ԺԱՄԱՆԱԿ՝ ՈՐ ԱՐԴԷՆ ԱՆԺԱՄԱՆԱԿ Է

Ամէ՛ն գրողի եւ անհատի պէս հայ մամուլն ալ ունեցած է իր կողմնակիցներն ու հակառակորդները, որոնք իրենց հիմնական նպատակը ազգի խնդիրներն ու անոնց լուծումները ընելու փոխարէն աւելի շատ զբաղած են իրարու վրայ ցեխեր արձակելով ու անիմաստ վիճաբանութիւններով: Նման համակիրներ ու հակառակորդներ 118 տարիներու ընթացքին ունեցաւ նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը. շատեր քննադատեցին, անոր գոյութիւնը հակառակ իր անուան «ժամանակաւոր» նկատեցին, սակայն իրենք զիրենք «անժամանակ» նկատողներ այսօր պատմութեան մէջ հազիւ կը յիշուին, մինչ ԺԱՄԱՆԱԿ կը շարունակէ իր երթը:

Անշուշտ, երանի՜ պիտի տայինք, եթէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի, ինչպէս նաեւ այլ մամուլներու հասցէին կատարուած քննադատութիւններն ու զրպարտութիւնները ըլլային արդարացի եւ որպէս նպատակ ունենային ո՛չ թէ վարկաբեկումն ու թշնամութիւնը, այլ բարեփոխութիւնն ու բարգաւաճումը: Օրինակի համար, մեր թուականէն եօթանասուն տարիներ առաջ՝ 1955-ին, Ֆրանսայի «Յառաջ» թերթին մէջ Վահէ ստորագրութեամբ գրող մը ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հասցէին ցեխեր կ՚արձակէր.- հինգշաբթի, 6 հոկտեմբեր 1955-ի թիւին մէջ (11-րդ տարի, թիւ 3205) կը գրէ. «Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը անմրցելի պիտի մնայ իր քարացած թրքաբանութիւններով»։ Անշուշտ, քննադատութեան խորքին մէջ խելքը գլուխը բան մը չկայ. Վահէ կը քննադատէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գրած հետեւեալ տողը. «Ճէլալ Պայարի պատգամը Նախագահ Այզընհաուրի» խորագիրը. կը քննադատէ, որովհետեւ նախագահ մը պատգամ չի կրնար ղրկել. ան միայն գիր կամ հեռագիր կրնայ ղրկել. սարսափելի ի՜նչ մեծ սխալ…: 

Մերօրեայ մամուլին համար ալ չեն պակսիր Վահէի պէս անձեր՝ որոնք նուազագոյն բացթողումը կը փնտռեն՝ այս կամ այն թերթի հասցէին ցեխարձակում ընելու, անով «փաստել»ու համար մայրենի լեզուին հանդէպ իրենց ունեցած «սէր»ն ու «նուիրում»ը: Հաւատացէ՛ք, որ մեր ժողովուրդը իրարու սխալները սերտելու եւ զննելու փոխարէն, եթէ նոյն ախորժակով թշնամիին սխալները սերտէր՝ այսօր մեր ազգին վիճակը ամբողջութեամբ տարբեր կրնար ըլլալ: 

ԺԱՄԱՆԱԿ պատմութեան ընթացքին բազմաթի՜ւ քննադատութիւններու հանդիպեցաւ. նոյնիսկ (ինչպէս մամուլը կը յիշէ) թերթի խմբագիր Քասիմ գիշեր ատեն ծեծի ենթարկուեցաւ հակառակորդներու կողմէ եւ մեր հայկական մամուլները նման երեւոյթ մը քննադատելու փոխարէն, շատեր համարձակեցան նոյնիսկ ծաղրել այդ մէկը. օրինակի համար, Երուանդ Թօփալեանի խմբագրած «Կավռօշ» երգիծական թերթը այդ ծեծի կապակցութեամբ իր չորեքշաբթի, 16 յունիս 1910-ի թիւին մէջ կը գրէ. «Մինչեւ այսօր Քասիմ էֆէնտիին գլուխը շատ բաներ եկած էր, շատ տաք ու պաղ ջուրեր անցած էին անոր վրայէն, բայց լսուած բան չէր որ այդ գլուխը արժանանար… սօփայի, որ առջի իրիկուն դարձեալ երեւան ելաւ Գում-Գաբուի մէջ: Երբ սօփան մութին մէջ հրամցուեցաւ իրեն, փոխեց իր բոլոր համոզումները սօփայի մասին եւ հասկցաւ թէ՝ սօփա ուտելը ուրիշ բաներ ուտելու չի նմանիր երբեք»:

Քննադատութիւններն ու ցեխարձակումները չափ ու սահման չունէին. անոնցմէ մէկը կը գրէր, որպէս թէ ԺԱՄԱՆԱԿ՝ Քասիմ սուտ լուրեր կը հրատարակէր՝ ժողովուրդին գոհացում տալու համար. որպէս թէ Քասիմ իր խօսակցութեան ընթացքին իր բարեկամներէն մէկուն ըսած էր հետեւեալը. «Եղբայր, գիտեմ որ այդ լուրերուն մեծ մասը սուտ է, բայց եթէ ես այդ լուրերուն չհաւատալով չտպեմ եւ միւս թերթերը տպեն, ընթերցողը երեսս վար պիտի առնէ ըսելով որ ԺԱՄԱՆԱԿ այդ լուրը չէ կրցեր առնել: Հետեւաբար սխալ կամ սուտ, կը տպեմ այդ լուրը»: 

Իր դրական ու բացասական օրերով, տեսակ տեսակ քննադատութիւններով ու գնահատականներով ԺԱՄԱՆԱԿ-ը այսօր 118-րդ տարին կը թեւակոխէ. քննադատողներէն ո՞վ յիշուած կը մնայ պատմութեան մէջ, անոր ընթացքը «ժամանակաւոր» նկատողներէն քանի՞ն մոռացութեան տրուած են՝ չենք գիտեր, սակայն գիտենք, որ այնպէս ինչպէս Քասիմ «սօփա» կ՚ուտէր, նոյնպէս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մեծ ընտանիքը սիրայօժար իր գլուխը կ՚երկարէ այդ «սօփա»ներուն, լաւապէս գիտակցելով ու հասկնալով, որ ներկայ պայմաններու մէջ հայկական մամուլ մը կենդանի պահելը քիչ մը «սօփա» ուտելէն ալ աւելի բան մըն է: 

Մեր օրերուն ալ պակաս չեն քննադատողները. անշուշտ զանոնք քննադատ կոչելը քիչ մը հեռու է իրականութենէն, որովհետեւ քննադատութիւնը արուեստ է, իսկ իրենցը՝ կնոջական բամբասանքէն վեր չ՚ելլեր. սակայն նեղանալու երբեւէ կարիք մը չունինք. բոլորն ալ ունին գրիչ, բոլորն ալ ունին «խելք» ու «կարողութիւն». հրապարակը թող անոնց տրուի. թող ստեղծեն թերթ մը, որ յաջողի 118 տարիներու կեանք ունենալ եւ սերունդէ սերունդ փոխանցուելով իր սրբազան առաքելութիւնը շարունակէ։ Հսկայական Խորհրդային Միութիւնը գոյատեւեց ընդամէնը 69 տարի. երբ Խորհրդային Միութիւնը ստեղծուեցաւ, ԺԱՄԱՆԱԿ 14 ամեայ պատանի մըն էր. 83 տարեկանին տեսաւ մահը Խորհրդային Միութեան եւ այսօր արդէն 118 տարեկան իմաստուն տարեց մը որպէս կը շարունակէ իր գոյութիւնը պահել: 

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ պէտք է ըլլայ քննադատելու հիմնական նպատակը:

Պատասխան. Քննադատելու հիմնական նպատակը պէտք է ըլլայ ո՛չ թէ վիրաւորել, այլ նպաստել բարելաւման: Ճշմարիտ քննադատութիւնը ուղղուած է տեսնելու եւ բացայայտելու թերութիւնները՝ կառուցողական ձեւով, որպէսզի մարդ ունենայ զարգացման հնարաւորութիւն: Երբ քննադատութիւնը կ՚ունենայ արդար ու հաւասարակշռուած դիտանկիւն, կատարելագործման գործիք կը դառնայ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2025