ՏԿԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ԵՒ ՍԽԱԼՆԵՐՈՎ…

Մարդ արարածը կեանքը կ՚ապրի տկարութիւններով, թերութիւններով, սխալներով, քանի որ ան թէեւ կը ձգտի կատարելութեան, բայց երբեք չի՛ կրնար կատարեալ ըլլալ՝ քանի որ թերութիւններ, տկարութիւններ, սխալներ երբեք զինք չեն թողուր բոլորովին։ Սակայն յաճախ մարդ չ՚ընդունիր իր իսկ թերութիւնները, տկարութիւնը եւ սխալները։

Ահաւասիկ, մարդուն առաջնակարգ հարցերէն մին ալ ա՛յս է։ Մարդ երբ ընդունէր իր անկատարութիւնը, հաւանաբար շատ աւելի՛ երջանիկ պիտի ապրէր կեանքը։

Յիսուս Քրիստոսի առաքեալները լման երեք տարի Անոր հետ էին եւ Անոր հսկողութեան տակ ապրեցան։ Այս պարագային բնական պէտք էր համարել, թէ առաքեալները չսայթաքէին, չթերանային եւ չսխալէին։ Բայց առաքեալները՝ անոնք ալ ի վերջոյ մա՛րդ էին եւ մարդկային թերութիւններ ունէին։

Ուստի, եւ բնականաբար, մարդ կրնայ սխալիլ, տկարութեանը «գերի»ն դառնալ, բայց կարելի է Քրիստոսով սրբուիլ, զօրանալ եւ վերանորոգուիլ։ Մենք բոլորս, սիրելի՜ներ, կը մնանք մեր տկարութիւններուն, թերեւս անիմաստ յամառութեամբ կը շարունակենք ապրիլ մեր թերութիւններով, բայց պէ՛տք է արթննանք, որովհետեւ մեզ ներելու, մինչեւ իսկ 77-ը բազմապատկելով 7-ով, այնքան անգամ մեզ ներելու պատրաստ Յիսուսը ունինք։

Ահաւասիկ, Պետրոս առաքեալը՝ որ չափազանց յանդուգն էր եւ չափէ դուրս առաջ նետուող, համարձակեցաւ ըսել Յիսուսի, թէ եթէ նոյնիսկ բոլորը լքեն զԻնք, ինք երբեք պիտի չլքէ։ Բայց, ան ոչ թէ մէկ անգամ, այլ երեք անգամ ուրացաւ իր Տէրը՝ Յիսուսը եւ ըսաւ, թէ չի՛ ճանչնար Անիկա։ Արդարեւ, մարդ պէտք չէ վստահի իր զօրութիւններուն, կարծեցեալ առաւելութիւններուն եւ խուսափի վճռական խոստումներ տալէ, քանի որ գուցէ կրնայ սխալիլ…

Մարդուս հոգեվիճակը, արդարեւ, յաճախ կը փոխուի պարագաներու համեմատ. քաջութիւնը լաւ բան է, անշուշտ, բայց մարդ պէտք է գիտնայ իր կարողութեան չափը եւ տարողութիւնը այդ մասին։ Մա՛րդ չի գիտեր, թէ քիչ յետոյ ի՛նչ պարագաներու մէջ ի՛նչ հոգեվիճակ, ի՛նչ տրամադրութիւն պիտի ունենայ, եւ ո՛րքան հաւատարիմ պիտի կարենայ մնալ իր խոստումներուն։ Որովհետեւ կեանքը լեցուն է անակնկալներով… եւ մենք բոլորս ալ յաճախ կ՚ապրինք նոյն հոգեվիճակը եւ կը փոխուի մեր տրամադրութիւնը, կը փոխուի մեր չարին ընդդիմանալու ուժը եւ կարողութիւնը։ Բայց երբ ունինք Յիսուսը մեր սրտերուն մէջ՝ կ՚ունենանք քաջութիւնը ընդդիմանալու չարին։

Յիսուս հարցուց Պետրոսին, թէ՝ կը սիրէ զԻնք, Պետրոս պատասխանեց. «Այո՛»։ Բայց Յիսուս երեք անգամ կրկնեց հարցումը. «Կը սիրե՞ս զԻս»։ Երեք անգամ, որովհետեւ Պետրոս զԻնք ուրացած էր երեք անգամ։

Եւ մենք ալ, սիրելի՜ներ, մեր յաճախակի մոռացումներուն, սխալումներուն մէջ պէտք է պատասխանենք Յիսուսի. «Այո՛, կը սիրեմ Քեզ», երեք անգամ եւ նոյնիսկ շատ աւելի անգամ, քանի որ Անոր անհուն բարութեան, սիրոյն, ողորմածութեան, ներողամտութեան եւ գութին պատասխանելու ձեւն է՝ սիրել զԻնք եւ հնազանդիլ Անոր։

Արժանի ըլլանք Յիսուսի ներշնչած վստահութեան։ Սէրը իւրացնենք եւ տարածենք, քանի որ Յիսուս կը սիրէ անշահախնդիր կերպով։ Խոստովանինք մեր տկարութիւնները եւ շահինք Անոր անհո՜ւն սէրը եւ վստահութիւնը, կեանքի ամէն պարագաներուն վստահինք եւ զօրանանք Քրիստոսով՝ որ կը գթայ եւ կ՚ողորմի մեզի։ Ասոր համար պէտք է հետեւիլ Յիսուսի, եւ ամէն պարագայի մէջ վստահինք Անոր, երբ կը տկարանանք, կը խարխափինք եւ հետեւինք Անոր։

Յիսուսի հետեւիլ՝ կը նշանակէ ընդունիլ եւ վստահիլ Անոր եւ յայտարարել Անոր աստուածութիւնը, կեանքի առաջնորդութիւնը եւ ճշմարտութեան հասնիլ… եւ տկար, թերի, անկատար մարդուն կոչումն է ձգտիլ կատարելութեան՝ որքան ալ չկարենայ հասնիլ անոր։ Յիսուս պէտք է ըլլայ մեր կեանքին կատարելութեան նպատակակէտը։ Ուստի, ցոյց տանք մեր ամբողջ կեանքով եւ ամբողջ վարմունքով հաւատարմութիւնը մեր կոչումին եւ ահաւասիկ, այն ատեն Յիսուս պիտի ըլլայ մեր հովանին եւ պահէ մեզ բոլորս…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 27, 2025, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2025