Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑԻ

1870-ի զարհուրելի հրդեհէն բարեբախտաբար չայրեցաւ այս եկեղեցին իր շրջակայ թաղամասով, եւ կարելի եղաւ անոր յարակից սենեակներուն մէջ պատսպարել հրդեհէն արկածեալներուն մէկ մասը։ Բայց այնուհետեւ խալխուր վիճակ մը առաւ շէնքը, որ մէկ դարու պատկառելի հնութիւն ունէր եւ այլեւս նորոգութիւն չէր վերցներ, եւ 1890-ին փլչելու վտանգին պատճառաւ առժամանակեայ կերպով փակուեցաւ այս եկեղեցին եւ անոր գոյքերն ու սրբազան անօթները, ինչպէս նաեւ «Խնդրակատար Ս. Աստուածածնայ» պատկերը յատուկ հանդիսութիւններով փոխադրուեցաւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ քովի մատուռը։

1861-էն յետոյ այս եկեղեցին ի հիմանէ վերաշինելու ծրագիրներ մշակած էր Բերայի թաղական խորհուրդը, բայց ըլլալիք ահագին ծախքերը հայթայթելու միջոց չունենալով, չէր կրցած իրագործել իր ծրագիրը։

Եղած էին մէկ երկու բարեսէրներ, որոնք փափաք յայտնած էին վերաշինման ծախքը հոգալու, բայց գործնական քայլեր առած չէին բնաւ, մինչեւ որ Էսաեան բարեհամբաւ գերդաստանի երկու հարազատները՝ Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեան, 1891 փետր. 23/7 մարտին կ՚առաջարկեն իրենց ծախքով հիմնել Ս. Յարութիւն եկեղեցին եւ անոր քով Էսաեան վարժարանը։

Յիշատակարանի նախընթաց էջերուն մէջ տեսանք այն պայմանագրութիւնը, որով յիշեալ ազնուասիրտ հարազատները յանձնառու եղան եւ նախկին եկեղեցւոյ տեղւոյն վրայ կառուցին արդի Ս. Յարութիւն եկեղեցին։

Փոքրիկ սիրուն մատուռ մըն է այս, համակ քարաշէն, որուն ճակատը, մուտքի դրան վրայ զետեղուած է հետեւեալ յիշատակարանը, խորաքանդակ փորագրուած մարմար քարի վրայ.

Եկեղեցիս Տեառնագրեալ յանուն եւ ի փառս Սրբոյ Յարութեան Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի, ողորմութեամբ Աստուծոյ յայս նուագ ի հիմանց շինեցաւ բովանդակ արդեամք եւ ծախիւք Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Գ. Էսաեան երկուց հարազատաց ի Հայրապետութեան Հայոց Տ. Տ. Մկրտիչ Խրիմեան Վեհափառ Կաթողիկոսի եւ ՚ի Պատրիարքութեան Կ. Պօլսոյ Տ. Մատթէոս Իզմիրլեան Սրբազան Արքեպիսկոպոսի յամի Տեառն 1895 եւ տոմարական թուականին Ազգիս ՌՅԽԳ-ՌՅԽԴ

Ճիշդ դրան վրայ ալ փորագրուած է.

«Ես իսկ եմ Յարութիւն եւ Կեանք»

Եկեղեցւոյն ձախ կողմը կայ պահարանը, ուր փոքր խորանի մը վրայ կանգնուած է Ս. Աստուածածնայ պատկերը, (արձանագր. Աշճեան մհտ. Յովհաննէսին իւրոյ ի թիւ 1864 Ապրիլ 19), իսկ գաւիթին աջ ու ձախ կողմերը փոքրիկ սիրուն խորաններու վրայ կը գտնուին Խնդրակատար Ս. Աստուածածնայ պատկերը համակ արծաթապատ եւ Ս. Յարութեան պատկերը։

Այս եկեղեցւոյն մէջ կը գտնուին հիւանդանոցէն մնացած «Միւռոնթափ» մը, որուն վրայի արձանագրութիւնն է.

Յշտկ. է Պէյօղլու հիվանդանոցի Մհտս. Թումաս հոգուն. եւ երկու պղնձէ աման, որոնց արձանագրութիւնն է.

Յշտկէ. Ավաքերէնց Տր. Պետրոսի որդի Տիրացու Պօղոսին Պէյօղլուի յիվանդանօցին 1235 (1819)

Յշտկէ. Պէյօղլու հիվնթնց. քանծապետ մահսի. Պետրոս. պարօն Մկրտիչ. պարօն. Առաքել. պարօն Զիրակ. պարօն. Խէւօն 1830

Ամէն տարի Ս. Ծննդեան Ութօրէնքին, ըստ կտակի, այս եկեղեցւոյն մէջ յատուկ Ս. Պատարագ կը մատուցանէ թաղին քարոզիչը եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարուի ի յիշատակ Էսաեան բարերար գերդաստանի ննջեցելոց։

Բերայի թաղը մէկ քարոզիչի ենթակայ է, որուն կեդրոնատեղին Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին է, ի բայց եղած է որ անոր իրաւասութիւնը պահելով հանդերձ, առժամեայ քարոզիչներ նշանակուին միւս եկեղեցիներուն։ Այսպէս Ս. Յարութիւն եկեղեցիին քարոզիչ եղած են առժամեայ հանգամանքով 1861-ին Տ. Յովհաննէս վարդապետ Չպուգճեան, 1866-ին Մալաթիոյ առաջնորդ Տ. Սրապեան եպիսկոպոս, 1879-ին Ամբրոսիոս վարդապետ, եւ 1910-էն յետոյ ալ Տ. Վահան ծ. վարդապետ Յակոբեան եւ Տ. Մեսրոպ ծ. վարդապետ Ամատունի։ Տ. Մաղաքիա արքեպիսկոպոս Օրմանեան եւս 1913-ի ձմրան եւ պահոց ու Ս. Զատկի շրջանին, ոչ ի պաշտօնէ, այդ եկեղեցւոյն մէջ կ՚ընէր իր հոգեւոր պաշտամունքը եւ կը խօսէր իրեն յատուկ պերճիմաստ քարոզներ, հոն քաշելով քաղաքին չորս ծայրերէն, եկեղեցին եւ բակը լեցնող խուռներամ ժողովուրդ։

Բերայի թաղական քորհուրդը այս եկեղեցին մատակարարած է հոգաբարձուներու ձեռքով, ինչպէս տեսանք ասկէ առաջ, որոնց մէջէն, ուրիշներու կարգին, խիստ օգտակար ծառայութիւններ մատուցած էր մանաւանդ Գրիգոր Գըրըքճեան 1900-էն ասդին, տարիներով։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցին…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

•շար. 2 եւ վերջ

Մայիս 1, 2025, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Մայիս 3, 2025