ՔԱՌԱԹԵՒ ԽԱՉԸ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ ՆՇԱՆԱԿ
«Տանիքիս պահպարանը թող խաչիդ ձեւը ըլլայ. աչքիս նայուածքին դէմ թող փրկական չարչարանքներուն խորհուրդը դրուի…». (Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Աղօթամատեանէն՝ Բան ՂԱ)։
Խաչը մեր փրկութեան եւ պահպանութեան սուրբ առարկան է, բայց փրկութիւնը եւ պահպանութիւնը պէ՛տք է կրել զայն։ Իսկ «խաչը կրել» կը նշանակէ պայքար, չարչարանք, տանջանք եւ տառապա՛նք։ Եւ աշխարհն ալ՝ պայքարի դաշտ մը, չարչարանքի, տանջանքի եւ տառապանքի վայր մը։ Այս իմաստով՝ քառաթեւ խաչը աշխարհի խորհրդանիշն է, եւ այս ուղղութեամբ խաչը նմանութիւն ունի աշխարհի յայտնութեան։
Խաչը թէ՛ ձեւով, թէ՛ իմաստով կը նմանի աշխարհին։
Ինչպէս նախապէս այս սիւնակներուն մէջ ուսումնասիրած էինք՝ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի, Խաչը կը բաղդատէ հետեւեալ հոգեւոր տուեալներով։
«Քրիստոս խաչով մեռաւ, որովհետեւ նախ՝ Խաչը աւելի կը հակադրուի Ադամի մեղքին, քանի որ ինչպէս Ադամը ոտքով գնաց եւ ձեռքը երկարեց ծառին, կերաւ պտուղը եւ եղծեց մարդկային ցեղը, այդպէս ալ մեր Տէրը ոտքով գնաց դէպի Խաչը, ձեռքը բեւեռեց փայտի վրայ եւ լեղի ճաշակեց եւ այդպէս փրկեց մարդկութիւնը։
Երկրորդ՝ քանզի անարգ էր Խաչի մահը, ինչպէս Օրէնքին մէջ կ՚ըսուի. «Անիծեալ է իւրաքանչիւր ոք, որ կախուած է փայտէն». (Բ ՕՐ. ԻԱ 23)։ Այս պատճառով ալ Քրիստոս կախուեցաւ փայտէն, վերցուց մեր մեղքերը եւ օրհնեց մեզ։
Երրորդ՝ Իսահակի խոյը կախուեցաւ Սաբեկի ծառէն, որ երկճիւղ էր, ինչ որ օրինակ էր Քրիստոսի ճշմարիտ Խաչին։
Չորրորդ՝ Ոսկեբերանը կ՚ըսէ.- Քրիստոս այն պատճառով Խաչ բարձրացաւ, որպէսզի ցոյց տայ, թէ իր մահը ճանապարհ է դէպի երկնքի արքայութիւն, ինչպէս Յակոբ տեսաւ սանդուխը՝ որուն գլուխը երկինք կը հասնէր, եւ Տէրը հաստատուած էր անոր վրայ»։
Տաթեւացի բազմաթիւ խորհուրդներ կը տեսնէ հոն՝ Խաչին չորս թեւերուն վրայ։
«Խաչին չորս թեւերը կը նշանակեն չորս բարութիւնները՝ որ Քրիստոս տուաւ մեզի։ Վերը՝ երկինքի արքայութեան բացուիլը, վարինը՝ դժոխքի աւերումը, աջը՝ շնորհներու բաշխումը, ձախը՝ մեղքերու թողութիւնը եւ քաւութիւնը։
Երկրորդ՝ կը նշանակէ չորս առաքինութիւնը՝ որոնք հարկ է տարածել մեր ներքին մարդու մէջ։ Վերը կը նշանակէ սէրը, վարը՝ խոնարհութիւնը, աջը՝ հնազանդութիւնը, ձախը՝ համբերութիւնը
Երրորդ՝ կը նշանակէ մեր դրախտէն ղրկուիլը, քանի որ աջ էինք՝ ձախ դարձանք։
Չորրորդ՝ կը նշանակէ չորս խորհուրդը. վերին մասը՝ միշտ վերի մասին խորհիլ, ուր Քրիստոս նստած էր. (ԿՈՂ. Գ 2), ներքինը՝ մեր կեանքի վախճանն է։ Աջը եւ ձախը դատաստանի ընտրութիւնն է, փառքը՝ աջակողմեաններուն, պատիժը՝ ձախակողմեաններուն։ Եւ այլ բազմաթիւ խորհուրդներ ունի…
Դարձեալ բազմաթիւ նշանակութիւն ունի քառաթեւ խաչը… Աշխարհի չորս կողմը խաչաձեւ է՝ արեւելք, արեւմուտք, հիւսիս եւ հարաւ… Խաչաձեւ է նաեւ մարդը՝ եւ բոլոր կենդանիներու գլուխը, ինչպէս օդին մէջ սաւառնող թռչուններ…»։
Եւ այս ճշմարտութիւններուն դիմաց պէտք է հարցնենք մենք մեզի, թէ ո՞ւր է խաչը մեր կեանքին մէջ, մարմնազա՞րդ մը միայն, թէ՝ խորհո՛ւրդ մը։
Մարդկային կեանքի մէջ կայ չորս կողմ, որոնց մէջտեղ կը գտնուի աստուածատուր կեանքը. արեւելքի կողմը կայ կենաց ծառը՝ որը մերժեց մարդը անհնազանդութեան սկզբնական մեղքը գործելով։ Եւ այդ մերժուած ծառը վերածուեցաւ խաչափայտի։ Այսպէս՝ մարդը ընտրեց «չարակողմ»ը փոխանակ բարիի։ Մարդը կոչուած է կեաքի կեդրոնին վրայ բերելու եւ զետեղելու Քրիստոսի Խաչը փոխանակ չար կողմի խաչափայտի։
Արեւմտեան կողմը կ՚ենթադրէ տիեզերական Եկեղեցին։ Հարաւը կ՚ենթադրէ աշխարհի պտղաբերութիւնը եւ Հիւսիսային կողմին կը գտնուին տունը, ընտանիքը, քաղաքը՝ ուր քաղաքացիներ կ՚ապրին վայելելով քաղաքացիութեան բարիքները եւ իրաւունքները մեծ վայելչութեամբ եւ խաղաղութեամբ։
Եւ ահաւասիկ, մարդիկ կը միանան աջ կողմով եւ ձախ կողմով, այս կերպով երկիրը կը նմանի Խաչի։ Ինչպէս եւ վերը յիշուեցաւ, աշխարհ կը ներկայանայ որպէս խորհրդանիշ Խաչին։ Խաչը, այս իմաստով, խորհո՛ւրդ մըն է եւ անոր խորհրդանիշը՝ աշխարհ, թէ՛ արտաքնապէս, թէ՛ ներքնապէս, թէ՛ ձեւապէս, թէ՛ էապէ՛ս։
Ո՛ւր որ Խաչ կայ՝ հոն Քրիստոսի օրհնութիւնը կայ. կա՞յ Խաչ, ուր Քրիստոսի օրհնութիւնը չըլլայ։
Տէրը թող Խաչին նշանը դրոշմէ մեր սիրտերուն մէջ եւ նոյնանան անոնք։ Խաչով խաչուինք՝ օժանդակելով շնորհներու բաշխման։ Հարցնենք մենք մեզի, թէ ո՞ւր է խաչը մեր կեանքին մէջ, որովհետեւ անոր միջոցով կարելի է անցնիլ մահէն կեանք՝ Արեւելքով թող օրհնուի Արեւմուտքը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 26, 2025, Իսթանպուլ