ՄՈԳԱԿԱՆ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ
Գուշակներու եւ մոգերու ամենէն հիմնական ճարտարութիւններէն մէկը երազներու մեկնութիւնն է. երազները մեկնելու սովորութիւնը հին է այնքան՝ ինչքան մարդկութիւնը: Պատմութիւնը կը փաստէ, որ մեր թուականէն արդէն իսկ հազարաւոր տարիներ առաջ Սումերներն ու այլ քաղաքակրթութիւններ երազներու մասին կը գրէին: Քրիստոսէ առաջ 1300 թուականին արդէն իսկ Եգիպտոսի մէջ գոյութիւն ունէր «Երազներու գիրք» մը, ուր նշուած էր երազներու հնարաւոր մեկնութիւնները, որովհետեւ հին ժամանակ մարդիկ աւելիով կը հաւատային, որ երազները աստուածներու կողմէ տրուած հաղորդագրութիւններ ու նշաններ են:
Այնպէս ինչպէս գերբնական ուժերը, նոյնպէս երազը միշտ հետաքրքրութիւն եղած է մարդու համար. հին փիլիսոփաներ՝ ինչպէս Պղատոնը, Արիստոտէլը եւ ուրիշներ, իրենց աշխատութիւններուն մէջ լուրջ տեղ տուած են նաեւ երազին. հռոմէական փիլիսոփայութեան մէջ կը կարդանք. «Երազներու միջոցով աստուածները երբեմն մեզ կը նախազգուշացնեն, բայց շատ անգամ երազը կրնայ ըլլալ նաեւ պարզապէս մեր միտքերու ստուերները»: Պղատոն երազները կ՚որակէր որպէս մարդոց վայրենի բնազդներ, որովհետեւ երազի մէջ մարդուն բանականութիւնը չի գործեր եւ հետեւաբար կը հաւատար, որ մարդ իր երազին մէջ կ՚ըլլայ այնպէս՝ ինչպէս պիտի ըլլար, եթէ չունենար բանականութիւն եւ առողջ որոշումներ չկայացնէր:
Անշուշտ, ո՛չ միայն անցեալի փիլիսոփաներ, նաեւ մօտիկ անցեալի մտաւորականներ հետաքրքրուեցան երազի ինչութեամբ. այս բոլորին լոյսին տակ շատեր երազը մեկնեցին որպէս ներքին ցանկութիւններ, ուրիշներ՝ որպէս Աստուածային ուղերձ ընդունեցին, շատեր անոնց մէջ ապագան փորձեցին տեսնել՝ մարգարէացումներ ուզեցին փնտռել: Երազը մարդոց ուշադրութիւնը կը գրաւէր, որովհետեւ մարդոց մէջ հասարակաց իրողութիւն մըն է. աշխարհի երեսին դժուար թէ մարդ ըլլայ, որ գէթ մէկ անգամ երազ տեսած չըլլայ:
Երազի կապակցութեամբ 19-րդ դարու սկիզբները փիլիսոփաներ կը հաւատային, որ երազը մարդուն ճշմարիտ պատկերն է, որովհետեւ երբ մարդ արթուն է՝ ենթակայ է իր կամքին. կամքը յաճախ կը հսկէ մարդը, կը կանոնաւորէ անոր շարժումներն ու որոշումները, մինչ քնացած ժամանակ մարդուն կամքը դադրած կ՚ըլլայ գործելէ եւ հետեւաբար միտքն ու հոգին չեն ազդուիր եւ կ՚ըլլան բացարձակապէս զերծ, որովհետեւ երբ մարդ արթուն է, կամայ թէ ակամայ ենթակայ է շրջակայ իրադարձութիւններուն եւ ակնկալիքներուն:
Անշուշտ, մոգերն ու կախարդները երազի մեկնութիւնը բաժնած են երկու մասի. անոնք եւս կ՚ընդունին, որ կան երազներ, որոնք պայման չէ նշանակութիւն ունենան. անոնք եւս կ՚ընդունին, որ մարդ շատ անգամ արթուն վիճակին իր բոլոր ուժովը կը մտածէ խնդիրի մը մասին եւ այնքան կ՚ազդուի այդ նիւթէն, որ քնացած ժամանակ եւս այդ մտածումը կը շարունակուի. շատերու մօտ այդ խնդիրները լուծում կը գտնեն նոյնիսկ երազի մէջ, որովհետեւ միւս բոլոր զգայարանքները «անշարժացած» ըլլալով մտածումը կը կեդրոնանայ խնդիրին վրայ եւ անձը կը յաջողի յստակ տեսնել մութ մնացած կէտերը:
Անշուշտ, երազները լոկ մտածումներէն չէ՛ որ կը յառաջանայ։ Երազի մասին ուսումնասիրութիւն ընող մասնագէտներ կը յայտնեն, որ շատ անգամ սնունդը իր դերը կ՚ունենայ երազ տեսնելու մէջ. մարսողական արտակարգ գործունէութիւնը մարդուն անհանգստութիւն պատճառելով քաոսային երազներու պատճառ կրնայ ըլլալ: Նման մարմնական ու մարդկային ազդակներ պատճառ կ՚ըլլան, որ յաճախ անոնց «մեկնութիւններ»ը իրականութիւն չի դառնան:
Սակայն երազները իրապէս իմաստներ ունի՞ն.
Գիտութիւնը յստակ պատասխան մը չունի. սակայն, մարդկութիւնը այս պահով բաժնուած է երկուքի. իրականութեան մէջ թէեւ երազի մեկնութիւնը կը կապակցուի մոգութեան եւ կախարդութեան հետ, սակայն, խնդիրը կը փոխուի, եթէ նկատի ունենաք, որ կրօններու մէջ եւս երազները ունեցած են իմաստներ. օրինակ՝ Հին կտակարանին մէջ Աստուած շատ բաներ յայտնած է երազի ճամբով. օրինակ՝ ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ յիշեցինք Յովսէփի երազները: Գիտութիւնը երազներուն մարդկային եւ մարմնական ազդակներու վրայ հիմնուիլը կը բացատրէ, բայց հոգեւորին մէջ այնքան ժամանակ որ կայ երազի իմաստը՝ այդ մէկը շատ մը հաւատացեալներու համար բացարձակ ճշմարտութիւն պիտի ըլլայ: Օրինակ՝ մահմետականութիւնը ուսումնասիրելու ժամանակ կը տեսնենք, թէ քանի անգամ Մուհամմէտ մարգարէն իր ըսելիքը ըսելէ առաջ «Ճշմարիտ երազ մը ունիմ» արտայայտութիւնը կ՚ունենայ: Երազի գոյութիւնը կարելի է գտնել գրեթէ բոլոր կրօններուն մէջ, ինչպէս՝ հինտուիզմը, պուտտայականութիւնը եւ այլ կրօններ:
Երազները իմաստ ունի՞ն թէ ոչ, իրականութեան մէջ հազարաւոր տարիներ անլուծելի մնացած խնդիրներէն մէկն է, որովհետեւ մարդիկ չեն կրցած լուծել, թէ երազը անմիջականօրէն մարմնակա՞ն ազդակներու վրայ հիմնուած է, թէ կրնայ իր մէջ ունենալ վերացական ու հոգեւոր բաներ. օրինակի համար՝ փիլիսոփայութիւնը դարեր շարունակ փոխած է հասկնալ, թէ ինչքանո՞վ կարելի է վստահիլ երազին եւ անոր մեկնութեան՝ իրականութեան դառնալ եւ չդառնալու կարելիութեան:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Կա՞յ երազ, որ մարդկային պատմութեան մէջ նշանակութիւն ունի:
Պատասխան. Այո, կան երազներ, որոնք մարդկութեան պատմութեան մէջ ունեցած են մեծ նշանակութիւն: Անոնցմէ ամենէն կարեւորներէն են փարաւոններու ժամանակ Եգիպտոսի երազները: Անոնցմէ մէկն է Յովսէփի երազները, որով կանխատեսեց ապագան եւ դարձաւ Եգիպտոսի ազդեցիկ գործիչներէն մէկը: Նման երազներ երբեմն ուղղորդած են մեծ առաջնորդներու որոշումները, որոնք իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են քաղաքական ընթացքին վրայ, դարձնելով երազները պատմական ժառանգութեան կարեւոր մաս:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան