ՀԱՅԸ Ի՛ՆՔ ՆԱԽԸՆՏՐԵՑ ՕՏԱՐԱՆԱԼ
Օտարներ կը կարծեն, որ հայ ժողովուրդը կառչած կը շարունակէ մնալ իր արմատներուն, իր արժէքներուն. հայը օտարներուն աչքին միշտ երեւցած է որպէս իր ազգը, իր հայրենիքը սիրող հաւաքականութիւն. հաւատացած է, որ հակառակ ամէ՛ն տեսակի դժուարութիւններուն՝ հայը տէր կը մնայ իր ինքնութեան, իր աւանդութիւններուն ու արժէքներուն: Տեսականօրէն հաւատացէ՛ք, որ հպարտութիւն ներշնչող իրողութիւն մըն է այս մէկը, սակայն, միա՛յն ու միայն տեսականօրէն:
Ի պատասխան անոնց, գրի առնենք այս դժբախտ երեւոյթները.
1) Աշխարհի վրայ կան բազմաթի՜ւ հայեր, որոնք որպէս «հայրենիք» կը ճանչնան Հայաստանը, սակայն, աշխարհի բազմաթի՜ւ երկիրներ երթալով հանդերձ գէթ մէկ անգամ հայրենիք այցելած չեն. պէտք է ընդունինք, որ հայրենիք հասկացողութիւնը մերօրեայ հայուն մօտ սեփական տան տպաւորութիւն չի՛ ձգեր. շատերու համար «պտոյտ»ի վայր, իսկ ուրիշներու համար անուանական հայրենիք մը կը թուի ըլլալ: Անշուշտ, ամէն բան ունի պատճառ. այս երեւոյթի հիմնական պատճառներէն մէկը այն է, որ մերօրեայ սերունդին մօտ քայքայուած է «հայրենիք»ի գաղափարը. մեր դպրոցներուն մէջ ծննդավայրին ու հայրենիքին տարբերութիւնը յստակ ձեւով չեն յաջողիր փոխանցել նոր սերունդին. շատերու համար հայրենիքը աշխարհագրական տարածք մըն է, մինչ հայրենիքը շատ աւելի վեր ու տարբեր արժէք մը կը ներկայացնէ. այդտեղ աշխարհագրութենէն անդին կայ զգացական կապ մը, որով հայրենիքը կը տարբերի քարտէսի վրայ գտնուող միւս երկիրներէն:
Սփիւռքի մէջ ապրող հայը տեղացի ըլլալու եւ հայ մնալու երկընտրանքին մէջ կորսուած կը մնայ եւ պատկանելիութեան զգացումի տկարացումն է, որ հայրենիքի ճշմարիտ արժէքը կը տկարացնէ: Անշուշտ, ասոր վրայ կու գայ աւելնալ մարդկայինը. սփիւռքի հայը ինքզինք շատ աւելի «բարձր» ու «լաւ» հայ կը նկատէ՝ քան հայրենիքի մէջ ապրող արեւելահայը. իսկ արեւելահայը դուրսը ապրող հայուն կը նայի լոկ որպէս դրամի աղբիւր. անձ՝ որուն կարելի է խաբել, հայրենասիրութեան անուան տակ շողոքորթել ու նիւթական շահ ապահովել. արեւելահայը Հայաստանի մէջ ապրելով ինքզինք շատ աւելի հայ կը զգայ, իսկ արեւմտահայը իր սորված հայրենասիրական ու ազգային երգերուն լոյսին տակ ինքզինք աւելի մարտական ու պայքարող կը նկատէ՝ գործնականին մէջ ամբողջութեամբ հեռու մնալով իրականութենէն:
Երբ կը գրենք նման նիւթերու մասին, ակամայ կը յիշենք Արցախի վերջին պատերազմի ժամանակ Գանատայի մօտ Հայաստանի դեսպան տիկինին խօսքը. «Խումբ մը հայեր բողոքի ցոյց կ՚իրականացնեն դեսպանատան դիմաց ու «հաշիւ» կը պահանջեն». Դեսպանը կ՚առաջարկէ հաշիւ պահանջելու տեղ մեկնիլ պատերազմի դաշտ եւ այդտեղ ցոյց տալ հայրենասիրութիւնը:
Վերադառնալով լեզուին, գուցէ տարօրինակ թուի, սակայն, կրօնը եւս մեծ դեր ունի լեզուի պահպանման մէջ. օտարութեան մէջ՝ մա՛նաւանդ երբ կը գտնուիք երկիրի մը մէջ, ուր օտար կրօնները բազմաթիւ են, մարդ աւելիով կառչած կը մնայ իր արժէքներուն. օրինակը վերցնենք հետեւեալ ձեւով. Սիրոյ, Տուպայի, Քուէյթի, Յորդանանի, Եգիպտոսի եւ այլ մահմետական երկիրներու մէջ ապրող հայերը շատ աւելի լաւ հայերէն լեզուին կը տիրապետեն՝ քան Եւրոպա կամ այլուր ապրող հայերը. պատճառը կրօնն է. նման օտար երկիրներու մէջ կը տեսնենք, որ ժողովուրդը շատ աւելի մօտիկ է եկեղեցւոյ, շատ աւելի մասնակից է հայկական հաւաքներու՝ քան այլուր։ Այդ երկիրներուն մէջ ծնողներուն առաջնահերթութիւնն է զաւակը ղրկել հայկական դպրոց: Եթէ նկատի ունենանք, նոյն պարագան ունին Ֆրանսայի կամ Եւրոպայի այլ երկիրներու մէջ ապրող արաբներն ու թուրքերը։ Այնպէս, ինչպէս մենք կը մտահոգուինք եւ կ՚ուզենք մեր սերունդը քրիստոնեայ մնայ, հայ մնայ, օտար ամուսնութիւններէ հեռու մնայ, նոյնպէս իրենք կ՚ուզեն, որ իրենց զաւակները քրիստոնեայ երկրի մը մէջ չկորսուին եւ հետեւաբար իրենց արմատներուն եւ աւանդութիւններուն շատ աւելի հաւատարիմ կը մնան՝ քան նոյնակրօն երկիրներու մէջ:
Այնպէս, ինչպէս մարդ մութին մէջ լոյսը կը փնտռէ, նոյնպէս օտարազգի երկիրներու մէջ մարդ իր արմատները կը փնտռէ եւ ամէն գնով կ՚ուզէ անոնց կառչած մնալ. այն միտքը, որ իրենց զաւակները կրնան օտարակրօն անձի մը հետ ամուսնութիւն կնքել, սիրահարիլ եւ այլն, զիրենք գիտակցութեան կ՚առաջնորդէ: Անշուշտ, օտարները այս բոլորը մեզմէ շատ աւելի յաջող ձեւով կը կատարեն՝ կրօնականն ու լեզուականը իրարու հետ միացնելով: Այսօր կը տեսնենք, թէ ինչպէս Եւրոպայի մէջ հասակ առած սերունդ մը ո՛չ միայն լեզուն, այլ կրօնական աւանդութիւնները եւս կը պահէ. մահմետական կրօնի ծոմապահութիւնը կը պահէ՝ նոյնիսկ մարդոց աչքէն հեռու, որովհետեւ այդ մէկը ցուցադրութիւն մը չէ իրեն համար, այլ համոզում, ազգային արժէք ու աւանդութիւն: Այնպէս, ինչպէս մարդ գերութեան ժամանակ ազատութեան իմաստը աւելիով կը հասկնայ, նոյնն է նաեւ ազգային ինքնութեան ու լեզուի պարագային՝ մա՛նաւանդ երբ շրջապատուած ես թէ՛ օտար լեզուով եւ թէ օտար կրօններով:
Հետեւաբար, սեփական լեզուն մոռնալն ու երկրորդական լեզուի վերածելը ո՛չ թէ ճակատագիր կամ պատահականութիւն, այլ ընտրութիւն է. սերունդները չէ՛, որ կը կորսուին. մենք ենք, որ սերունդները կը կորսնցնենք, որովհետեւ զանոնք պահելու լաւագոյն միջոցները տակաւին չենք գտած եւ կամ գուցէ գիտնալով հանդերձ չենք իրագործած:
•վերջ
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Օտարակրօն երկրի մը մէջ սեփական կրօնը կարելի՞ է պահել:
Պատասխան. Այո, օտարակրօն երկրի մը մէջ սեփական կրօնը պահելը ամբողջովին հնարաւոր է. մարդ պէտք է գիտակցաբար պահէ իր աւանդութիւնները, սովորութիւններն ու հոգեւոր ու ազգային արժէքները՝ չկորսնցնելու համար իր ինքնութիւնը: Օտար միջավայրի ազդեցութիւնը յաճախ զօրաւոր է, բայց երբ մարդ իրապէս կապուած է իր լեզուին, մշակոյթին ու կրօնին՝ կը յաջողի պահել իր ինքնութիւնը: Հոգեւոր արարողութիւններուն մասնակցիլը եւ սեփական համայնքի հետ կապ պահելը կ՚օգնեն, որպէսզի օտար կրօններու մէջ մարդ կարենայ իր հաւատքն ու արժէքները պաշտպանել ու փոխանցել գալիք սերունդներուն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան