ՔԱՐՈԶՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԵՑՈՂ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿՐՕՆՆԵՐ
Աշխարհի վրայ կան զանազան կրօններ՝ որոնց մէջ կը գտնուին նաեւ ազգային եւ ցեղային մշակութային ծագում ունեցողներ։ Պատմական վկայութիւններու համաձայն՝ այս կարգին կրօններ ջանք չեն թափած «տիեզերական» դառնալու։
ՀԻՆՏՈՒԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Հինտուականութիւնը ցեղային հնագոյն կրօնն է, Հնդկաստանի մէջ ծագում առաւ եւ 300 միլիոնէ աւելի հետեւորդներ ունի։
Հինտուականութեան գլխաւոր սկզբունքներն են՝ Հինտուականութիւնը հոգիին աստուածաբանութիւնն է. գոյութեան միութիւնն է, Աստուածութեան մէկութիւնն է եւ կրօններու համերաշխութիւնն է։ Հինտուականութիւնը կը ժխտէ պատմական կրօն մը ըլլալ, սակայն կը հռչակէ հիմք ունեցած ըլլալ «անժամանա՛կ», յաւիտենական ճշմարտութիւններու վրայ, որոնք ուսուցուած են Վեդասին մէջ։
Բացարձակ Իրականութիւնը՝ Պրահման կամ Ատման՝ որուն մասին կը խօսին իբր «Ան» (He) եւ կամ երբեմն ալ իբր «Անիկա» (It), սակայն «անծանօթ» եւ «անծանօթանալի» է։ Հինտուականութիւնը բազմաթիւ ծանօթ «աստուածներ» ունի, ինչպէս՝ Պրահմա, Վիշնու, Շիվա, Քալի եւ Դուրգա, որոնք բոլորն ալ, կ՚ենթարդուի՝ յայտնութիւններն են անդէմ բացարձակին։
Հինտուական պատմութեան տաժանելի ժամանակակէտի մը ընթացքին, Պրահմա, ըսուած է, որ մարդեղացած է Ռամայով, Քրիշնայով, Պուտտայով եւ ուրիշներով։ Քրիստոս ալ կ՚ընդունուի իբր այսպիսի մարդեղացումի արդիւնք՝ ի՛նչ որ խեղկատակութենէ եւ խաբէութենէ աւելի արժէք չունի։
Մարդու հոգին յաւիտենական է, ո՛չ սկիզբ ունի եւ ո՛չ ալ՝ վերջաւորութիւն եւ ենթակայ է բազմաթիւ վերամարդեղացումներու եւ կարմայի։ «Փրկութիւն»ը մարդուն կը հասնի հոգիին աստուածութիւնը գիտնալով եւ Յուգայի (Yoga) խաղացքներով եւ ընթացքով հասկնալով։
Հինտուին համար քրիստոնէութիւնը գայթակղութեան վէմ է, որովհետեւ Քրիստոս կը հռչակուի փրկութեան միա՛կ միջոցը, եւ ո՛չ թէ անժամանակ ճշմարտութիւնները եւ յաւիտենական սկզբունքները։ Աստուած Քրիստոսով փրկութիւնը գործադրեց պատմութեան մէջ։ Հինտուին համար դժուա՛ր է ընդունիլ, թէ Քրիստոսի մարդեղութիւնը, խաչելութիւնը եւ յարութիւնը պարզապէս յայտնութիւն չեն միայն, այլ փրկութեան արարքներ են։
ՏԱՌԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
«Տառ» (Tao, Taoisme). «ճանապարհ» կը նշանակէ, եւ Չինաստանի գլխաւոր կրօններէն մին է։ Յետագային այս կրօնին մէջ մտաւ դեւապաշտութիւնը եւ ոգեպաշտութիւնը. (animisme)։ Հետեւաբար, այս կրօնին գլխաւոր նկարագիրը չար ոգիներէ վախնալը եղաւ եւ իբր արդիւնք՝ Տառականութեան քահանաները սկսան դեւերը կամ չար ոգիները եւ «վիշապներ»ը մեղմացնելու եւ հաւատաւորներուն ալ յաջողութիւն ապահովելու աշխատիլ։ Այսպիսով այս կրօնամոլութիւնը՝ աւելի ճիշդ է ըսել, կուրութիւնը տակաւին Չինաստանի խորքերը՝ գիւղերու մէջ անուս ժողովուրդին վրայ կը տիրէ ընդհանրապէս։
Այս կրօնին հիմքը վախը եւ սարսափն է. տարածուած է վախ բանեցնելով եւ կը գոյատեւէ վախի եւ սարսափի միջոցով։ Մարդուն բարիքին համար ո՛չ բարոյականութեան, ո՛չ ալ վերածնունդի կոչ ունի։
ՔՈՆՖԻՉԻՈՒՍԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Չինաստանի երկրորդ մեծագոյն կրօնն է։
Հետեւեալը կը վարդապետէ, բազմաթիւ պաշտամունքի առարկաներ կան՝ Երկինքը, արքայական ընտանիքը, ընտանեկան նախահայրերը եւ Քոնֆիչիուսը։ Քոնֆիչիուսականութիւնը Չինաստանի պետական կրօնը դարձաւ։ Անկասկած քաղաքական-մշակութային բնոյթ ունէր եւ իբր հետեւանք՝ միւս կրօնները չներմուծեց իր մէջ։ Քոնֆիչիուսը, յետագային, իբր «փրկիչ» ընդունուած չէ, այլ պաշտուած է եւ տակաւին կը պաշտուի իբր «հերոս» մը՝ մեծ վարդապետ մը՝ իբր ամբողջութեամբ մա՛րդ մը։
ՇԻՆՏՕ (SHİNTO)
«Շինտօ» կը նշանակէ՝ «Աստուածներու ճանապարհը»։ Ճաբոնի ազգային կրօնն է. նուիրուած է բնիկ ճամբոնցի աստուածներու եւ մինչեւ վերջերս՝ Ճաբոնի կայսեր պաշտամունքը։ Հետեւաբար՝ Ճաբոնի մէջ կրօններու թիւը սկսաւ բարձրանալ եւ ասիկա քրիստոնէութեան համար թէ՛ վտանգաւոր եւ թէ ալ քարոզութեան դուռ կը բանայ։
*
Այս ցեղային-մշակութային հաւատքներուն կամ հաւատալիքներուն մէջէն ո՛չ մէկը վերջին խօսքը ունենալու յաւակնութիւն ունի, թէ՝ ճշմարիտ Աստուծմէ յայտնութիւն մը ունի մարդուն համար։
Իւրաքանչիւր ազգային-ցեղային մշակոյթին մէջ ծնունդ եւ հասակ առած է եւ անոնց սփռումը պարզապէս անհատներուն տեղափոխութեան պատճառ եղած է։
Սա բացայա՛յտ է, որ այս կրօնները «վտանգ» մը չեն ներկայացներ քրիստոնէութեան համար։ Ուստի, եթէ ուշադրութեամբ եւ զգուշութեամբ նայինք այս կրօններուն պատմութեան՝ պիտի տեսնենք, որ անոնք մարդը կը ներկայացնեն իր հարազատ վիճակին մէջ, այսինքն՝ ճշմարտութիւնը որոնող, ճշմարտութեան ծարաւի եւ անօթի է եւ «բացարձակ»ին հետ յագեցուցիչ յարաբերութիւն ունենալու փնտռտուքով։
Այս մասին կ՚արժէ հոս յիշել Ս. Ֆ. Անդրուզի խօսքը. «Ես չե՛մ քարոզեր Հինտույին։ Ես՝ Աւետարանը մարդո՛ւն կը քարոզեմ…»։ Ուստի, նախապաշարումները եւ կանխակալութիւնները փոխել անկարելի՛ է, եւ աւելի դիւրին է՝ փոքր լծակով մը տեղափոխել լայնատարած եւ ծանր ժայռ մը…
Քրիստոնէութիւնը գերբնական ծագում ունի եւ մարդկային արտայայտութեան լաւագոյնը՝ ճշմարտութի՛ւնն է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 2, 2025, Իսթանպուլ