ԻՆՉՈ՞Ւ ԻՆՔՆԱՍՊԱՆ Կ՚ԸԼԼԱՆ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐ (Բ.)

Բ.- Մեղադրանք ու քննադատութիւն.- Ինքնասպան պատանին իր յուսահատութեան հիմնական պատճառ ցոյց կու տայ ամենէն կարեւոր երկու անձերը՝ ծնողքն ու ուսուցիչները: Պատանեկան տարիքը այն տարիքն է, ուր պատանին ինքզինք կը փորձէ գտնել եւ այդ ընթացքին որպէս առաջնորդ ունի նախ ծնողքը եւ ապա ուսուցիչը։ Իրականութեան մէջ ծնողք եւ ուսուցիչ չենք ուզեր տարբերել, որովհետեւ կը հաւատանք, որ մէկը միւսին գործը ամբողջացնելու կոչուած է՝ եթէ ուսուցիչը ընդունինք ո՛չ որպէս պաշտօնեայ, որ դաս կու տայ եւ վերջ: 

Ծնողքը եւ ուսուցիչը կարեւոր դեր ունին պատանիին հոգեբանական եւ մտաւոր զարգացման մէջ։ Մմենք կը կարծենք, որ ծնողքը առաջին անգամ իր մանուկին շարժիլ ու խօսիլ կը սորվեցնէ՝ մինչեւ ան իր առաջին բառերը սկսի արտասանել, սակայն, ծնողք մը շատ աւելի կարեւոր բան կը փոխանցէ նախքան այդ բոլորը. յուզական աջակցութիւն, սէր, ընտանեկան մթնոլորտ, որոնք կարեւոր են անձի մը ինքնագնահատման եւ հոգեկան կայունութեան համար: Հոգեկանէն ետք կու գայ որոշ բարոյական սկզբունքներ, ինչ որ մանուկ-պատանին ժամանակի ընթացքին կը սորվի. ծնողները կը կազմեն պատանիի մը վարքն ու խնդիրներու հանդէպ ունեցած մօտեցումը: 

Ինքնասպան պատանին կ՚ըսէ. «Բան մը չըրին»։ Իրականութեան մէջ պէտք է լաւապէս հասկնալ, թէ պատանին իրապէ՞ս անկեղծութեամբ իր խնդիրները արտայայտեց ու անոնք բան մը չըրին, թէ պարզապէս չկրցան հասկնալ պատանիին ներաշխարհը։ Ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն համար կայ հետեւեալ մարտահրաւէրը. ամէն մանուկ-պատանի չի խօսիր իր յոյզերուն եւ խնդիրներուն մասին. անոնց պարտաւորութիւնն է շատ անգամ լռութեան մէջ նոյնիսկ գիտնալ, զննել ու հասկնալ խնդիրները՝ մանաւանդ, որ չխօսող մանուկի մը հոգեկան տագնապները շատ աւելի վտանգաւոր կրնան ըլլալ՝ քան խօսողինը: Շատ մը պատանիներ ու մանուկներ իրենց արտայայտութիւններով կ՚օգնեն, որպէսզի ծնողքը կամ ուսուցիչը հասկնայ խնդիրը եւ անոր լուծում մը գտնէ, սակայն կան լուռերը։ Իրականութեան մէջ ամենէն լուռ մանուկը անգամ կամայ թէ ակամայ որոշ նշաններ ցոյց կու տայ. օրինակի համար, հոգեբանութեան ու մանկավարժութեան մէջ յստակ ձեւով կը տեսնենք, որ հոգեկան որոշ խնդիրներ դիմագրաւող մանուկներ կը սկսին հեռանալ իրենց նախասիրութիւններէն. շատեր կրնան աւելի նեղացող, աւելի ջղային դառնալ։ Պատանիներուն չխօսելու պատճառը հիմնականին մէջ վախն է. անոնք կը վախնան, որ մեծահասակներու կողմէ յստակ չհասկցուին եւ կամ մեծահասակներ լրջութեամբ չմօտենան այդ խնդիրներուն՝ զորս անոնք ունին։ Այո՛, մեր պատանիներուն ունեցած խնդիրները մեր՝ մեծահասակներուս խնդիրներուն հետ համեմատած ոչինչ կրնայ թուիլ, սակայն, պատանիին համար ատոնք շատ լուրջ եւ մեծ խնդիրներ են: Մենք որպէս մեծահասակներ շատ անգամ ծիծաղով կը մօտենանք այդ «խնդիր»ներուն՝ զանոնք խնդիր չնկատելով, սակայն անոնց համար այդ մէկը լուրջ մարտահրաւէր մըն է՝ մանաւանդ նկատի ունենանք, թէ նման ապրումներ նոր կը սկսին ըմբռնել ու սորվիլ: Այդ իսկ պատճառով մանկավարժութիւնը կը խրախուսէ, որպէսզի ծնողներ ու ուսուցիչներ իրենց զաւակներուն զգացումներուն կարեւորութիւն տան եւ լրջութեան մօտենան՝ ինչքան ալ պարզ ու աննշմար բան թուի ըլլալ:

Ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան նաեւ, որ ընդհանրապէս իր խնդիրներուն մասին լուռ կը մնան այն պատանիները՝ որոնք իրենց հանդէպ անտարբերութիւն կը նկատեն: Ներկայ աշխարհի վազվզուքին մէջ ծնողներ յաճախ ուրիշ հարցերով տարուած կը մոռնան անհրաժեշտ ժամանակը տրամադրել իրենց զաւակներուն. ծնողքին համար գործը, ապրուստը կարեւոր է՝ հոգալու համար իր զաւակին պէտքերը, սակայն, զաւակին համար իր ծնողքին ներկայութիւնը, հետաքրքրութիւնը շատ աւելի առաջնահերթ է, որովհետեւ ան տակաւին լաւապէս տեղեակ չէ կեանքի պահանջներուն. մանուկ-պատանիին համար իր հօր ներկայութիւնը շատ աւելի կարեւոր է, քան մէկ շաբաթ հօր մեծ գումար տուն բերելը: 

Մեր յօդուածի «հերոս» պատանին 13 տարեկանին ինքնասպան եղաւ՝ ըսելով. «Բան մը չըրին»։ Արդեօք ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն միջամտութիւնը կարելի պիտի ըլլա՞ր փրկել այդ պատանին։ Յաճախ կը տեսնենք, թէ դժբախտ պատահարէ մը ետք մեծահասակներ ու մանաւանդ ծնողներ «երանի՜»ով նախադասութիւններ կը կազմեն. «երանի՜ հասկնայի», «երանի՜ գիտնայի». այդ երանին կանխելու լաւագոյն ձեւը հետաքրքրութիւնն է։ Այսօր շատ մը ծնողներ կը ծուլանան իրենց զաւակին հարցնել, թէ ի՞նչ ըրաւ դպրոցը, զբօսանքին ովքերո՞ւ հետ ժամանակ անցուց, ի՞նչ տեսաւ, ի՞նչ ապրեցաւ։ Մեզի համար այդ աննշան ու անկարեւոր հետաքրքրութիւնը պատանիներուն համար կարեւոր է, որովհետեւ անոնք կ՚ուզեն զգալ այդ սէրն ու հետաքրքրութիւնը՝ հասկնալու համար, որ ծնողներ իրապէս կը սիրեն զիրենք: 

Պատանին իր նամակին մէջ կը գրէ. «Աղաչեցի ու աղաչեցի»։ Այստեղ կը ծագի ուրիշ հարց մը. զաւակը իր խնդիրները բարձրացուցած է, սակայն շրջապատը չէ կրցած նկատել ու լսել այդ մէկը։ Պէտք է նկատի ունենանք, որ մեր զաւակներուն բերնէն դուրս եկած ամէն բան չէ՛, որ մանկական ու անկարեւոր բաներ են. իւրաքանչիւր խօսք, իւրաքանչիւր արտայայտութիւն ունի իր հիմքն ու պատճառը եւ երանելի է այն ծնողքը, որ իրապէս լրջութեամբ ականջ կը դնէ անոր խնդիրներուն, որովհետեւ եթէ մէկ, երկու եւ կամ երեք անգամ պատանին անտարբերութիւն նկատեց՝ ալ կը դադրի իր խնդիրները բարձրաձայնելէ:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Պէ՞տք է կարեւորութիւն տալ պատանիներուն ըսածներուն:

Պատասխան. Այո՛, պէտք է կարեւորութիւն տալ պատանիներուն ըսածներուն, որովհետեւ այդ շրջանը իրենց հոգեբանական ու զգացումներու զարգացման կարեւոր մէկ շրջանն է: Պատանիներ իրենց տեսակէտները արտայայտելով կը փորձեն արտայայտուիլ, հասկնալ շրջապատը, գտնել իրենց տեղը այս աշխարհին մէջ: Անոնց ըսածները արհամարհելը կրնայ պատճառ դառնալ վստահութեան կորուստի, մեկուսացման կամ ինքնագնահատականի պակասի: Մեծերը երբ լրջութեամբ ընդունին անոնց ըսածները, ականջ տան անոնց կարծիքներուն, փոխադարձ յարգանքը կ՚ամրանայ եւ ինքնավստահութիւնը կը հաստատուի:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մայիս 3, 2025