ՆՊԱՏԱԿԻ ՊԱԿԱՍ ՈՒՆԻՆՔ
Հայ ազգի խնդիրները լուծել փորձողները պարզապէս «դերասան»ներ են, որոնք ի ցոյց մարդկանց կը փորձեն որպէս «բան մը ընող» մը երեւիլ. զանոնք դերասան կը կոչենք, որովհետեւ անոնք եւս լաւապէս ունին այն գիտակցութիւնը, որ այդ փնտռուած լուծումը երկինքէն տեղացող մանանայ մը չէ եւ այդ լուծումը ձեռք բերելու համար մոգական հմտութիւններու կարիքը չկա՛յ. շատեր այդ լուծումը կը փորձեն գտնել նիւթականի եւ կամ ռազմական զօրութեան մէջ. անո՛նք եւս չեն այդ հիմնական լուծումը, որուն մեր ազգը այսօր պէտք ունի. հաւատացէ՛ք, որ շատ շատ աւելի պարզ ու դիւրին է լուծումը, որուն բացակայութիւնը ունինք այսօր. նպատա՛կ:
Այսօր մենք ունինք նպատակի պակաս, ինչ որ ծնունդ կու տայ անտարբերութեան։ Անշուշտ, վերոյիշեալ «դերասան»ները կրնան հազար ու մէկ նպատակներ թուարկել՝ առանց անդրադառնալու, որ անոնք շատ անգամ նպատակն ու միջոցը կը շփոթեն եւ առ այդ աննպատակ միջոց մը կ՚ունենան իրենց ձեռքին տակ: Ամէն նպատակ գաղափար մը կ՚ենթադրէ եւ բոլոր կրօնները կը գոյատեւեն՝ որովհետեւ ունին գաղափարախօսութիւն մը, նպատակ մը եւ դէպի այդ նպատակը առաջնորդել կը խոստանան ժողովուրդը. կրօն մը անդենականին մէջ յաւիտենական հանգիստ կը խոստանայ, ուրիշ մը երկրաւոր կեանքի մէջ բարիք ու ողորմութիւն, սակայն, երկուքի պարագային ալ կրօնը միջոց է հասնելու այդ խոստացուած նպատակին եւ առ այդ նպատակը անոնց համար աւելի առաջնահերթ է՝ քան միջոցը. ի տարբերութիւն մեր ազգի, ունինք միջոցները, սակայն, այդ միջոցները չունին նպատակ, չունին յստակ գաղափարախօսութիւն եւ եթէ նոյնիսկ ունին, այդ մէկը անծանօթ է բոլորին:
Այս բոլորը աւելի յստակ դարձնելու համար ըսենք. մեր մէջ գոյութիւն ունեցող կուսակցութիւնները իրականութեան մէջ նպատակներ չեն. այսօր կը տեսնենք, թէ ամէն կուսակցութիւն կը փորձէ իր անդամներուն թիւը բազմապատկել՝ իրեն նպատակ դարձնելով նոր անդամներ ունենալը. միութենական կամ կուսակցական ըլլալը նպատակ չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ իւրաքանչիւր կուսակցութիւն, իւրաքանչիւր միութիւն պարտի ունենալ իր գաղափարախօսութիւնը, որուն վրայ կը հիմնուի նպատակը: Վէրքը շատ պարզ ու յստակ է. մերօրեայ կուսակցականներէն քանի՞ն լաւապէս տեղեակ է իրենց անդամակցած կուսակցութեան գաղափարախօսութեան եւ հետապնդած նպատակներուն:
Անցեալին կար նպատակը, սակայն, միջոցը կը պակսէր. այսօր կը տեսնենք, թէ կայ միջոցը՝ սակայն նպատակը կը մնայ անծանօթ: Անշուշտ, մեր ազգի ներկայացուցիչներուն համար «նպատակ» ստեղծելը շատ դիւրին է. պատմութեան էջերը լեցուն է այնպիսի անձերով, որոնք իրենց սեփական շահերուն համար յաջողած են ստեղծել ոսկեզօծ նպատակներ, ժողովուրդին փոխանցած են գեղեցիկ հեռանկար եւ միամիտ ամբոխին շնորհիւ հասած են իրենց սեփական նպատակներուն՝ որոնք ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ իրենց սեփական շահերը. վկայ Հայաստանի ներկայի կառավարութիւնը:
Անցեալին հայ ժողովուրդը յաղթեց, իսկ այսօր՝ պարտուածի դերին մէջ կը գտնուի. տարբերութիւնը ուժի եւ կամ զինամթերքի հարց չէ. հայ ժողովուրդը զէնք չունեցած ժամանակ դարձեալ յաղթեց աւելի զօրաւոր պետութեան. հարցը նպատակի հարցն է, որովհետեւ բոլոր անոնք, որոնք հայ ժողովուրդի յաղթանակը կերտեցին, ունէին յստակ նպատակ եւ գաղափարախօսութիւն մը:
Այսօր այդ գաղափարախօսութեան չգոյութիւնը անտարբերութիւն մը ստեղծած է մեր ժողովուրդին մէջ. մերօրեայ երիտասարդներէն քանի՞ն կրնայ այսօր յստակ նպատակներ թուարկել՝ յստակ միջոցներով. սփիւռքի եւ կամ հայրենիքի մէջ գործող կուսակցութիւնները, կազմակերպութիւններն ու միութիւնները յստակ ի՞նչ նպատակով կ՚առաջնորդուին եւ այդ նպատակի իրականցման համար ինչպիսի՞ զոհողութիւններ ի գործ կը դնեն: Ամէ՛ն տեղ, ամէ՛ն օր ժողով… ժողով… ու դարձեալ ժողով. այդ ժողովներէն արդիւնք կարելի չէ ակնկալել, որովհետեւ եթէ յստակ չէ նպատակը, յստակ չէ գաղափարախօսութիւնը, այդ ժողովները կը մնան անիմաստ միջոցներ՝ որոնք կը հետապնդեն գոյութիւն չունեցող նպատակ մը:
Նպատակը պիտի ունենայ յստակ ուղի, յստակ հանգրուաններ եւ սերունդներ ամէ՛ն ջանք ի գործ պիտի դնեն շարունակելու համար այդ նպատակի ուղին՝ մինչեւ այդ նպատակները միջոցներու ճամբով իրականութիւն դառնայ: Մեր թուականէն տասն տարի առաջ ալ ժողով կը գումարուէր. այսօր ալ ժողով կը գումարուի. անցնող տասը տարիներու գումարուած ժողովներու ատենագրութիւնները եթէ քով քովի բերենք, ի՞նչ առաջխաղացում պիտի տեսնենք. այդ ժողովներէն քանի՞ն իր նպատակին ծառայած է, իր անդամները առաջնորդած է դէպի այն սրբազան նպատակը՝ որ կը հետապնդէ կուսակցութիւնը եւ կամ կազմակերպութիւնը: Պէտք է յստակ ըլլայ, որ շատ մը չոր ու ցամաք տեսութիւններ ու սկզբունքներ պէտք չէ շփոթել նպատակի եւ գաղափարախօսութեան հետ. նոյնիսկ երազները պէտք չէ շփոթել նպատակներու հետ, որովհետեւ մեր ազգին մէջ կա՛մ ընդհանրապէս նպատակ գոյութիւն չունի եւ կամ գոյութիւն ունի՝ անիրականանալի եւ երազական, ցնորական երեւոյթով:
Հաւատացէք, եթէ մեր ազգին մէջ գոյութիւն ունենար յստակ նպատակ, ապա գոյութիւն կ՚ունենար նաեւ սէր ու միութիւն, որովհետեւ նոյն գաղափարը հետապնդողները կ՚ըլլային ո՛չ թէ թշնամիներ կամ մրցակիցներ՝ այլ գաղափարակիցներ։ Այո՛, շատ անգամ նոյն գաղափարը հետապնդելով հանդերձ մարդիկ կրնան հակառակիլ, որովհետեւ անոնց ընտրած միջոցները կը տարբերին. նպատակն է, որ կը մնայ նոյնը:
Այս բոլորը աչքի առջեւ նկատի ունենալով այսօր ո՞ր հայկական կուսակցութիւնն ու կազմակերպութիւնը ունի կարողութիւնը յստակ, տարիներու վրայ երկարող նպատակ մը դնել հայ ժողովուրդի դիմաց՝ յստակ ռազմավարութեամբ ու միջոցներով. կը կասկածինք. գոյութիւն ունին միայն ճառախօսներ, որոնք նպատակը մոռցած միջոցի փառաբանութիւնը կը կատարեն:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Միջո՞ցն է կարեւորը, թէ նպատակը:
Պատասխան. Նպատակն է կարեւորը, որովհետեւ առանց նպատակի միջոցը կը դառնայ կորսուած քայլ: Մարդ պէտք է առաջ երթայ, սակայն, եթէ նպատակը կը պակսի, ապա այդ քայլը մարդուն արդիւնք մը չի տար: Նպատակն է, որ արժէք կու տայ միջոցին՝ դարձնելով նպատակասլաց: Հետեւաբար միայն նպատակ ունենալով է, որ մարդ կրնայ իմաստ ու արդիւնք ստանալ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան