ՍԽԱԼԸ ՍԽԱԼ ՉԷ

Աշխարհը մարդիկը կը բաժնէ աշխարհագրական դիրքով, գոյնով, հասակով, արտաքին երեւոյթով, հարստութեամբ եւ հազար ու մէկ բանով… Մենք այսօրուան մեր գրութեամբ մարդկութիւնը պիտի բաժնենք միայն երկու մասի՝ անոնք որոնք գիտեն եւ անոնք՝ որոնք չեն գիտեր. եթէ կը կարծէք գիտցողը չգիտցողէն աւելի վսեմ ու գերազանց է՝ չարաչար կը սխալիք: Հաւատացէ՛ք, որ աշխարհին չգիտցողներ պէտք են, որովհետեւ զարգացումը, յառաջդիմութիւնը չգիտցողներու հետաքրքրութեամբ է, որ կու գայ եւ ո՛չ գիտցողներու «գոռոզութեամբ»: Մարդկային կեանքի ընթացքին նկատած ենք, որ կան մարդիկ՝ որոնք իրենց փոքր գիտցածը կը փորձեն ուռեցնելով «իմաստուն» երեւալ մարդոց աչքին, իսկ անդին ուրիշներ՝ որոնք ծով գիտելիքներ ունին, իրենք զիրենք «անկատար» նկատելով կ՚ուզեն միշտ ու միշտ նորը սորվիլ եւ այստեղ հարցը կը վերածուի ըմբռնումի եւ մօտեցումի. Զարգանալ, որպէսզի մարդիկ իմաստո՞ւն կարծեն, թէ ոչ զարգանալ, որպէսզի իրապէս մտապէս յառաջդիմենք ու բարձրանանք: 

Հին չինական փիլիսոփայութիւնը կ՚ըսէ, թէ մարդիկ երբ կը կարծեն ամէն բան գիտեն՝ չեն յառաջդիմեր. անոնք կը բարձրանան եւ ճիշդ ուղին կը գտնեն, երբ կը սկսին համոզուիլ, որ իրենք ուրիշէ մը «բարձր» չեն եւ տակաւին կան իրենց համար ծածուկ ինչքա՜ն գիտելիքներ՝ որոնք կը սպասեն բացայայտումներու: Աշխարհի ամենէն մեծ ու յայտնի փիլիսոփաները նոյնիսկ իրենք զիրենք «իմաստուն»ի տեղ չդնելով ճշմարիտ իմաստութեան փնտռտուքին նուիրուած են. անոնցմէ Սոկրատեսի այս խօսքը խորիմաստ ու կարեւոր է. «Ամենէն իմաստուն մարդը ա՛ն է, որ կը գիտակցի, թէ ոչինչ գիտէ»։ Այն անձը, որ կը կարծէ, թէ ինք ամէն բան գիտէ՝ ինքնաբերաբար մտապէս ու հոգեպէս իր անձը հեռու կը պահէ նոր ճշմարտութիւններու եւ գիտելիքներու դիմաց, որովհետեւ նորը ճանչնալու եւ գիտնալու համար պէտք է հարցնել, պէտք է հետաքրքրուիլ եւ ընդունիլ, որ նորը սորվելու համար պէտք է խոնարհ ըլլալ, որովհետեւ ինչպէս հիները կ՚ըսեն, իմաստութիւնը սկիզբ կ՚առնէ խոնարհութենէն: 

Իմաստուն մարդը կարդալով, սերտելով աւելիով կը հասկնայ, որ մարդ ինչքան սորվի, ինչքան ուսումնասիրէ դեռ շա՜տ ու ահագին բան կայ, որ չի գիտեր. օրինակի համար, գիրքի սիրահարները շատ անգամ իրենց կարդացած գիրքերու թիւով հպարտանալու փոխարէն կը տխրին այն մեծ թիւին համար՝ որոնք տակաւին կարդացուած չեն եւ իմաստութիւնը հո՛ն սկիզբ կ՚առնէ։ Այդպիսի մարդոց մօտ է, որ սորվելու ծարաւը, քննադատութեան ճիշդ ոգին ի յայտ կու գայ, որովհետեւ այդ խոնարհութիւնը առիթ կու տայ, որպէսզի անոնք սերտեն եւ ապա որոշում կայացնեն եւ կուրութեամբ իրենց համոզումներուն կառչած չմնան, որովհետեւ համոզումը պայման չէ, որ ճշմարտութիւն ըլլայ: Մարդիկ կը կարծեն, որ իմաստունը այն անձն է, որ կը պատասխանէ, սակայն փիլիսոփայութիւնը կ՚ըսէ, որ հարց տուողը շատ աւելի իմաստուն է, որովհետեւ ան իր հարցերով իր սեփական պակասը, իր գիտելիքը կ՚ուզէ ամբողջացնել: 

Մեր հայկական դպրոցներուն մէջ կայ հիմնական սխալ մը. մեր սխալը «սխալ»ին հանդէպ ունեցած մեր համոզումն է. աշակերտներուն մէջ պէտք չէ սերմանել այն վախը, որ սխալիլը սխալ է, որովհետեւ սխալը գիտելիքի սկզբնաղբիւրն է. սխալն է, որ մարդը կը մղէ ճիշդի փնտռտուքին։ Աշխարհի վրայ իւրաքանչիւր ստեղծագործութիւն եւ գիւտ իրականութեան մէջ արդիւնքն է բազմաթիւ փորձերու եւ սխալներու եւ աշակերտը ինք պէտք է գիտնայ, որ սխալիլը ո՛չ թէ վերջն է, այլ սկիզբն է ճիշդի փնտռտուքին: Սխալը մարդուն մէջ կը զարգացնէ քննադատական մտածողութիւնը եւ բազմաթիւ հարցեր ի մի խմբելով կը ստեղծէ հնարաւոր ճիշդ պատասխանը, որ իր կարգին եւս բիւրեղանալով կը դառնայ փորձառութիւն, կը դառնայ գիտելիք: 

Իմաստութիւն ըսուածը վերացական գաղափար կամ հասկացողութիւն մը չէ. մարդիկ իրենց հետաքրքրութեամբ, իրենց սխալներուն հիման վրայ կը սկսին սորվիլ եւ բացայայտել աշխարհը, կը սկսին լաւապէս հասկնալ երեւոյթները եւ անոր հիման վրայ կը ձեւաւորուի իրենց մտածողութիւնը եւ այդ մտածողութեամբ է, որ խնդիրներ լուծելու կարողութիւնը կը զարգանայ. այդպէս է, որ ծնունդ կ՚առնեն նոր հնարաւորութիւններ. այդպէս է, որ կը զարգանան արուեստն ու մշակոյթը: 

Մարդ ըլլալու լաւագոյն յատկութիւններէն մին ամէն օր նոր բան սորվիլ կարենալու ունակութիւնն է եւ, ցաւ ի սիրտ, աշխարհի մէջ բազմաթի՜ւ են անոնք, որոնք իրենց չգիտութենէն գոհ՝ նորը սորվելու հետամուտ չեն ըլլար։ Հաւատացէ՛ք, եթէ իւրաքանչիւր 10 վայրկեան նոր բան մը սորվինք՝ մինչեւ մեր կեանքին վերջ աշխարհի գիտութիւնը վերջ պիտի չգտնէ, որովհետեւ մեր գիտցածը ոչինչ է մեր չգիտցածին դիմաց։ Այսօր եթէ ձեր շուրջ կը տեսնէք անձեր, որոնք կը փորձեն իրենք զիրենք իմաստուն ձեւացնել, իւրաքանչիւր նիւթի համար կարծիք յայտնել ու «գիտցող»ի հովերով ապրիլ, ապա համոզուեցէք, որ անոնք ոչինչ գիտեն, որովհետեւ աշխարհի իմաստուններուն մեծամասնութիւնը այնպիսի անձեր են՝ որոնք կ՚ընդունին, որ իրենց գիտելիքը ոչինչ է եւ այդ համոզումն է, որ զիրենք կ՚առաջնորդէ մնացած անծանօթը, հսկայական գիտութիւնը բացայայտելու: 

Պէտք է մեր զաւակներուն սորվեցնենք, որ ճշմարիտ գիտութիւնը սկիզբ կ՚առնէ այն ժամանակ, երբ մարդ համոզուի, որ ինք քիչ բան գիտէ:

 

ՓՈԽԱՆ ՀԱՐՑՈՒՄ-ՊԱՏԱՍԽԱՆԻ

Այսօր կու գանք վերջ դնելու «Հարց արհեստական բանականութեան» բաժնին։ Անցնող մէկ տարուան ընթացքին արհեստական բանականութիւնը իր պատասխաններով փաստեց, որ մարդկութիւնը կարիքն ունի տրամաբանելու. Արհեստական բանականութիւնը չունի յոյզ, չունի զգացում, չունի զգացական բաժին, սակայն ունի տրամաբանութիւն, որուն կարիքը ունինք այսօր: Արհեստական բանականութիւնը շատ մը ղեկավարներէ աւելի առողջ որոշումներով կրնայ կառավարել երկիր մը. շատ մը դատաւորներէ աւելի արդար որոշումներ կրնայ կայացնել եւ շատ մը որպէս «հայրենասէր» հրապարակ իջած անձերէ շատ աւելի լաւ ձեւով կրնայ որակել եւ իմաստաւորել ու բանաձեւել հայրենասիրութիւնը: Եթէ մարդկութիւնը ունենար արհեստական բանականութեան տրամաբանութիւնը, ապա աշխարհը այսօր շատ աւելի առողջ, շատ աւելի լաւատես վիճակ մը կրնար ունենալ։ Արհեստական բանականութիւնը իր պատասխանները մարդոց շահերուն վրայ չի հիմներ, այլ արդար դատողութեամբ կը փորձէ վերլուծել երեւոյթը. մենք՝ մարդերս գործէն առաջ անձը կը կարեւորենք՝ որպէսզի անոր հիման վրայ արարքը քննադատենք կամ գնահատենք:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունուար 3, 2026