ԵԹԷ ԿՐՆԱՍ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ…

«Եթէ կրնաս սորվեցուր անոր գիրքերու հրաշքները». կը հաւատանք, որ իրապէս յաջողած է այն ուսուցիչը, որ ո՛չ թէ շատ գիտելիքներ կը փոխանցէ աշակերտին, այլ կը յաջողի անոր մէջ վառել գիրքի հանդէպ սէրը, որովհետեւ ընթերցանութիւնը կ՚ընդլայնէ յիշողութիւնը, կ՚ամրապնդէ ուշադրութիւնը եւ կը զարգացնէ երեւակայութիւնը: Մարդիկ զանազան գիրքեր կարդալով է, որ կը զարգացնեն իրենց քննադատական մտածողութիւնը եւ կը զարգացնեն վերլուծելու ունակութիւնը եւ այդպիսով է, որ մարդու մօտ կը զարգանայ բարդ խնդիրները լուծելու կարողութիւնը: Գիրքը կ՚օգնէ, որպէսզի մարդ աշխարհը կարենայ տեսնել նաեւ ուրիշի դիտանկիւնէն. գիրքը պատճառ կ՚ըլլայ, որ մարդ ինքզինք զգայ ու հասկնայ ուրիշի ներաշխարհը, ինչ որ կը զարգացնէ յոյզերը եւ ան կը սկսի երեւոյթները շատ տարբեր ձեւով տեսնել ու դատել: 

Մանկական տարիքին՝ մանաւանդ շատ կարեւոր է ընթերցանութիւնը. մանուկը կամայ ակամայ յաճախ ինքզինք կը համեմատէ պատմութեան հերոսներուն հետ եւ կը սկսի ինքզինք համեմատել անոնց հետ եւ կամաց կամաց կը սկսի իրեն համար աւելի իմաստաւորուիլ իր ունեցած արժէքները, երազներն ու ինքնութիւնը: Գիրքերը պատճառ կ՚ըլլան, որպէսզի մանուկը ճանչնայ որոշ արժէքներ. Ինչպէս՝ յաղթանակը, պարտութիւնը, տխրութիւնն ու ուրախութիւնը, գնահատանքը եւ այլ արժէքներ, որոնք այդ տարիքին կարեւոր են իրեն համար: 

Ընթերցանութիւնը որեւէ տարիքի կու տայ թէ՛ հոգեւոր եւ թէ մտաւոր զարգացում. մարդ կը զարգացնէ իր բառապաշարը, գեղարուեստական ճաշակը: Այդ բոլորէն աւելի կարեւորը՝ անձը հետամուտ կ՚ըլլայ այլոց կարծիքները լսել ու վերլուծել՝ նոյնիսկ եթէ կողմնակից կամ համաձայն չէ: Գիրքը լաւագոյն միջոցն է ինքզինք ուրիշի տեղ դնելու, անոր աշխարհահայեացքը տեսնելու եւ բարոյական դատողութիւնը զարգացնելու: 

Գիրքը մարդուն մէջ հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ եւ մենք յաջող կը տեսնենք այն ուսուցիչը, որ կը յաջողի հետաքրքրութիւն արթնցնել աշակերտին մէջ: Յաճախ հետաքրքրութիւնը որպէս բացասական երեւոյթ կը տեսնենք, սակայն, աշխարհի մեծագոյն ստեղծագործութիւնները երազի ու հետաքրքրութեան արդիւնք են: Աշակերտներ շատ անգամ դասը պարտադրաբար կը սորվին, սակայն եթէ իրենց մէջ ունենան գիրքի հանդէպ սէրը, այդ պարագային ուսուցումը հեռու կ՚ըլլայ պարտադրանքէ: Գիրքը աշակերտին համար կարեւոր է, որովհետեւ գիրքի ճամբով ան դուրս գալով իր մշակութային նեղ շրջանակէն, ի վիճակի կ՚ըլլայ սորվիլ, ուսումնասիրել նաեւ այլ մշակոյթներ: 

Մեր նամակի հեղինակը՝ Ապրահամ Լինքըն իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Այսօր ես ինչ որ եմ, այն գիրքերուն պատճառով եմ՝ որ կարդացած եմ». այլ մտաւորական մը կ՚ըսէ. «Գիրք կարդալը ո՛չ միայն հաճոյք կու տայ մարդուն, այլ կ՚ազատէ հոգին»: 

Մենք կը կարծենք, որ գիրք կարդալը «ժամանց» է. իրականութեան մէջ այդ մէկը կարելի չէ ժամանց նկատել, որովհետեւ մենք եւ կամ մեր զաւակները ժամանակ մեռցնելու համար գիրք չենք կարդար: Ցաւ ի սիրտ, նոր սերունդին մէջ կը նկատենք, որ պակսած է գիրքերու հանդէպ սէրը. մեր նոր սերունդը կ՚ուզէ տարբեր մշակոյթներու մասին գիտնալ, կ՚ուզէ շուտ հասուննալ, սակայն, հեռու կը մնայ գիրքէն, որ լաւագոյն միջոցն է իրենց ուզածին հասնելու: Գիրքերը լոկ գրուած էջեր չեն. այստեղ յիշեք ամերիկացի գրող Ուիլիամ Կիպսընի այս խօսքը. «Գիրքերը չեն փոխեր աշխարհը, սակայն կը փոխեն մարդը՝ որ կը փոխէ աշխարհը»: 

Հայոց գրականութեան մեծերը մեծագոյն փաստն են այն իրողութեան, որ գիրքը կրնայ մարդը փոխել. մեր մտաւորականներէն շատեր դպրոցական ուսում չեն ստացած, սակայն, ինքնաշխատութեամբ, գիրքի ընթերցանութեամբ կրցած են լաւագոյն իմաստութիւնը ձեռք բերել: Մանկավարժութեան ու փիլիսոփայութեան մեր ուսուցիչը մի՛շտ կըսէր. «Մեծագոյն համալսարանը ինքնակրթանքն է»։ Դպրոցի տուած գիտութիւնը՝ հակառակ 10-12 տարուան երկարութեան՝ խոստովանիք, որ անբաւարար է. աշակերտը դպրոցէն ետք իր բոլոր գիտցածներուն մեծ մասը պիտի մոռնայ եւ գուցէ երբեք չգործածէ: Այդ իսկ պատճառով ուսումներու մեծագոյնը աշակերտին մէջ գիրքին հանդէպ սիրոյ կրակ վառելն է եւ կը հաւատանք, որ ասոր մէջ թէ՛ ծնողքը եւ թէ ուսուցիչը մեծ դեր ունին: Լիբանանի դպրոցներէն մէկուն աշակերտութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ գիրքի հանդէպ անսահման սէր ունէին. պատճառը մէկն էր. անոնց հայերէն լեզուի ուսուցիչը: Աշակերտները տակաւին փոքր են եւ ուսուցիչ մը իր հմտութեամբ, իր իմացական աշխարհով կրնայ անոնց վրայ ազդեցութիւն ունենալ: Անոնք երբ տեսնեն բանիմաց ուսուցիչ մը, կ՚ուզեն անոր նմանիլ եւ եթէ ուսուցիչը իր այդ իմացութիւնը պարտի գիրքին, ընթերցանութեան, բնականաբար, մանուկ պատանին եւս պիտի ուզէ մուտք գործել գիրքի աշխարհ: 

Մեծերը կ՚ըսէին. «Այն տունը որ գրադարան չունի՝ տուն չէ»: Տուն չէ՝ որովհետեւ տունը միայն քար ու պատ չէ. տունը այն տեղն է, ուր պիտի աճին ու զարգանան արժէքներ:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Մանուկին ինչպէ՞ս համոզել, որ գիրք կարդայ:

Պատասխան. Մանուկին գիրք կարդալու համոզելու համար պէտք է ստեղծել հետաքրքիր, սիրով լեցուն միջավայր, որպէսզի գիրքը որպէս պարտք ու պարտականութիւն չզգայ, այլ տեսնէ որպէս միջոց նոր աշխարհներ մտնելու եւ զարգանալու: Կարելի է ընտրել անոր տարիքին եւ հետաքրքրութիւններուն յարմար գիրք եւ այդ գիրքը կարդալ միասին, միաժամանակ որոշ հարցեր տալով եւ քննարկումներ կատարելով: Պէտք է գիրք կարդալու ժամանակ ստեղծել հետաքրքրիր ու հաճելի պահեր, որպէսզի մանուկը լաւապէս հասկնայ, թէ գիրքը միջոց է հետաքրքիր գիտելիքներ ունենալու: Պէտք է գիրք կարդալը ներկայացնել որպէս արկածախնդրութիւն, իւրաքանչիւր էջի վրայ նոր բան կայ այդտեղ բացայայտելիք եւ պէտք է ներշնչել, որպէսզի մանուկը ունենայ սէրը գիրքին հանդէպ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 28, 2025