ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ ՄԱՏԵԱՆԸ

Աստուածաշունչ մատեանը՝ որ ընդհանրապէս ճանչցուած է «Սուրբ Գիրք» անունով, Սուրբ է, քանի որ կապ ունի Աստուծոյ, Յիսուսի եւ Սուրբ Հոգիին հետ, եւ գրուած է Սուրբ Հոգիին ներշնչումով։ Սուրբ Գիրքը «սուրբ» է, որովհետեւ ան կապ ունի Ամենասուրբ Երրորդութեան հետ։

Աստուածաշունչը՝ Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ սուրբ, ճշմարիտ եւ Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած խօսքն է՝ որ գրուած է մասնաւոր մարդերու կողմէ՝ որոնք ներշնչուած էին Աստուծոյ Սուրբ Հոգիով. (Բ ՊԵՏ. Ա 21)։ Հետեւաբար, Սուրբ Հոգին անխուսափելի՛ ազդակն է Սուրբ Գիրքը հասկնալու համար։

Աստուածաշունչ մատեանը կը պարունակէ 66 գիրք, գրուած մօտաւորապէս 40 հեղինակներու կողմէ, 1500 տարուայ ընթացքին՝ մօտաւորապէս Ք.Ա. 950-Ք.Ե. 367 թուականներուն։

Հին ուխտի կանոնագրութիւնը աւարտած է Ք.Ե. 100 թուականին, Պաղեստինի մէջ։ Իսկ Նոր կտակարանը՝ 367 թուականին։

Աստուածաշունչ մատեանի 66 գիրքէն զատ կան նաեւ 14-15 գիրք՝ որոնց առաքելական հեղինակութիւնը եւ Սուրբ Հոգիէն ներշնչուելով գրուած ըլլալու իրողութիւնը կասկածելի ըլլալով, անոնք պաշտօնապէս կանոնագրուած չեն։

«Կտակարա՞ն» թէ «Ուխտ»։

«Կտակարան»ը եբրայերէնի թարգմանութիւնն է, իսկ «Ուխտ»ը անգլերէնի թարգմանութիւնն է, որ յաճախ գործածուած է Սուրբ Գիրքին մէջ։

Նոր ուխտը ոչ թէ կը ջնջէ, այլ կ՚ամբողջացնէ Հին ուխտը։ Հին ուխտը կը պարունակէ Օրէնքի ուխտ. Նորը՝ Շնորհքի ուխտ Յիսուս Քրիստոսով։ Ամէն պարագայի՝ Աստուածաշունչ մատեանը իր 66 գիրքով Մէկ Գիրք եւ Մէկ պատմութիւն է՝ Աստուծոյ պատմութի՛ւնը։

Հին ուխտը գրուած է եբրայերէնով՝ Ք.Ա. մօտաւորապէս 250-ին թարգմանուած յունարէնէ՝ «Եօթանասունից» անունով։ Նոր ուխտը գրուած է յունարէնով, որ նաեւ կը պարունակէ արամերէն նախադասութիւններ։ Հեղինակներ եղած են մարգարէներ, թագաւորներ, փիլիսոփաներ, բանաստեղծներ, երաժիշտներ եւ առաքեալներ։

Հին ուխտը կը պարունակէ 39 գիրք եւ կը բաղկանայ 4 գլխաւոր մասերէ.

ա) Օրէնք կամ Հնգամատեան (5 գիրք)։ Սուրբ Գիրքին առաջին 5 գիրքը, գրուած՝ մօտաւորապէս Ք.Ա. 1440-1400 թուականներուն։ Թէեւ կը կոչուի «Մովսէսի Օրէնք», սակայն ըստ ոմանց՝ անոնց հեղինակները անծանօթ։ Գիրքերը՝ «Ծննդոց», «Ելից», «Ղեւտացւոց», «Թուոց» եւ «Երկրորդ Օրինաց» են։

բ) Պատմութեան գիրքեր. 12 գիրք։ Ասոնք. «Յեսուայ», «Դատաւորաց», «Հռութայ», «Ա. Բ. Գ. Դ. Թագաւորաց», «Ա. Բ. Մնացորդաց», «Եզրասայ», «Նէեմեայ», «Եսթերայ»։

Այս գիրքերը ընդհանրապէս պատմութիւններ են որոշ դէմքերու, դէպքերու եւ հրեայ ազգին՝ որոնց միջոցով եւ այլազան փորձառութիւններով՝ Աստուծոյ «փրկութեան ծրագիր»ը կը քօղազերծուի եւ կը յայտնաբերուի՝ գետին պատրաստելով Նոր ուխտի ծրագրին։

գ) Գրութիւններ կամ բանաստեղծական գիրքեր՝ 5 հատ. «Յոբայ», «Սաղմոսաց», «Առակաց», «Ժողովի», «Երգ Երգոց»։

դ) Մարգարէութիւններ՝ 17 գիրք։

«Մարգարէ» բառը կը նշանակէ. «տեսանող», «կանչող» կամ «յայտարարող»։ Մարգարէները Աստուծմէ ընտրուած եւ կանչուած մարդեր էին՝ Աստուծոյ խօսքերը եւ պատգամները փոխանցելու որոշ անձերու կամ ժողովուրդներու։ Քրիստոսէ առաջ անոնք կրօնական կարեւորագոյն առաջնորդներ էին։ Անոնք Աստուծոյ «խօսնակներ»ն էին։

Մարգարէներու գիրքերը երկու մասերէ կը բաղկանան. Երէց մարգարէներ՝ իրենց երկարութեան համար. «Եսայեայ», «Երեմեայ», «Ողբք Երեմեայ», «Եզեկիէլի», «Դանիէլի»։ Կրտսեր մարգարէներ՝ 12 գիրք. «Ովսեայ», «Յովելեայ», «Ամովսեայ», «Աբդիու», «Յովնանու», «Միքիայ», «Նաւումայ», «Ամբակումայ», «Սոփոնեայ», «Անգիայ», «Զաքարիա», «Մաղաքիա»։

Անշուշտ, կան նաեւ նախկին մարգարէները՝ սկսելով Մովսէսէն մինչեւ մարգարէներու շրջանին մէջ գործող մարգարէները։

«Նոր ուխտը» կը պարունակէ 29 գիրք, որոնք գրուած են Ք.Ե. 50-100 թուականներուն, որոնց առաջինը՝ Ա ԹԵՍ. գրուած է մօտ 50-56 թուականին, վերջինը՝ Յայտնութեան Գիրքը՝ 95-100 թուականին։

Բոլոր գիրքերը վերջնականապէս կանոնագրուած են Ք.Ե. 367-ին։

1- Աւետարաններ՝ 4 Աւետարան. «Մատթէոս», «Մարկոս», «Ղուկաս» եւ «Յովհաննու»։

2- Պատմութիւն կամ Գործք Առաքելոց՝ գրուած է Ղուկասի կողմէ՝ մօտաւորապէս 63-68 թուականներուն։

3- Նամակներ՝ 21 հատ, 14-ը գրուած Պօղոսի կողմէ։

Ընդհանրական նամակներ՝ 7 նամակներ ուղղուած այլազան քրիստոնեայ խումբերու՝ Եկեղեցիներու։

4- Յայտնութիւն Յովհաննու՝ Սուրբ Գիրքին վերջին գիրքը, գրուած մօտաւորապէս Ք.Ե. 96-ին Յովհաննէս առաքեալի կողմէ՝ ուղղուած Ասիոյ 7 եկեղեցիներու։

Այս գիրքը դժուարահասկնալի է, որովհետեւ բազմաթիւ խորհրդանշական թուանշաններ, անուններ եւ պատկերներ եւ մեկնաբանութիւններ կը պարունակէ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 1, 2025, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յուլիս 3, 2025