ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԴԱՐՁԸ
Շատ մը գիրքերու մէջ Կոմիտաս Վարդապետի 1915-ի աքսորէն ողջ դուրս գալը բնորոշած են որպէս «փրկութիւն», սակայն, ինչքան ալ երեւոյթին մէջ հակասական թուի, շատ մը մտաւորականներ իրենց աշխատութիւններուն մէջ Կոմիտասի մահը ո՛չ թէ որպէս դժբախտութիւն, այլ «փրկութիւն» որակած են. շատ աւելի երանելի պիտի ըլլար, որ Կոմիտաս այդ աքսորի ընթացքին իր կեանքը կորսնցնէր՝ քան «փրկուէր»:
Շատ մը մտաւորականներ Կոմիտասի մահը մեծ կորուստ նկատելով հանդերձ այդ մէկը տեսած են որպէս փրկութեան միջոց՝ որ խաղաղութիւն պիտի տար տանջուող վարդապետին։ Կոմիտասի մահէն ետք Շահան Պէրպէրեան Կոմիտասի մասին գրած իր մէկ գրութեան մէջ կ՚ըսէ. «...մահը եկաւ վերջապէս.... մահը եկաւ ազատելու զինքը...»:
Շահան Պէրպէրեան Կոմիտաս Վարդապետը ճանչցած էր Փարիզ՝ իր աշակերտութեան օրերուն։ Պէրպէրեան Եւրոպայի մէջ ուսանած ըլլալով շատ աւելի մեծ սէր ունէր եւրոպական երաժշտութեան հանդէպ՝ քան հայկականին, որովհետեւ իր իսկ վկայութեամբ՝ այդ ժամանակաշրջանին Պոլսոյ մէջ իր լսած երաժշտութիւնը եղած էր սարկաւագներու երգերը՝ որոնք իրականութեան մէջ այնքան ալ զգացում ու «հաճոյք» չէին պատճառած երիտասարդ Շահանին սիրտին։ Այդ իսկ պատճառով ինք միշտ եւրոպական երաժշտութիւնը աւելի բարձր նկատած էր քան հայկականը:
Սակայն Շահան կը պատմէ, որ զինք դարձի բերողը եղած է Կոմիտաս Վարդապետը։ Շահան ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս Սողոս՝ որ Քրիստոսի յայտնութեամբ Պօղոս դարձաւ. նոյն նմանութեամբ Շահան կը հաւատայ, որ Կոմիտաս Վարդապետ իր մէջ յեղաշրջեց այդ կարծիքը, որ հայկական երաժշտութիւնը աւելի նուազ ու համեստ է՝ քան եւրոպականը:
Պէրպէրեան կը պատմէ, որ օր մը օրդ. Մարգարիտ Բաբայեան զինք կը հրաւիրէ իրենց բնակարանը, ծանօթանալու համար Հայաստանէն եկած արուեստագէտ վարդապետի մը հետ։ Պէրպէրեան կը պատմէ, որ չուզելով հանդերձ կ՚ընդառաջէ հրաւէրին եւ կ՚երթա։ Սկզբնական տպաւորութիւնը այդքան ալ տպաւորիչ չ՚ըլլար Կոմիտաս Վարդապետի հանդէպ։ Պէրպէրեանի բառերով. «Եկաւ վարդապետը: Գեղեցիկ չէր: Նոյնիսկ պիտի ըսեմ հակառակը... իր ոսկրոտ դէմքով ինծի կը յիշեցնէր Սոկրատի ինչ-ինչ դիմաքանդակները»: Իրապէս ալ եթէ փորձէք գտնել Սոկրատի դիմանկարները, պիտի տեսնէք, որ այդքան ալ «գրաւիչ» արտաքինով անձ մը եղած չէ. սակայն, երբ Կոմիտաս Վարդապետ կը նստի դաշնամուրի դիմաց ու կը սկսի հայաշունչ երգերը նուագել՝ Պէրպէրեանի ամբողջ ժխտական մտածումներն գաղափարները կը ցնդին եւ առաջին անգամ ըլլալով Պէրպէրեան կը համոզուի, որ ի՛ր սեփական ժողովուրդը ունի երաժշտութիւն՝ որ կրնայ մրցիլ բոլոր այն երաժշտութիւններուն հետ, որոնց հանդէպ ինք անսահման սէր ունի. յիշատակութեան արժանի է այն զգացումի պահը, որ կը զգայ Պէրպէրեան՝ երբ Կոմիտաս Վարդապետ կը նուագէ.
«Այս մարդը խորհեցայ Սոկրատին պէս Աստուածային ոգիին իջեւան մըն է իր այդ կերպարանքին ետեւ: Վարդապետը նուագեց ու երգեց: Ժամ մը կամ աւելի տուաւ ինքզինքը, ինչպէս գիտէր ընել, այսինքն ամբողջովին: Ու պատահեցաւ իմ մէջս այն գիշեր, մին հոգիի կեանքին է՛ն տարօրինակ երեւոյթներէն, որ յայտնատեսութեան մը լոյսին տակ կատարուած դարձը կը կոչուի: Հայ երաժշտութիւն մը, երաժշտութեան ամենէն բարձր տեսակէն, կը յայտնուէր մէկէն ինծի, հեռաւոր ցեղային աչքերուս մէջ արձագանգներ ար-թընցնելով: Նոր -ու այնքան հին - իսկութիւն մը՝ որ կը փոխէր երաժշտական էութիւնս, զայն կը շրջէր կարծես: Վարդապետին արուեստագիտական անձին մէջէն, մէկէն, դէմ յանդիման կը գտնէի ինքզինքս ամբողջ երաժշտական հայրենաշխարհի մը, որուն հպարտ էի ես ալ հեռաւոր կերպով զաւակը եղած ըլլալուս: Կը զգայի հիմա, որ ցեղս ունեցեր է «իր երգ»ը, որ արժանի էր հնչելու ուրիշ մեծ ժողովուրդներու բարձրագոյն ստեղծագործութիւններու համանուագին մէջ»:
Պէրպէրեանի համար Կոմիտաս Վարդապետ կը դառնայ հայ երաժշտութեան լուսաւորիչը. անձ՝ որ իր մասնագիտական կրթութեան ճամբով կը յաջողի անմշակ վիճակին մէջ մնացած հայ երաժշտութիւնը մշակել ու բարձրացնել բարձր ազգերու երաժշտական մակարդակին եւ համամարդկային երաժշտութեան մէջ կը գրաւէ իր ինքնուրոյն տեղը՝ մանաւանդ նկատի ունենալով, որ հայ երաժշտութիւնը կու գայ ամենէն հին՝ նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջաններէն:
Անշուշտ, Կոմիտաս Վարդապետի գործերը իր կատարելութեան մէջ նոյնիսկ որոշ ձեւով մնացին անկատար, որովհետեւ հիւանդութիւնը կանուխ գտաւ երիտասարդ Կոմիտասը։ Տակաւին 45-46 տարեկան էր Կոմիտաս, երբ հիւանդացաւ եւ վստահ ենք, որ եթէ չըլլար զինք դժբախտացնող այդ հիւանդութիւնը, մենք այսօր շատ աւելի մեծ գանձեր պիտի ունենայինք Կոմիտասէն։ Պէրպէրեան կը նշէ, որ Կոմիտաս Վարդապետ ունէր բազո՜ւմ ծրագիրներ, որոնք անկատար մնացին։ Կ՚ուզէր Յովհաննէս Թումանեանի «Անուշ» օփերայի հիման վրայ յօրինել նոր մը, ստեղծել հայկական նուագախումբ մը՝ ըս-տեղծելով հայկական երաժշտութեան եւ եւրոպական գործիքաւորումի նոր ոճ մը: Նման բազո՜ւմ լոյս չտեսած գոհարներ խլեց Կոմիտասի հիւանդութիւնը:
Կոմիտաս վարդապետ ամէ՛ն ինչ էր. երաժշտութեան տեսաբան, յօրինող, խմբավար ու երգիչ… Երաժշտութեան մեծ վարպետ մը:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ է օտարներու կարծիքը հայկական երաժշտութեան մասին:
Պատասխան. Օտարներու մեծ մասը հայկական երաժշտութիւնը կ՚որակէ որպէս հարուստ եւ մշակոյթի ինքնատիպ արտայայտութիւն։ Անոնք կը նշեն, որ հայկական երաժշտութիւնը զգացողութեամբ խոր ու հոգեթով ձայն ունի: Շատերու համար հայկական երաժշտութիւնը բնութեան բնական ձայնը կը թուի ըլլալ. լեռներու աշխարհ մը, իսկ պարային երաժշտութիւնը տպաւորիչ, թափով ու խանդավառ: Ընդհանուր առմամբ օտարները հայկական երաժշտութիւնը կը գնահատեն որպէս համաշխարհային մշակոյթի եզակի գանձ մը, որուն մէջ տեղ կը գտնեն արեւելեան նրբութիւնը եւ միաժամանակ արեւմտեան հարազատութիւնը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան