ԴԺԲԱԽՏՈՒԹԻՒՆ՝ ՈՐ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ ԲԵՐԱՒ

Հին յոյն պատմիչ Հերոդոտոս իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը յայտնէ հետեւեալ տարօրինակ ու հակասական միտքը. «Յաճախ կը պատահի մարդու կեանքին մէջ, որ դժբախտութիւնը երջանկութիւն կը բերէ». դժբախտութիւն ու երջանկութիւն. հականիշ այս երկու բառերը ո՞ւր կրնան իրարու միանալ, կարելի չէ հասկնալ, սակայն, մէկ բան ակնյայտ է, որ դժբախտութիւնը ձեւով մը երջանկացուցած է հայ ժողովուրդը, որովհետեւ եթէ չըլլար դժբախտութիւնը, չըլլար չարիքը, ապա կրնայինք Կոմիտաս Վարդապետ չունենալ: Կոմիտասը Կոմիտաս դարձնողը իր ունեցած տաղանդին կողքին բոլոր այն դժուարութիւններն ու կնճռոտ կեանքն է, զոր մեծ վարդապետը ունեցաւ իր աշխարհիկ կեանքի ընթացքին: 

Կոմիտաս Վարդապետ լաւատես անձ մը չէր. եկեղեցական ըլլալով հանդերձ մարդոց մէջ չէր կրնար բարին տեսնել, որովհետեւ անոր համար մարդկութիւնը չարացած էր. մարդիկ կը բամբասէին ու կը հալածէին զինք, իսկ ինք արդէն յոգնած, չէր ուզեր անոնց դէմ պայքարիլ։ Օր. Մարգարիտին գրած իր նամակներէն մէկուն մէջ կ՚ըսէր. «Մարդիկ աւելի կը հաւատան վա՛տ լուրերուն՝ քան լաւերուն եւ անհատը երկար ջանք պէտք է ի գործ դնէ, որպէսզի յաջողի անոնց միտքը մաքրել»: Յստակ է, որ որոշ ժամանակ Կոմիտաս Վարդապետ պայքարած է այդ մարդոց դէմ. նոյնիսկ առիթով մը ինքնապաշտպանական յօդուած հրատարակած է մեր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն մէջ. փորձած էր պայքարիլ, սակայն, ժամանակ մը ետք նկատած էր, որ պէտք չէ պայքարիլ. վերջապէս մարդիկ պիտի հաւատան այն բանին՝ որ իրենք կ՚ուզեն հաւատալ։ Այդ իսկ պատճառով նամակին մէջ կ՚աւելցնէ. «Ի՜նչ փոյթ… թող չարը իր չարութեան մէջ խեղդուի» եւ իր նեղութենէն ելլելով նոյնիսկ որոշ «անէծք» մը կը կարդայ ըսելով՝ «սեւ մարդու օր - արեւը սեւ հողի տակ թող ըլլայ»: 

Օր. Մարգարիտի գրած այս նամակէն կը հասկնանք, որ Կոմիտաս Վարդապետ մարդոցմէ յոյսը բոլորովին կտրած կ՚ուզէ մեկուսանալ. նամակին մէջ կը գրէ. «Կը նայիմ աջ ու ձախ ու կը տեսնեմ, որ մարդիկ աւելի չարոգի են՝ քան բարեհոգի: Չի կան, եթէ ալ կան՝ չեն երեւիր. մարդոց թոյլ ու տկար կողմերէն մէկը այն է, որ կ՚ուզեն հաւատալ իրենց լսածին, առանց ճշմարտութեան կշիռ ունենալու, որովհետեւ մարդոց համար դիւրին է դատելը. կը դատեն ու չեն ուզեր դատուիլ»: 

Այս տողերուն մէջ Կոմիտաս Վարդապետ կ՚ուզէ ինքնահաշտութիւն մը կնքել։ Ինք համոզուած է, որ բոլոր այն մեղադրանքներն ու քննադատութիւնները, որոնք կը հնչեն իր հասցէին՝ ճշմարտութենէ հեռու են. այդ իսկ պատճառով կը գրէ. «Ներսս բոլորովին մաքուր եւ ջինջ է, ինչպէս յստակ ու պայծառ վտակ, բայց չար մարդիկ քար կը նետեն ու կը պղտորեն»։ Կոմիտաս կը հաւատայ , որ մաքուր ջուրին մէջ երբ քար նետուի, որոշ կարճ ժամանակ ջուրը կը պղտորի, սակայն, ետքը կը վերագտնէ իր մաքրութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, Կոմիտասը տանջողը կ՚ըլլայ այն, որ ինք այդ բոլոր յարձակումներուն կ՚արժանանար անարժանաբար. իր նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Գէթ այնպիսի չար բան մը ըրած ըլլայի, որ անպատուաբեր ըլլալ իմ կոչումիս եւ սիրտս չի ցաւեր. ըսէի «հնձէ՛ ցանածդ…»: 

Այս բոլորը Կոմիտաս Վարդապետի դժբախտութիւններն են. սակայն ինչպէս Հերոդոտոս ըսաւ. «Յաճախ կը պատահի մարդու կեանքին մէջ, որ դժբախտութիւնը երջանկութիւն կը բերէ»։ Այս բոլորին մէջ բախտաւորը եղաւ հայ ազգը, որովհետեւ այդ հալածանքներն ու քննադատութիւնները Կոմիտաս Վարդապետը աւելիով առաջնորդեցին դէպի երաժշտութիւն եւ գուցէ մեծ դեր ունեցան, որպէսզի ունենանք այսօր այն Կոմիտասը՝ որ ունինք: Կոմիտաս Վարդապետ մարդկութենէ յուսահատած ինքզինք տուաւ իր երաժշտութեան. Կոմիտաս Վարդապետի տողերն են. «Ազնիւ, հաւատարիմ նուագարանս, որ հասարակ սնտուկ է, մետաղի թելերով, ինձ կը հասկնայ եւ ես իմ սիրտը անոր դիմաց կը բանամ»: Իր հոգեկան խաղաղութիւնը Կոմիտաս Վարդապետ կը գտնէ իր երաժշտական գործիքին դիմաց. «Ան ինձ կը հարբեցնէ՝ այնպէս ինչպէս ես կ՚ուզէի հարբենալ։ Ինձ կը հասկնայ՝ այնպէս ինչպէս ես իմ անձս կը հասկնամ։ Ան ինձ կը մխիթարէ եւ սրտէս բխած հեծկլտանքներու արձագանգը զգացնելով ինձ կը մխիթարէ ու ես ինծի կ՚ըսեմ, որ բնութեան մէջ կայ ազնիւ բան մը՝ գեղարուեստը, որ ամէնուն մատչելի չէ եւ ես հո՛ն է, որ կը գտնեմ իմ խաղաղութիւնս»: 

Պէտք է ըսել, որ աշխարհի մեծագոյն երաժիշտները եւ կամ բանաստեղծները ստեղծագործած են ո՛չ թէ մարդոց, այլ իրենք իրենց ներքին խաղաղութեան համար: Ռուս գրող եւ փիլիսոփայ Տոստոեւսքի իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Ամենէն հզօր արուեստը կը ծնի ո՛չ թէ հասարակութեան համար, այլ ստեղծողի ներաշխարհը լուսաւորելու համար» եւ Կոմիտասի երաժշտութիւնը ի դէմ բոլոր քննադատութիւններուն ու հալածանքներուն՝ կը լուսաւորէր Վարդապետի հոգին: Վստահաբար, Կոմիտաս Վարդապետ պիտի չուզէր նման դժուար օրեր ունենալ, սակայն, անոր արգասիքը այսօր մե՛նք կը վայելենք. մոմն ալ այդպէս չէ՞…. շուրջը կը լուսաւորէ ի՛ր իսկ կեանքի հաշւոյն: 

Այս գրութիւնը կ՚ուզենք աւարտել Կոմիտաս Վարդապետի կարճ խօսքով. «Ցաւը անցաւ, ոչինչ մնաց». քննադատողները անցան, հալածողները անցան ու մնաց այն երաժշտութիւնը՝ որ դարեր շարունակ պիտի շարունակէ ապրիլ ու ապրեցնել այն ազգը՝ որ Հայութիւն կը կոչուի:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Գրող մը ինք իրեն համա՞ր կը գրէ՝ թէ ուրիշներու:

Պատասխան. Գրողը կը գրէ թէ՛ իրեն եւ թէ ուրիշներու համար, սակայն, գրականութեան ամէն ստեղծագործութեան խորքին գրողը կը կիսէ իր սեփական ներաշխարհն ու զգացումները: Գրողը կը գրէ, որպէսզի բացայայտէ սեփական ինքնութիւնը, հասկանայ իր զգացումները՝ որոնք կուտակուած են իր մէջ: Սակայն նոյն պահուն անոր գրածը կը դառնայ հաղորդակցութեան միջոց, որով կը փորձէ հասնիլ ընթերցողներուն, դպչիլ անոնց հոգիներուն եւ յառաջացնել մտորումներ ու զգացումներ: Գրողը ամբողջութեամբ ինքն իր անձին համար չի գրեր, որովհետեւ թուղթին յանձնուած բառերը ընթերցողի մը համար քայլ են նոր աշխարհ մուտք գործելու:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2025