, թէ ի՛նչպէս պիտի հասնին հաւասարութեան, եղբայրսիրութեան, ներդաշնակութեան եւ խաղաղութեան անձնական եւ հաւաքական բարձր գաղափարին։ «Սիրեցէ՛ք զիրար» բազմիմաստ պատուէրով հարուածեց մարդոց մէջ խոր արմատ ձգած այն հասարակական անհաւասարութիւնը եւ խորտուբորտութիւնը՝ որոնք դարերու ընթացքին «օրէնք» դարձեր էին եւ մարդոց մեծամասնութիւնը ստրուկ եւ հլու կամակատար ըրեր ուժեղներու, զօրաւորներու ճիրաններուն մէջ։
Յիշենք, որ յանուն այդ բարձր սիրոյ գաղափարին, Յիսուս դատափետեց այն անհարթութիւնները եւ անարդար խոչերը՝ որոնք դարերու ընթացքին խոր անդունդ բացեր էին ժողովուրդի եւ ազգերու զանազան խաւերու մէջ՝ ցոյց տալով, որ միայն այդ ընդհանուր սէրը կարող է «եղբայրացնել» աշխարհիկը եւ հոգեւորը, տէրը եւ ծառան, բռնակալը եւ ստրուկը։
Եկեղեցին կը հանդիսանայ բարոյական մեծ աստուածահաստատ հիմնարկութիւն մը։ Ան ունի իւրայատուկ օրէնք, իրաւունք, ինքնիշխանական կարողութիւն եւ ինքզինք կառավարելու իրաւասութիւն եւ զօրութիւն։ Հետեւաբար, Եկեղեցին այս տեսակէտով իրաւաբանական հասկացողութիւն չէ՛, այլ զուտ բարոյական-հոգեւոր եւ կրօնական, ինչպէս կ՚ըսէ Յիսուս. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ». (ՅՈՎՀ. ԺԸ 36)։
Եկեղեցիի բարձր գաղափարները եւ միջոցները թէեւ զուտ բարոյական-հոգեւոր-կրօնական են, բայց անոնք գործադրելով եւ կիրարկուելով մարդկային հասարակութեան մէջ, առաջ կը բերեն անհատնելի յարաբերութիւններ, զանազան անձերու շահերու մրցումներ, բազմատեսակ կամքերու եւ ցանկութիւններու շփումներ, ակնկալութիւններ եւ անով զուտ գաղափարական-բարոյականէն կ՚անցնին գործնականին, որմէ եւ կը ծագի ԻՐԱՒՈՒՆՔի խնդիրը։
Եւ այսպիսով, Եկեղեցին իր առանձին կարգ-կանոնով, իր բարոյակրթական, պատժողական եւ ուղղիչ միջոցներով կը կազմէ ամբողջական մարմին՝ իրաւաբանական մտքով, որով եւ կը զբաղուի «Եկեղեցական իրաւունք»ը։ Այս իւրայատուկ իրաւունքը կը վերաբերի ո՛չ Եկեղեցւոյ էութեան, ինչպէս աստուածային հաստատութեան, այլ այն արտաքին կազմակերպութեան՝ որով սահմանի տակ կը դրուին անոր բոլոր անդամներու բազմազան յարաբերութիւնները։ Եւ ասիկա Եկեղեցւոյ ներքին հարցն է, որուն միջամտել օրինաւոր չէ՛։
Եկեղեցական իրաւունքը արտանձնական մտքով այն օրէնքներու եւ սահմաններու համախմբումն է, որոնցմով կ՚որոշուի Եկեղեցիի յարաբերութիւնը ուրիշ հասարակական մարմիններու հետ։
Դարերով փաստուած է եւ այսօր ալ ակնյայտ է, թէ Եկեղեցին պարգեւն է ժողովուրդին՝ թէ ան ոգի է, ուժ է եւ լո՛յս. կամ մարմնացումը այս բոլորին։ Անշուշտ կարելի չէ մեկուսացուած մնալ ժամանակի եւ միջավայրի ազդեցութենէն։ Սակայն, միւս կողմէն, ժամանակին եւ պատահարներուն տրուելիք տունքը պէտք չէ՛ այնքան շատ ըլլայ, շեղեցնելու չափ հոգեւոր այս տնտեսութիւնը իր դերէն։ Արդարեւ, երբ ուժ մը կը շեղեցուի եւ շեղեցնելու փորձեր կը կատարուին իր սեփական ուղղութենէն, ան իբր ուժ այլեւս չի կրնար ծառայել ո՛չ ինքզինքին եւ ոչ իսկ իր շուրջ դարձող նկատումներուն։
Երբ դուրս կը հանուի Եկեղեցին իր իսկական դերէն եւ կը բռնադատուի զայն մտնել քաղաքականութեան մէջ, կամ գետին դառնալ քաղաքական խաղարկութիւններու, զայն կը վերածեն «զէնք»ի մը՝ որ փրկարար ըլլալու փոխարէն սահմանուած կ՚ըլլայ վտանգաւոր եւ վնասակա՛ր ըլլալու։
Ուստի, Եկեղեցւոյ ամէն միջամտութիւն վնաս կը պատճառէ անոր, եւ անուղղակիօրէն ժողովուրդին եւ նաեւ միջամտողին։ Եկեղեցին արդէն իր իրաւունքներով եւ օրէնքներով կրնայ, կարո՛ղ է ինքզինք կառավարել, եւ թողուլ պէտք է իր լիազօրութեանը մէջ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 26, 2025, Իսթանպուլ