ԿԷՏԻԿՓԱՇԱ՝ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԹԱՂԸ
Հին օրերու Կէտիկփաշան՝ շատերու հօրենական, մօրենական, պապենական սերտ կապեր ունեցած, յիշատակներով պարուրուած պատմական եւ նոյնքան պատուական թաղ մըն է եղած։ Արդարեւ, վայրեր, տեղեր արժէք կը ստանան իրենց բնական տեսքով, երեւոյթով եւ միջավայրով, բայց աւելի եւս իրենց բնակիչներով, յիշատակներով, մանաւանդ հոգեկան ապրումներով։ Կան վայրեր, թաղեր, կարծես հոգեւոր արժէք մը՝ անգին ժառանգ մըն են մարդոց համար՝ ուր անցեալ մը ապրած եւ քաղցր յիշատակներ ամբարած եւ կուտակած են իրենց յիշողութեանը մէջ՝ որոնք երբեք չեն ջնջուիր։
Արդարեւ, «անցեալ»ը յարաբերական, եւ երբեմն ալ թէական ըմբռնում մըն է, ո՞րն է անցեալը, ե՞րբ է անցեալը եւ կամ ո՞րքան հեռուն անցեալ է. խնդրական է, քանի որ «քիչ առաջ»ն ալ անցեալ է ներկային նկատմամբ, «տարիներ առաջ»ն ալ անցեալ է ներկայ ժամանակներու բաղդատմամբ։ Ուստի, ընդհանրապէս, այն որ ներկան չէ, ան կամ «անցեալ» է եւ կամ՝ «ապագա՛յ»։ Ուրեմն, կարելի է ըսել՝ «հեռաւոր կամ պատմական անցեալ» եւ կամ՝ «մօտաւոր անցեա՛լ»։
Այս տրուպ գրիչին համար ալ Կէտիկփաշան իր սրտին մէջ ունի թէ՛ պատմական անցեալէն եւ թէ մօտաւոր անցեալէն պատուական եւ անջնջելի տեղ մը։ Հեռաւոր անցեալէն, քանի որ Կէտիկփաշան իրեն համար մօրենական թաղ մը եղած է, իսկ նոյնքան պատմական եւ պատուական Գումգաբուն՝ հօրենակա՛ն։ Իսկ ես՝ «գիւղացի»՝ ֆէրիգիւղցի՛…
Եւ որքան մեծ պատիւ կը զգամ մօրենական կէտիկփաշացի եւ հօրենական գումգաբուի ըլլալէ, նո՛յնքան պատիւ եւ մեծ հաճոյք կը զգամ՝ մօտաւոր անցեալին, կարճ շրջան մը՝ հազիւ ինն ամիս Կէտիկփաշայի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ հոգեւոր ծառայութիւն մատուցած ըլլալուս համար։ Հոն ունեցանք քաղցր յիշատակներ, եւ հոգեւոր ծառայութիւն մատուցանելու անբացատրելի հաճոյքը վայելեցինք Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի նուիրական մասնակցութեան եւ ժամանակի թաղային խորհուրդի, եւ ժամակոչէն մինչեւ բոլոր աշխատակիցներու եւ գործակիցներու հետ՝ բոլորն ալ նուիրական եւ հոգեւոր ծառայութեան գիտակցութեամբ։
Ո՜րքան երջանիկ օրեր էին…
Արդարեւ, Կէտիկփաշա թաղ մըն է, միջավայր մը՝ ուր հայ անհատ եւ ընտանիք, չըսելու համար անպայման, բայց ունի բաժին մը, ունեցած է կամ ստացած է՝ կամ բնակավայրը, ընտանիքը, կամ գործատեղին, գրասենեակը հոն եղած է եւ Կէտիկփաշայէն տղու մը, աղջիկի մը հետ ամուսնացած, ընտանիք կազմած է, ինչ որ շատեր կը վկայեն այս իրողութեան իրենց ընտանեկան պատմութեան մէջ։ Այս իրողութիւնը ցոյց կու տայ, թէ մեծամասնութիւնը ճանչցած է Կէտիկփաշան՝ իր Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցիով, պատմական դպրոցով, վարժարան մը՝ ուրկէ ճշմարիտ արժէքներ հասած են, եւ Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբով՝ որոնք ամէն ծանօթացածի, ճանչցողի սիրելիները եւ հարազատները եղած են։ Ուստի, սիրելու համար նախ պէտք է ճանչնալ, անգամ մը որ ճանչնաք Կէտիկփաշան եւ կէտիկփաշացին՝ ձեր բոլորին ալ սիրելին եւ հարազատը պիտի ըլլան անոնք, քանի որ շատ ընտանիքներու կեանքին մէջ Կէտիկփաշան եւ կէտիկփաշացին թանկագին եւ սիրելի, անջնջելի տեղ մըն է գրաւած, ընտանիքներու հաստատման բաժին մը ունեցած է Կէտիկփաշան։
Եւ այս տրուպ գրիչը իր հոգեւոր ծառայութեան ընթացքին՝ Կէտիկփաշա գտաւ իր անցեալը։
Կէտիկփաշայի շնորհիւ անդրադարձանք մեր «կէտիկփաշացի» ըլլալու առանձնաշնորհին։ Արդարեւ, պատմական եւ պատուական վայրի մը, միջավայրի մը պատկանիլ՝ պատկանելիութեան զգացումը ինքնութիւնը կազմող ազդակներէն մին եւ կարեւորագոյնն է։
«Կէտիկփաշացի» շատ բարեկամներ ունէինք, երբ Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ հոգեւոր ծառայութիւն մատուցանելու առիթը ունեցանք՝ հարազատներ ունեցա՛նք։ Հո՛ն է, որ վայելեցինք բարեկամութեան եւ հարազատութեան բարեմասնութիւնները, բարիքները։
Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ հոգեւոր ծառայութեան ընթացքին անդրադարձանք, թէ տակաւին չեն պակսիր ճշմարիտ անկեղծ բարեկամութիւններ եւ թէ դեռ չէ՛ վերջացած սիրոյ, յարգանքի եւ իրերօգնութեան զգացումները մարդոց մէջ։ Եւ սիրելի՜ բարեկամներ՝ երբ այցելէք Կէտիկփաշայի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցին, հոն պիտի գտնէք ձեր անցեալը, պիտի անդրադառնաք պատմական եւ պատուական անցեալին, քանի որ անպայման փոքր հետք մը թողած եւ տպաւորած է ձեր ընտանիքը կերպով մը։ Արդարեւ, հոն պիտի տեսնուի պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը, տալուն նախընտրելի ըլլալը քան առնելը, փոխանակ ծառայութիւն ընդունելու՝ ծառայելու ազնուութիւնը։ Առանց որեւէ ակնկալութեան օգնելու եւ անձնուիրաբար ծառայելու հաճոյքը։
Անշուշտ, ամէն թաղ, ամէն միջավայր ունի իր գեղեցկութիւնը, իւրայատուկ առաւելութիւնները, բայց հոս պատկանելիութեան զգացումն է կարեւորը եւ մանաւանդ իւրացնել՝ իրմէ մաս մը ունենալու զգացումով հարազատ սեպել, ահաւասի՛կ, այս է որ տարբեր զգացումներ կը ստեղծէ Կէտիկփաշան։ Հոն՝ ուր մարդ ինքզինք եւ իր շուրջինները հարազատ կը զգայ, հոն բնակավա՛յր է. սիրելի եւ նախընտրելի՛։
Երախտագիտութի՜ւն… զգացում մը՝ որ այնքան կարօտը կը զգանք, զգացում մը, որ կը պակսի դժբախտաբար աշխարհասէր, նիւթապաշտ, ամէն ինչ դիրքով, աստիճանով, արտաքին տեսքով գնահատող աշխարհի մը մէջ. հոգեւոր կեանքը, բարոյական արժէքները, ներաշխարհը այլեւս դադրած աշխարհի մը մէջ Կէտիկփաշան իրապէ՛ս կարծես տարբեր աշխարհ մըն է, ուր անցեալը կ՚ապրուի ներկային մէջ եւ ապագայի յոյսը կու գայ, կը հանգչի ներկային մէջ։ Եւ մենք, մեր կարճ բայց լեցուն ծառայութեան շրջանին Կէտիկփաշայի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցին ապրեցանք եւ վայելեցինք այս զգացումները։ Հոն էր, որ ամէն կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագին եկեղեցւոյ դպրաց դասը եւ ամբողջ կազմը ներկայ՝ կը մասնակցէր եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէր մեր հոգեւոր ծառայութեան։ Ահաւասիկ, ասոր համար է, որ պարտք կը համարենք արտայայտել մեր երախտապարտութիւնը Կէտիկփաշային։
Այս կերպով, Կէտիկփաշան, անշուշտ միւս բոլոր թաղերուն հետ միասին ընտիր տեղ մը պիտի գրաւեն մեր յիշատակներուն մէջ։ Եւ ինչպէս աւելի վերը յիշեցինք, որեւէ տեղ, որեւէ միջավայր սիրելի եւ անմոռանալի կ՚ըլլայ իր բնակիչներով, մարդ եզրն է, որ համակրելի եւ սիրելի կը դարձնէ տեղ մը՝ նկատի չունենալով անոր բնական գեղեցկութիւնները եւ առաւելութիւնները։
Վայր մը՝ միջավայր մը, արդարեւ, հակակրելի եւ անսիրելի կը դառնայ իր բնակիչներով, ան որքան ալ հիանալի տեսարան մը ունենայ եւ բնական գեղեցկութիւններ ունենայ։ Մարդ երբ տեղ մը կը գտնէ իր անցեալը, երբ տեղ մը ինքզինք հարազատ կը զգայ, հոն երջանիկ կ՚ըլլայ՝ կը սիրէ եւ կը սիրուի։
Ահաւասի՛կ, այս տպաւորութիւնը թողած է մեր վրայ պատմական եւ պատուական Կէտիկփաշան՝ իր հեռու անցեալով եւ մօտաւոր անցեալով…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 26, 2025, Իսթանպուլ