«ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՆԻՆ ՄԷԿ ԿԻՆ, ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆԻՆ՝ ՏԱՍԸ»
Այսօր երբ կը խօսուի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կուսակրօն ըլլալ-չըլլալու հարցը, կը յիշեմ մեր թուականէն աւելի քան դար մը առաջ «Պայքար»ի մէջ հրատարակուած այն պատմութիւնը՝ որ այլ թերթեր, ինչպէս օրինակ՝ «Արեւ», «Ազդակ», «Հ. Կոչնակ» եւ այլ թերթեր արտատպած են. գրութեան հեղինակը Պ. Ա. Նազարն է. ըստ պատմութեան՝ Էջմիածնի Հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Կարապետ Եպիսկոպոս իր աւարտական աշակերտները կը համոզէ, որպէսզի նուիրուին կուսակրօնութեան եւ ձեռնադրութենէն օրեր առաջ զանոնք կը տանի վեհարան՝ կաթողիկոսին օրհնութիւնը ստանալու համար: Խրիմեան Հայրիկ տեսնելով ընծայարանականները՝ կ՚ազդուի եւ հետեւեալ հարցադրումը կը կատարէ.
«Վա՛խ զաւակներս, վա՛խ, ո՞ր սատանան ձեր փորը մտաւ եւ համոզեց, որ կուսակրօն ըլլաք: Մեղք էք, տղա՛քս, գացէ՛ք, մէյմէկ աղուոր հայուհի գտէք ու կարգուեցէք...»:
Գուցէ զարմանալի, սակայն Խրիմեան Հայրիկի «օրհնութենէն» կու տային մեր ժամանակուան եպիսկոպոսներէն շատ շատեր, սակայն ո՛չ կնոջ հրապոյրէն տարուած, այլ կը հաւատային, որ ամուսնացեալ քահանան ժողովուրդի կեանքին մէջ շատ աւելի մեծ դեր ունի՝ քան կուսակրօն եկեղեցականը. թէ ինչու՝ այդ մէկը դուրս կը մնայ մեր յօդուածի հիմնական նպատակէն:
Մեր մտաւորականներէն շատ շատեր օրին անդրադարձած են այս «դրուագ»ին՝ ո՛չ թէ քննադատելու եւ վարկաբեկելու մերօրեայ քննադատական հոգեբանութեամբ, այլ շինիչ վերլուծութիւնով մը. օրինակի համար՝ Վահան Թէքէեան Խրիմեան Հայրիկի վերոյիշեալ «օրհնութիւն»ը կոչած է «գեղեցիկ յորդորական», ինչպէս նաեւ «շնորհաբեր օրհնութիւն»։ Նոյն օրերուն «Պայքար»ի խմբագրութիւնը նիւթ վերցնելով այս մէկը իր էջերուն մէջ գրած է. «Եւ զարմանք է, թէ ինչո՞ւ համար այսքան տարիներ անցնելէն ետք, սոսկ հնաւանդ սովորութիւն մը չփոխելու համար, տակաւին եկեղեցական վերին իշխանութիւնները գործնական քայլ չեն առներ կուսակրօնութիւնը վերցնելու։ Միակ դարմանը սա է, որ ժողովուրդը իր ձայնը վերցնէ եւ իր կամքը յայտնէ»: Այս տողերէն կը հասկնանք, որ ժողովուրդը ի՛նք կ՚ուզէր, որպէսզի կուսակրօնութիւնը վերցուի Հայ Առաքելական Եկեղեցիէն ներս: Անշուշտ, պէտք է ընդունիլ, որ բոլորը «Պայքար»ի նման դրական ձեւով չընկալեցին Խրիմեան Հայրիկի «օրհնութիւն»ը՝ ինչ որ օրին քննադատութեան լայն դուռ բացած էր Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ անոր սպասաւորներուն դէմ:
Անշուշտ, այդ քննադատութիւնները ինչպէս այսօր, նոյնպէս ալ անցեալին Հայ Եկեղեցւոյ գլուխէն պակաս չեն եղած. ամէ՛ն ժամանակ Հայ Առաքելական Եկեղեցին ունեցած է իր հալածիչը, որ «բարելաւում» եւ «բարեփոխում» անուան տակ փորձած են հարուած հասցնել Եկեղեցւոյ. փա՞ստ.- ահաւասիկ այս մասին 1937 թուականին Վահան Թէքէեանին գրած մէկ տողը. «…յանցաւոր են նաեւ անոնք՝ որ առանց դոյզն դիտողութեան կ՚արձանագրեն եւ կը տարածեն զայն այսօր, իբրեւ թէ ուժ տալու համար եկեղեցին բարեկարգելու»:
Ի դէպ, Թէքէեանի յօդուածը քիչ մը տարօրինակ է, որովհետեւ մարդ կը սկսի ակամայ մտածել, որ Թէքէեան կուսակրօնութեան դէ՞մ է՝ թէ կողմնակից է։ Թէքէեան վերլուծած Հայկ Աւագեան իր «Վահան Թէքէեանի յօդուածները «Արեւ» լրագրին մէջ» աշխատութեան մէջ կու տայ հետեւեալ կարծիքը. «Թէքէեան դէմ չէ վերացնելու կուսակրօնութիւնը: Ընդհակառակը, ան կը թուի քաջալերել զայն», սակայն, միւս կողմէ, դէմ կ՚ըլլայ Խրիմեան Հայրիկի այդ արտայայտութեան, որովհետեւ կը հաւատայ, որ եկեղեցւոյ գլուխը եթէ ինք դէմ է կուսակրօնութեան, ապա պէտք էր ձեւեր որդեգրել՝ կուսակրօնութեան վերջ տալու:
***
Ի դէպ, Վահան Թէքէեան իր այս յօդուածին աւարտին կ՚անդրադառնայ Խրիմեանի եւ նկարիչ Փանոս Թէրլէմզեանի միջեւ տեղի ունեցած «պատմութեան» մը։ Փանոս Թէրլէմէզեան իր յուշագրութիւններուն մէջ կը գրէ, որ Էջմիածինի Հոգեւոր ճեմարանը աւարտելէ ետք կը մեկնի Ռուսաստան՝ նկարչական ուսում ստանալու: Ուսումը աւարտելէ ետք կը վերադառնայ Էջմիածին եւ հանդիպում կ՚ունենայ Խրիմեան Հայրիկի հետ, որ մեծ սէր ունէր Թէրլէմէզեանի հանդէպ: Խրիմեան Հայրիկ Թէրլէմէզեանին դառնալով կ՚ըսէ. «Ո՞ւր փախար գացիր Փանոս, ես մտածած էի քեզի վարդապետ ձեռնադրել». Թէրլէմէզեան ծիծաղով մը կը պատասխանէ. «Բայց ես այդ մէկը պիտի չկամենայի Հայրիկ, որովհետեւ առանց կնոջ ապրիլ չեմ կրնար»։ Այս արտայայտութեան վրայ Խրիմեան ծիծաղով մը պատասխանած էր. «Այ տղայ, դուն չե՞ս գիտեր որ աշխարհական մարդիկ մէկ կին կ՚ունենան, իսկ վարդապետները տասէ աւելի»:
Անշուշտ, նախկին եկեղեցական մը ըլլալով լաւապէս կը հասկնամ այս արտայայտութեան նշանակութիւնը։ Խրիմեանի այս խօսքին մէջ պէտք չէ այպանել կուսակրօն եկեղեցականը, որովհետեւ եկեղեցականէն շատ աւելի մեղաւոր է այն կինն ու աղջիկը՝ որ կը մօտենայ եկեղեցականին. պէտք է խոստովանիլ, որ իգական սեռի ներկայացուցիչներ իրե՛նք կը մօտենան եկեղեցականին՝ մանաւանդ ամուսնացած կիները՝ մտածելով, որ եկեղեցականը այդ յարաբերութիւնը կամայ-ակամայ պարտաւո՛ր է իր պաշտօնին համար «գաղտնի» պահել։ Այո, այդ եկեղեցականը անմեղ մը չէ, սակայն նոյնքան անմեղ չէ ան՝ որ որպէս «սատանայ» կու գայ կուսակրօնին փորը մտնել եւ այս կապակցութեամբ լուրջ բարոյական խնդիրի մը դիմաց կը գտնուի Հայ Առաքելական Եկեղեցին. եկեղեցականը ինչքա՛ն ալ անբարոյ անձ մը ըլլայ, եթէ կինը ի՛նք առիթ չտայ, ո՛չ մէկ բան տեղի կ՚ունենայ...:
Ի դէպ, ի՜նչ տարօրինակ է, որ ամօթալի պարտութիւն կրած ազգ մը՝ որուն զաւակները տակաւին կը շարունակեն մնալ անօթեւան, ազգ մը՝ որ տակաւին նոր աւելի քան մի քանի հազար զոհեր ունեցաւ իր գոյութեան լուրջ հարցը մէկդի դրած՝ ասոր անոր կոյս ըլլալ չըլլալով զբաղած է... ամօ՛թ պարզապէս:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Եկեղեցականին կուսակրօն կամ ամուսնացեալ ըլլալը իր առաքելութեան մէջ ի՞նչ կը փոխէ:
Պատասխան. Եկեղեցականին ամուսնացեալ կամ կուսակրօն ըլլալը իր առաքելութեան էութիւնը չի փոխեր, սակայն կը ձեւաւորէ անոր ծառայութեան եղանակը: Կուսակրօն քահանան ամբողջութեամբ իր կեանքը կը նուիրէ Աստուծոյ եւ համայնքի ծառայութեան՝ զերծ մնալով ընտանեկան պարտականութիւններէ, իսկ ամուսնացեալ քահանան իր առաքելութիւնը կը կատարէ ընտանիք ունենալով, օրինակ դառնալով քրիստոնէական ընտանիքներուն: Երկու պարագաներուն ալ հիմնական նպատակը կը մնայ ծառայութիւնը՝ սակայն տարբեր միջոցներով:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան