ՄԱՀԷՆ ԱՒԵԼԻ ՍԱՐՍԱՓԵԼԻՆ՝ ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԻՒՆԸ
Մահը ինչքան ալ ծանր ու սարսափելի թուի՝ մահ է. դէպի անյստակութիւն տանող յայտնի աւարտ մըն է, վերջակէտ մը. սակայն, պէտք է ըսենք, որ ամենէն սարսափելին այս մէկը չէ, որովհետեւ որոշ ժամանակ ետք մահուան դիմաց մարդ կը համակերպի, կ՚ընդունի ճշմարտութիւնը եւ սիրեցեալին սուգը սրտին մէջ կը շարունակէ ապրիլ։ Մեզի համար մահէն շատ աւելի սարսափելի վիճակ մը ունի անորոշութեան վիճակը, որ ի տարբերութիւն մահուան, մխիթարութիւն մը չունի: Մահէն աւելի սարսափելի վիճակը անհետ կորած վիճակն է, ո՛չ մահ է ո՛չ կեանք, ո՛չ մեռելութեան վախն է եւ ո՛չ ալ կենդանութեան ուրախութիւն. ամբողջական անորոշութիւն մը:
Կարմիր խաչի վիճակագրօրէն տուեալներու համաձայն, 2024 թուականի աւարտին որպէս անհետ կորած կպորոնուէր 284,400 անձ։ Անշուշտ, այս թիւը ամբողջական չէ եւ կը հաւատանք, որ շատ շատ աւելին է, որովհետեւ օրական դրութեամբ աւելի քան 260 մարդ անհետ կը կորսուի։ Պատկերացուցէք պահ մը, երբ մէկէն ի մէկ կ՚անհետանայ ձեր զաւակը. ո՛չ մէկ ձեւով կրնաք գտնել զայն, օրեր, շաբաթներ ու ամիսներ անոր ողջ ըլլալ-չըլլալը անգամ չէք գիտեր ու ձեր բոլոր հարցադրումներուն ու տագնապներուն դիմաց կը գտնէք լռութիւն, մեռելութիւն մը, որ ձեր հարցադրումներուն պատասխան չունի:
Հոգեբանութեան մէջ անորոշութիւնը ունի լուրջ մարտահրաւէրներ. մարդ արարած սովոր է իր կեանքը հիմնել գիտցուած որոշ հիմքերու վրայ. գիտէ, թէ տարբեր տարբեր պարագաներու ինչ պէտք է սպասել կեանքէն ու որոշ դրական ու բացասական երեւոյթներու պարագային գիտէ ինչպէս հակադարձել. օրինակի համար, մարդ լաւապէս ծանօթ է սիրելիի մը մահուան զգացումներուն. գիտէ ինչպէս հակադարձել զանազան երեւոյթներու եւ եղելութիւններու, սակայն, անորոշութիւնը վիճակ մըն է, որ մարդուն հաստատ կողմնորոշում չի տար։ Անորոշութիւնը մարդուն մէջ հոգեբանական սարսափ ու տագնապ կը ստեղծէ, որովհետեւ մարդկային միտքը եզրակացութիւններու եւ հետեւանքներու, հաստատուած փաստերու վրայ կրնայ որոշումներ կայացնել, մինչ անորոշութիւնը այդ կարեւոր հիմքերը չունի: Անորոշութիւնը մարդուն մէջ «ինչո՞ւ»ներ կը ստեղծէ եւ այդ «ինչո՞ւ»ները վերջ չեն ունենար. իւրաքանչիւր հարցադրում իր հետ կը բերէ նոր հարցադրումներ, ինչ որ մարդուն մէջ վախի եւ անզօրութեան զգացումը կը զարգացնեն: Անորոշութիւնը այն վիճակն է, որ մարդ կը զգայ, թէ եղելութեան «ղեկ»ը իր ձեռքը չէ։ Անորոշութիւնը վիճակ մըն է, որ լաւին եւ վատին միջեւ կը տարուբերի. եթէ մարդուն համար նիւթը յստակ ըլլայ, ամէն ինչ պարզ ըլլայ տրամաբանութեան ճամբով կարելի է որոշ հարցադրումներու պատասխանը գտնել, սակայն, անորոշութեան մէջ իւրաքանչիւր լուծում ու պատասխան դարձեալ անորոշ կը մնայ:
Անորոշութիւնը իր հետ կը բերէ սպասելու ընթացք մը եւ մարդկային կեանքի համար անորոշութեան սպասումը ամենէն սարսափելին է. վիճակ՝ ուր յոյսն ու վախը իրարու հետ կը հակամարտին: Անորոշութիւնը կը ստիպէ, որ մարդ անվերջ ձեւով սովորականէն մի քանի տասնեակ անգամ աւելի մտածէ, մտածէ ու մտածէ եւ պատասխանի չի հասնի. պատկերացուցէք անապատի մէջ ծարաւ մարդ մը, որ անվերջ կը քալէ՝ սակայն երբեք ջուր չի գտներ. անապատը եւս չ՚աւարտիր. այդ վիճակն է անորոշութիւնը:
Այնպէս ինչպէս ամբողջ աշխարհի մէջ, նոյնպէս օրական դրութեամբ Հայաստանի մէջ եւս կ՚ունենանք անհետ կորածներ, որոնց ընտանիքները կը յայտնուին այդ անորոշութեան մէջ։ Հայաստանի ոստիկանութիւնը համացանցի վրայ ունի էջ մը, ուր կը տեղադրէ անհետ կորած անձերու լուսանկարներ։ Վերջին տուեալներով՝ աւելի քան 320 անձ կը փնտռուի. ո՞ղջ են՝ թէ մեռած՝ մարդ չի գիտեր. հարազատները կը շարունակեն փնտռել, կը շարունակեն յոյս ունենալ, որ օր մը, տեղէ մը ի յայտ գայ անոր կենդանի եւ կամ գուցէ անշնչացած մարմինը: Սգաւոր հարազատներու համար անսահման արժէք ունի սիրեցեալի մը գերեզմանը՝ որուն մէջ կը հանգչի անշնչացած մարմինը. անհետ կորածը գերեզմանաքար մը անգամ չունի:
Յայտնի գրող Վիքթոր Հիւկօ կը գրէ. «Ոչ մէկ բան այնքան ցաւ կը պատճառէ՝ ինչքան մահը, որուն դէմ չենք կրնար պայքարիլ: Իսկ երբ չկայ մարմին, չկայ գերեզման, ցաւը կը կրկնապատկուի անորոշութեան ծանրութեամբ»: Անորոշութիւնը մարդու կեանքի ամենէն շատ ցաւ պատճառող վիճակն է, որովհետեւ մարդ կը ստիպուի ապրիլ առանց պատասխաններու եւ այն երեւոյթը, որուն պատասխանը չունի մարդ՝ արդէն իսկ սարսափելի է: Անորոշութիւնը մարդու հոգին կը խեղդէ, որովհետեւ մահը յստակ է, իսկ անորոշութիւնը անդունդ մըն է, որ կրնայ վերջ չունենալ:
Այս գրութիւնը կ՚ուզենք եզրափակել 1608-1674 թուականներուն ապրած անգլիացի բանաստեղծ Ճոն Միլթընի տողերով. «Մարդու հոգին չի կրնար հանգիստ ընել հոն՝ ուր վերջակէտ չկայ. հոն ուր վերջակէտ չկայ, սպասելը կը դառնայ անաւարտ տանջանք»:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ է մարդ արարածին մեծագոյն վախը:
Պատասխան. Մարդու մեծագոյն վախը ապագայի անորոշութիւնն է, որովհետեւ մարդ արարածը կ՚ուզէ գիտնալ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ ապագան, որպէսզի ինքզինք ապահով զգայ եւ կեանքի հանդէպ վերահսկողութիւն ունենայ: Անորոշ ապագան անսպասելի խնդիրներ, կորուստներ առաջ կը բերէ եւ այդ է պատճառը, որ մարդ միշտ ուզած է ապագան գուշակել ու կանխատեսել, որպէսզի կարենայ կառավարել իրողութիւնները, որովհետեւ անորոշ վիճակը միտքի եւ հոգիի հանգստութիւնը կը խանգարէ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան