ՄԱՐՄՆԻՆ ՊԱՅՔԱՐՈՂ ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ

Յակոբոս եւ Պօղոս առաքեալներ կը խօսին պայքարող Բնութեան մասին։ Յակոբոս առաքեալ կը խօսի մեղսալից հաճոյքներու մասին, որոնք կը պայքարին մեր մարմնին մէջ. «Ուրկէ՞ յառաջ կու գան ձեր հակամարտութիւնները եւ կռիւները, արդեօք ձեր ցանկութիւններէն չէ՞, որոնք մեր մարմինին մէջ կռիւ կը մղեն». (ՅԱԿՈԲ. Դ 1)։ Իսկ Պօղոս առաքեալ կը խօսի մեղքի օրէնքին մասին, որ կը պատերազմի մեր անդամներուն մէջ. «Բայց ուրիշ օրէնք մը կը տեսնեմ իմ անդամներուս մէջ, որ իմ մտքիս օրէնքին դէմ կը պատերազմի եւ զիս գերի կ՚ընէ մեղքի օրէնքին՝ որ իմ անդամներուս մէջ է». (ՀՌՈՎՄ. Է 23)։

Ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ Պօղոս առաքեալ այս խօսքերով։

Ի՞նչ է այս «միւս օրէնք»ը իր անդամներուն մէջ։

Արդարեւ, ան չ՚ակնարկեր Մովսիսական օրէնքին, Տասը Պատուիրաններուն, հապա ան կը նկարագրէ օրէնքը որպէս «ուժ» մը՝ բան մը, որ տեւական նոյն ձեւով կը գործէ։

Բացատրելու համար, նկատենք օդազօրութեան. «aérodynamique» օրէնքը։ Օդանաւային ճարտարարուեստը այս օրէնքին վրայ հիմնուած է։ Երբ մղուժը. «force motrice» միանալով վերամբարձ ուժին, հազարաւոր քիլօկրամ ծանրութիւն ունեցող օդանաւ մը կ՚անգոսնէ ձգողական օրէնքը։ Եւ այս երկու իրավիճակները երբ գոյակցին՝ մղուժ եւ վերամբարձ ուժ, քաշողական ուժը արհամարհող զօրութիւն մը յառաջ կու գայ, «օդազօրութեան օրէնք»ը։ Այս ճշմարտութիւնը կ՚օգնէ մեզի հասկնալու Պօղոս առաքեալի յիշած «օրէնք» բառը, երբ կ՚ըսէ. «Բայց ուրիշ օրէնք մը կը տեսնեմ», ան կը խօսի այն ուժին կամ զօրութեան մասին, որ յառաջ կու գայ երբ որոշ իրավիճակներ գտնուին։

Ջանանք տեսնել ինչպէս օրէնքը, որպէս մեր մէջ բնակող զօրութիւն մը, մեր անձնական կեանքերուն մէջ կը գործէ։ Մենք կը սեպենք անձ մը, որ չի ցանկար, անձ մը՝ որ 10-րդ պատուիրանքը կը կատարէ. «մի՛ ցանկար»։ Կրնանք մտածել. «Կ՚ուզեմ մաքուր ըլլալ, կ՚ուզեմ սուրբ ըլլալ։ Կ՚ուզեմ անձ մը ըլլալ՝ որ չի ցանկար»։ Մինչ այս խորհուրդներուն մէջն ենք մտքով, ուրիշ օրէնք մը միաժամանակ կու գայ։

Այո՛, մեր մտքին օրէնքը կը համաձայնի Աստուծոյ օրէնքին հետ, որ կ՚ըսէ. «Մաքուր եղիր, մի՛ ցանկար…»։ Այս կը նշանակէ, թէ ես կարողութիւնը ունիմ բարի խորհուրդներ ունենալու, բայց կարող չեմ գործադրելու ի՛նչ որ կը մտածեմ։ Չեմ կրնար ընել այն, ի՛նչ որ կ՚ուզեմ ընել, որովհետեւ ուրիշ օրէնք մը, մեղքին օրէնքը, որ կը պատերազմի մտքիս օրէնքին դէմ, եւ զիս գերի կ՚ընէ մեղքի օրէնքին, որ իմ անդամներուս մէջ է, ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ։ Այս կը նշանակէ, թէ մեղքի օրէնքը մեր մարմնին մէջն է, որ կը պատերազմի մեր մտքի օրէնքին դէմ։

Որպէս մարդկային էակ, երկու հակամարտ ուժերու մէջն եմ։ Գիտեմ, թէ ի՛նչ է շիտակը մտքիս մէջ, բայց իմ մարմնիս մէջ կա՛յ ուրիշ հակառակ եւ չա՛ր ուժ մը։ Ես կ՚ապրիմ ներքնապէս բաժնուած կեանք մը։ Բարին գիտնալով հանդերձ, չարին ներկայութիւնը մէ՛ջս է։ Երբ այս երկու վիճակները կը գոյակցին, խղճմտանքս կ՚ազդուի, եւ ես թիրախ կը դառնամ ամբաստանութեան։ Կրնամ խղճմտանքս մէկդի ընել եւ գործել ի՛նչ որ փափաքիմ, մինչեւ որ խղճմտանքս խանձուի եւ մեղքը ա՛լ զիս անհանգիստ չընէ։ Այս պայքարը եւ պատերազմը իմ մէջս կը պատերազմի ուրիշ ներքին ուժի մը դէմ։ Անդամներուս մէջ գտնուող մեղքը եւ հաճոյքները կը պատերազմին մտքիս բարի խորհուրդներուն դէմ։

Սուրբ Գիրքի տարբեր թարգմանութիւններու մէջ, կարծես բա՛ն մը կը կորսուի Պօղոս եւ Յակոբոս առաքեալներու խորհուրդներուն համերաշխութենէն, այն ներքին պայքարներու հարցով։

Այս երկու առաքեալներու գաղափարներու նոյնութիւնը կարելի է նկատել, սերտելով անոնց գրութիւններու սկզբնական՝ բնագիր գրութեան մէջ։ Զոր օրինակ, երկուքն ալ կը գործածեն «պատերազմ» բառը՝ նկարագրելու համար, թէ «չար» բան մը խանգարում կը յառաջացնէ մեր անդամներուն մէջ, եւ երկուքն ալ կը գործածեն «խղճալի» բառը, ցոյց տալու համար, թէ ի՛նչ կը զգանք որպէս հետեւանք այս «պատերազմ»ին. (ՀՌՈՎՄ. Է 23 եւ ՅԱԿ. Դ 1), նաեւ՝ (ՀՌՈՎՄ. Է 24 եւ ՅԱԿ. Դ 9)։

Թերեւս պէտք չէ բեւեռացնել Պօղոս առաքեալը եւ Յակոբոս առաքեալը իրենց առաքելութիւններուն մէջ՝ ինչպէս ոմանք ըրած են։ Հապա պէտք է գնահատել անոնց գաղափարներու համաձայնութիւնը, մինչ կը նկարագրեն հաւատացեալին «ներքին կեանք»ը։

Մեղքը՝ հաճոյքի, հեշտասիրութեան այս կամ այն ձեւին մէջ, անձը կը դնէ ամէն բանին կեդրոնը։ Մեղքը հաճոյքի թոյլտուութիւնն է անձին. «անձնակեդրո՛ն» է ան, ինքնահաճ եւ անձին շահը փնտռող։ Ուստի, տեւական ահազանգի վիճակի մէջ կը գտնուինք, երբ ինքնահաճութեան, ինքնագովութեան, սնափառութեան հաճոյքը սկսի պատերազմիլ մեր մէջ, մինչ մենք կը ջանանք Քրիստոսի նման կեանք մը ունենալ։

Այսպիսի հաճոյքներ թշնամութեան մէջ են Աստուծոյ հետ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 29, 2025, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2025