ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՆԵՐՔԻՆ ԵՐԿՊԱՌԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Մատթէոս Ուռհայեցին կ՚աւանդէ, թէ Անանիա Կաթողիկոս (Անանիա Ա. Մոկացի. 946-968) փափաք յայտնեց, որ իրմէ յետոյ կաթողիկոս ըլլայ Սիւնեաց Վահան եպիսկոպոսը՝ որը ինք ձեռնադրած էր։ Նոր կաթողիկոսի ընտրութեան համար ժողով գումարուեցաւ Անի քաղաքին մէջ՝ 968 թուականին, որուն ներկայ էր նեւ Աղուանից Յովհաննէս Կաթողիկոսը եւ արդարեւ ընտրուեցաւ Վահան եպիսկոպոսը. (Վահան Ա. Սիւնեցի. 968-969)։
Սակայն Վահանի կաթողիկոսութիւնը ներքին խռովութիւն մը առաջ բերաւ։ Ան՝ ինչպէս կ՚ըսուի, սկսաւ նամակներով մտերմանալ եւ մտերմական յարաբերութիւն ունենալ Վրաց եւ Մելիտինէի Թէոդորոս եպիսկոպոսի հետ եւ հայոց եկեղեցիները «իքոնա»ներով՝ սրբանկարներով զարդարել։ Վահան կաթողիկոսի այս «յունասիրական ձգտում»ը տեսնելով՝ Անի հաւաքուեցան ժամանակի նշանաւոր եկեղեցականները՝ Խաչիկ՝ Արշարունեաց եպիոկոպոսը, Պօղիկարպոս, Սարգիս, Ստեփանոս եւ այլ վանականներ եւ եպիսկոպոսներ, եւ Աշոտ թագաւորի հաճութեամբ ժողով գումարեցին 970 թուականին՝ Վահան կաթողիկոսը դատելու։
Բայց Վահան կաթողիկոս նախօրօք զգալով իր գլխին գալիքը, Վասպուրական փախաւ Աբուսահլ թագաւորի մօտ։ Ուստի, ժողովը քննեց եւ դատապարտեց Վահան կաթողիկոսի ընթացքը եւ Աշոտ թագաւորի հաճութեամբ կաթողիկոս ընտրեց Ստեփանոս Սեւանացին. (Ստեփանոս Գ. Սեւանցի. 969-972), որ Մաշտոց կաթողիկոսի (Մաշտոց Ա. Եղիվարդեցի. 897-898) տոհմէն էր։
Վահան եւ Ստեփանոս այնուհետեւ սկսան զիրար նզովել, որ բնականաբար ժողովուրդի եւ եկեղեցականութեան մէջ տհաճութիւն ստեղծեց եւ վատ ազդեցութիւն գործեց։ Այս գայթակղութիւնը մէջտեղէն վերցնելու համար Ստեփանոս կաթողիկոսը՝ որ ինչպէս կ՚երեւի տակաւին կաթողիկոսական ձեռնադրութիւն ստացած չէր, բազմաթիւ կրօնաւորներ եւ մի քանի նշանաւոր եւ ընտիր վարդապետներ հետը առած Վասպուրական գնաց՝ Աբուսահլը եւ Վահանը յանդիմանելու համար։ Բայց անոնք առանց տեսնելու եւ լսելու՝ հրամայեցին Ստեփանոսը եւ անոր հետ եղողները կալանաւորել եւ Աղթամար աքսորել։ Վերջերը միւսները արձակեցին, միայն Ստեփանոսը փակեցին Կոտորոց բերդը՝ ուր ան երկար տարիներ մնաց եւ Վահանին հետ միեւնոյն տարւոյն վախճանեցաւ։
Աշոտ թագաւորի եւ հայ եպիսկոպոսներու անտարբերութիւնը Ստեփանոսի բախտի վերաբերմամբ կարծել կու տայ, թէ վանական խիստ կուսակցութիւնը, որու ընտրելին դարձաւ Ստեփանոս, շատ համակրութիւն չէր վայելեր այս խնդի մէջ։ Այս իսկ պատճառով, նոր կաթողիկոսի ընտրութեան համար գումարուած ժողովին Աշոտը, ինչպէս եւ շատ առաջնորդներ կ՚ուզէին կրկին հրաւիրել Վահանը։ Բայց տեսնելով անոր դէմ եղած հակառակութիւնը, որ անշուշտ աւելի՛ զօրացաւ անոր Ստեփանոս կաթողիկոսի հետ այնպէս խստութեամբ վարուելուն պատճառով։ Եւ չկամենալով նոր խռովութեան պատճառ դառնալ՝ կաթողիկոս ընտրեցին Արշարունեաց Խաչիկ եպիսկոպոսը. (Խաչիկ Ա. Արշարունեցի. 973-992), որ Անանիա կաթողիկոսի (Անանիա Ա. Մոկացի. 946-968) քեռորդին էր։ Այս ընտրութեան վասպուրականցիներ եւս, ինչպէս կ՚երեւի, հաճութիւն տուին, եւ Խաչիկ կաթողիկոս հայութեան պառակտեալ մասերը հաշտեցնելով՝ միապետեց եւ այսպէս խռովութիւնը վերջացաւ։ Գահընկէց Վահան քաշուեցաւ Ձորի վանքը՝ մի՛շտ բողոքելով, որ ապօրինաբար եւ անիրաւ է իր Աթոռէն զրկուիլը։ Ան մինչեւ իսկ Յավհաննէս Չմշկիկ կայսեր բողոքեց 974 թուականին՝ որը սակայն չկամեցաւ հայոց ներքին գործերուն միջամտել։
Խաչիկ կաթողիկոս աչալուրջ եւ գործունեայ՝ իր քեռիի նման հոգ տարաւ Հայոց Եկեղեցիի բարեկարգութեան եւ պահպանութեան։
Ան Արգինայ գիւղաքաղաքին նորոգեց կաթողիկոսարանը, շինեց Տրդատ ճարտարապետի ձեռքով փառաւոր եկեղեցի մը եւ զարդարեց մեծ ճոխութեամբ. կաթողիկոսարանի մօտ հաստատեց մատենադարան մը՝ ուր հաւաքեց թազմաթիւ մատեաններ։ Տեսնելով որ հայ ժողովուրդը կը ցրուի դէպի Արեւմուտք՝ անոնք իրենց ազգութեան եւ կրօնի մէջ հաստատ պահելու համար ան եպիսկոպոսներ ձեռնադրեց Ասորիներու Անտիոքի, Տարսոնի եւ Սոլուն-Թեսաղոնիկէ քաղաքներու եւ անոնց գաւառներու համար։
Խաչիկ կաթողիկոսի ժամանակ թագաւոր դարձաւ Սմբատ Բ. (977-990), որ մեծապէս հոգ տարաւ իր երկրի խաղաղութեան։ Ան Անին պարսպեց եւ շինեց հոյակապ Մայր Եկեղեցին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 2, 2025, Իսթանպուլ