ՄՇԱԿՈՅԹԸ ՉՊԱՀՊԱՆՈՂՆԵՐԸ
Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները ինչքանո՞վ հետաքրքրուած են հայկական մշակոյթով ու անոր պահպանմամբ՝ չեմ գիտեր, սակայն, երկրի ղեկավարին հեղինակած գիրքէն յստակ է, որ այնքան ալ կարեւորութիւն չի ներկայացներ։ Փաշինեան «Ես ուրիշի կոկոն վարդը չեմ ուզում» խորագրեալ գրութեան մէջ կ՚ըսէ. «...այդ իմաստով ծիծաղելի են անոնք, որոնք փրփրած բերաններով կը «պայքարին» մշակութային օտար ազդեցութիւններու դէմ». այլ խօսքով՝ քննադատելի են անոնք, որոնք կը պայքարին հայկական մշակոյթը անաղարտ պահել:
Անշուշտ, յաջորդող տողերուն մէջ շատ աւելի յստակ բացատրութիւն մը կը կարդանք. «Չի կրնար ըլլալ ազգային մշակոյթ, եթէ այդ մէկը համաշխարհային մշակոյթի մաս չէ. չի կրնար ըլլալ ազգային մշակոյթ, եթէ այդ մէկը չի պահպաներ եւ պաշտպաներ ինքնութիւնը: Բայց պաշտպանել չի նշանակեր նկուղի մէջ փակուիլ, ուրիշներէն գողնալ ու սեփականը համարել»:
Երբ առաջին անգամ ստեղծուեցաւ հայկական սփիւռքը, մարդիկ երկու տարբեր մտածումներու տէր էին. շատեր կը հաւատային, որ օտարութեան մէջ յաջողութիւն գտնելու համար պէտք է մոռնալ անցեալը, մոռնալ սեփական բարքերը, աւանդութիւնները եւ մասը դառնալ այդ մշակոյթին՝ որուն մէջ պիտի ապրին, ընտանիք կազմեն ու գոյատեւեն. մինչ տարբեր խումբ մը հաւատաց, որ օտարութեան մէջ պէտք է առաջինին հակառակ պայքարիլ օտար ազդեցութիւններէն՝ որպէսզի կարենանք պահել հայու մեր ինքնութիւնը: Կը հաւատանք, որ եթէ այսօր սփիւռքի մէջ տակաւին կան հայկական դպրոցներ, հայախօս երիտասարդներ, ապա անոնք արդիւնքն են այդ փոքրամասնութեան, որոնք պայքարեցան օտար ազդեցութիւններու դէմ եւ հակառակ առաջիններուն յաջողեցան օտարութեան մէջ նոյնիսկ պահել իրենց հայու ինքնութիւնը։ Համաշխարհայնացման այս ժամանակաշրջանին մէջ միայն մենք՝ հայերս չենք, որ կը դիմագրաւենք ընդհանուր մշակոյթին մէջ մեր սեփական մշակոյթը կորսնցնելու վտանգը. այդ մէկը գրեթէ բոլոր ազգութիւններու մտահոգութիւնն է. շատեր անձնատուր համաշխարհային մշակոյթին մաս կազմել կը ցանկան, իսկ ուրիշներ կը շարունակեն գիտակցիլ սեփական ինքնութեան պահպանման կարեւորութիւնը:
Հայաստանի պարագային կացութիւնը անորոշ է. թէ՛ նախկին եւ թէ ներկայ իշխանութիւնները այնքան ալ կարեւորութիւն չեն տար հայկական մշակոյթին եւ ինքնութեան, որովհետեւ թէ՛ հիները եւ թէ նորերը զբաղած էին իրենց համար շատ աւելի կարեւոր թուացող «յափշտակութեամբ». վկայ մեր հայերէն լեզուի ներկայ վիճակը, վկայ հայ գրողներուն վայելած ուշադրութիւնն ու «համբաւ»ը, վկայ մտաւորականութեան հանդէպ անոնց ունեցած դրսեւորումներն ու գոյութիւն չունեցող «մեծարանք»ը:
Փաշինեան իր գիրքին մէջ կը գրէ, թէ մշակոյթը պահպանելու համար պէտք է ստեղծել, արարել, զարմանալ ու զարմացնել։ Միւս կողմէ, կ՚ընդունինք, որ մշակոյթ ըսուածը միայն երգ ու պար չէ. միայն հագուստ ու հանդերձանք չէ. սակայն արարելէ եւ ստեղծագործելէ առաջ նախ պէտք է եղածը պահել. Կ՚ընդունինք, որ Հայաստան երկար տարիներ ապրելով Խորհրդային Միութեան ազդեցութեան տակ, կամայ ակամայ ընդօրինակած է ռուսական մշակոյթը, սակայն, այդ օրերէն անցած են արդէն աւելի քան երեսուն տարիներ. նուազագոյն պահպանումը պիտի ըլլար լեզուի պահպանութիւնը, որ ազգի մը մշակոյթին արմատական հիմքերէն մէկն է. կ՚ընդունինք, որ հայերէն լեզուի մէջ կան բառեր, որոնք իրենց հայերէն տարբերակը գուցէ մինչեւ օրս չունին, սակայն, «կամուրջ» բառին փոխարէն «մոսթ» բառը գործածելը տրամաբանական ո՛չ մէկ արդարացում կրնայ ունենալ։ Այս կապակցութեամբ պէտք է հիմնականին մէջ մեղադրել պետական գործիչները, որոնք իրենց ելոյթներու ընթացքին տեղ կու տան օտար բառերու։ Երբ պետական մակարդակով հայ լեզուի պահպանումը լուսանցքէ դուրս կը դրուի, ժողովուրդէն կարելի չէ ակնկալել այդ մէկը:
Մշակոյթը, այնպէս ինչպէս սեփական հարստութիւնը, անձնական է եւ պէտք չէ մրցակցութեան դնել ուրիշներու դէմ. մեզի համար հիմնական կարեւորութիւն ունի այն, որ հայը իր հայու ինքնութիւնը պահէ եւ յաջողի այդ մէկը սերունդէ սերունդ փոխանցել։ Մենք ֆրանսացիին կամ ամերիկացիին հետ մրցակցելու կարիքը չունինք. թող իրենց մշակոյթը մեր մշակոյթէն շա՜տ աւելի զարգացած ու շա՜տ աւելի յառաջդիմած ըլլայ, նպատակը յառաջդիմած մշակոյթի մը տէր դառնալէ անկախ սեփական մշակոյթի մը տէր դառնալ է, այնպէս ինչպէս սեփական սենեակ ունենալը շատ աւելի ընդունելի է, քան վարձակալած պալատ մը: Այո, ուրիշինը շատ աւելի բարօր վիճակ մը կրնան ունենալ, սակայն, հարցը հետեւեալն է. անձ մը կրնա՞յ իր մայրը փոխել ուզել՝ պարզապէս որովհետեւ ուրիշին մօր դիմագիծը աւելի «փայլուն» ու «առինքնող» է: Այս բոլորը նկատի ունենալով հայ մշակոյթը օտար ազդեցութիւններէ հեռու պահողները «ծիծաղելի» չենք նկատեր։ Այո, զարգացումը անհրաժեշտ է. մարդ պարտաւոր է զարգացնել իր մշակոյթը ի՛ր սկզբունքներուն, ի՛ր մշակոյթին համաձայն եւ այդ մէկը պահպանելու համար պէտք է այդ սեփական մշակոյթը սիրելի դարձնել նոր սերունդներուն՝ որոնք չես գիտեր ինչու սքանչացած վիճակով մի՛շտ օտարին մշակոյթը կը պաշտեն, առանց գիտակցելու, որ օտարինը «զարգացած» ըլլալու հովերը կրնայ տալ, սակայն, միւս կողմէ, կը սպաննէ սեփականը՝ որուն գոյութեամբ այնքան ալ մտահոգուած չէ նոր սերունդը:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Պետականութիւն ունեցող ժողովուրդներու ամենանուիրական օրերն են ազատութեան տարեդարձը եւ գիրերու գիւտի օրը: Առաջինով՝ ազգերը կը ներշնչուին, կը հաղորդուին ազատութեան գաղափարով եւ զայն ամէն գնով պահելու ուխտով: Որովհետեւ անցեալի ստրկական կեանքը եւ մանաւանդ անոր ամօթալի վերադարձի ամենէն աղօտ հեռանկարն իսկ կը սարսափեցնէ ազգային ազատութիւն վայելող որեւէ ժողովուրդ: Երկրորդով՝ գիրերու գիւտը, որ ազգային ինքնուրոյն մշակոյթը կը խորհրդանշէ, ազգերը կ՚ոգեւորուին եւ կը գուրգուրան անոր վրայ: Որովհետեւ երբ ազգային մշակոյթը չի զարգանար, այլ տեղի կու տայ ու կը մեռնի, ազգը կը դառնայ հoտ, անխուսափելիօրէն ենթակայ ձուլուելու բարձր մշակոյթով ժողովուրդներու մէջ:
ՎԱՀԱՆ ՄԱԶՄԱՆԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան