ԿՈՄԻՏԱՍՆ ՈՒ ՕՏԱՐՆԵՐԸ
Կոմիտասը մօտէն ճանչցողներէն մէկը նկարիչ եւ արուեստագէտ Փանոս Թէլէմէզեանն էր, որ եզակի բախտը ունեցած էր Պոլսոյ մէջ Կոմիտասի դրացին դառնալու։ Թէրլէմէզեանի յուշերը կարեւոր են, որովհետեւ ան Կոմիտասի հետ կազմակերպած է համերգներ, եղած են մտերիմներ եւ նոյնիսկ Ֆրանսայի հոգեբուժարան այցելելով Թէրլէմէզեան փորձած է Կոմիտասի մէջ արթնցնել հին յիշողութիւններ:
Իր յուշերուն մէջ Թէրլէմէզեան կը պատմէ յատկանշական պատմութիւն մը. օր մը Թէրլէմէզեանի դուռը կը թակեն ու կ՚ըսեն, թէ տան դիմաց կանգնած է ոսկեզօծ կառք մը եւ կ՚ուզէ զինք տեսնել։ Թէլէմէզեան դուրս կու գայ եւ կը տեսնէ, որ զինք այցելելու եկած է կայսեր արարողապետ Իսմայիլ Ճանանը. վերջինս Թէլէմէզեանէն արտօնութիւն կը խնդրէ բարձրանալու անոր աշխատանոցը՝ աչքէ անցընելու համար հայ արուեստագէտին գործերը: Աշխատանոցը շրջելէ եւ նկարները քննելէ ետք երբ Իսմայիլ Ճանան կը պատրաստուի դուրս գալ շէնքէն, Թէլէմէեան հարց կու տայ, որ արդեօք կը փափաքի՞ ծանօթանալ Կոմիտասի հետ։ Իսմայիլ կ՚ըսէ, թէ կը փափաքէր, սակայն, չ՚ուզեր խանգարել արուեստագէտը։ Թէրլէմէզեան կը համոզէ, որ Կոմիտաս ի՛նք եւս ուրախ պիտի ըլլար ձեր հետ ծանօթանալով ու կայսեր արարողապետը կը տանի Կոմիտասի մօտ: Իսմայիլ Ճանան կը ծանօթանայ Կոմիտաս Վարդապետին հետ եւ երեքով սուրճ կը խմեն։ Երբ Կոմիտաս պահ մը ներս կը մեկնի, Իսմայիլ Թէրլէմէզեան ցած ձայնով մը կ՚ըսէ. «Համարձակութիւն չունիմ, թէ ոչ կը խնդրէի Կոմիտասէն, որ բան մը նուագէ ու երգէ»։ Կոմիտաս լսելով կայսեր արարողապետի խնդրանքը՝ կ՚անցնի դաշնամուրի դիմաց եւ կը նուագէ Շուպերթի երաժշտութիւններէն մին։ Թէրլէմէզեանի վկայութեամբ՝ կայսեր արարողապետը ձեռքը սեղանին զարնելով կ՚ըսէ. «800 տարուան պետութիւն ենք եւ ցարդ այսպիսի արուեստ եւ արուեստագէտ չունեցանք...»:
Մեր իրականութեան մէջ Կոմիտաս Վարդապետ միշտ ներկայացուած է հայերէն երաժշտութեամբ, սակայն, պէտք է ընդունիլ եւ ըսել, որ Կոմիտաս Վարդապետի դերը թուրք երաժշտութեան մէջ նուազ չէ՝ ինչքան հայկականին. նախ եւ առաջ Կոմիտաս Վարդապետ թրքախօս ըլլալով մօտէն ծանօթ էր թրքական երաժշտութեան։ Աղբիւրներ կը վկայեն, որ հայերէն երգերը հաւաքագրելու ժամանակ Կոմիտաս Վարդապետ տեղի ժողովուրդէն վերցուցած ու հաւաքագրած է նաեւ թրքերէն երգեր։ Կոմիտաս Վարդապետ Պոլսոյ մէջ ո՛չ միայն հայ, այլ ծանօթ անձնաւորութիւն մըն էր նաեւ օտարներու համար։ Թուրք պետութիւնը մօտէն կը ճանչնար Կոմիտասը եւ նոյնիսկ նախապէս յօդուածով մը անդրադարձած ենք, որ Կոմիտաս Վարդապետ ունէր հեղինակային մի քանի թրքերէն երգեր՝ զորս նուիրած էր Կայսրին: Կոմիտաս Վարդապետ որոշ ժամանակ երաժշտական դասեր տուած է նաեւ ոչ-հայկական կառոյցներէ ներս: Թրքական, ինչպէս նաեւ քրտական երաժշտութեան մէջ անոր կատարած աշխատանքներն ու հաւաքագրումները եղած են ուսումնասիրութեան մեծ աղբիւրներ:
Մեր թուականէն վեց տարիներ առաջ՝ 2019 թուականին Թուրքիոյ յայտնի «Ճումհուրիյէթ» (Cumhuriyet) օրաթերթը ուրբաթ, 29 նոյեմբերի թիւով հրատարակեց «Կոմիտաս Վարդապետի ժառանգութիւնը թրքական երաժշտութեան մէջ» խորագրով գրութիւն մը, որուն հեղինակը՝ Այչա Հան կը նշէ, որ Թուրք կառավարութիւնը աքսորեց Կոմիտասը, սակայն, Կոմիտաս Վարդապետ իր աշխատութեամբ՝ նոյնիսկ յետ մահու մեծ ժառանգութիւն ձգեց թրքական երաժշտութեան: Թուրք հեղինակը կը նշէ նաեւ, որ այդ ժամանակ մեծ վարդապետի գործերէն բազմաթիւները ոչնչացած են. երբեւէ մտածա՞ծ էք, որ ինչպիսի՜ գանձեր կորսուած պիտի ըլլան այդ աշխատութիւններուն մէջ: Այչա Հան կը նշէ, որ Կոմիտաս Վարդապետ հոգեկան խանգարումներ ունեցած է այն բանէն ետք, երբ տեսած է, թէ իր աշխատութիւններէն շատեր ոչնչացած են։ Այս հաստատումը մասամբ ընդունելի կը գտնենք այն պատճառով, որ ինչպէս մի քանի յօդուած առաջ յիշեցինք, հոգեբուժարանի մէջ եւս Կոմիտաս Վարդապետ իր աշխատանքներուն կորուստը կը յիշէր ու կը սգար:
Անշուշտ, ո՛չ միայն թուրք կառավարութիւնը, այլեւ Կոմիտաս Վարդապետը ճանչցած են գրեթէ Պոլիս գտնուող բոլո՛ր երկիրներու դեսպանները եւ գնահատած՝ մեր երաժիշտին արուեստը։ Թէլէմէզեան իր յիշատակներուն մէջ կը գրէ, թէ Օսմանեան կայսրութեան հանրային գործոց նախարար ֆրանսացի Պ. Հիւմպեր շատ անգամ քալած ժամանակ կ՚երգէր Կոմիտասի «Քելեր, ցոլեր»ը:
Այս բոլորը շատ աւելի լաւ կը հասկնանք կարդալով Կոմիտաս Վարդապետի նամակներուն մէջ յիշած հետեւեալ տողը. «Օտարները մեր երաժշտութեամբ աւելի հետաքրքրուած են՝ քան մենք»:
Ուսումնասիրելով պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ օտար երաժիշտներու ուսումնասիրութիւնները՝ պիտի տեսնենք, որ եւրոպացի եւ օտար շատ մը երաժիշտներ սքանչացումով արտայայտուած են Կոմիտասի մասին. անոր համար Կոմիտասի կատարածը հրաշք մըն էր, որովհետեւ ան յաջողած էր եւրոպական գործիքաւորումներով նոյնիսկ պահել հայկական ուրոյն ոճը:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Հայերը իրենց ինչո՞վ ծանօթ են աշխարհին:
Պատասխան. Հայերը աշխարհին ծանօթ են իրենց հարուստ մշակոյթով, արուեստով եւ պատմութեամբ: Հայերը ունին բացառիկ երաժշտական, բանահիւսական եւ գրական ժառանգութիւն, որոնց մէջ յատուկ տեղ ունի հայ ժողովրդական երաժշտութիւնը: Հայերը յայտնի են նաեւ իրենց ձեռագործ արուեստներով, ինչպէս նաեւ շինարարական տաղանդով: Գիտութեան եւ կրթութեան ոլորտներու մէջ հայ գիտնականները մեծ ներդրում ունին. հայերը յայտնի են նաեւ իրենց աշխատասիրութեամբ, հիւրընկալութեամբ եւ ամուր ընտանեկան արժէքներով:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան