ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՍՊԵ՞Լ Է

Ֆրանսացի փիլիսոփայ, գրող եւ քննադատ Փիէռ Պէյլ իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ հետեւեալ միտքը կը յայտնէ. «Կրօնի մէջ մարդը մոլորեցնելը շատ դիւրին է, իսկ զինք այդ մոլորութենէն դուրս բերելը՝ դժուար»: Մարդ արարածը մի՛շտ ալ ունի հակումը ընդունելու գաղափարներ, որոնք «բարձր ճշմարտութիւն» կը խոստանան եւ մարդկային գոյութեան իմաստ կը ձեւաւորեն, որովհետեւ մարդը միշտ ալ անհասկնալիին դիմաց ձեռնպահ կը մնայ եւ շատ անգամ նման պարագաներու կասկածը որպէս մեղք ու օրինազանցութիւն կը նկատէ: Այս մէկը հասկնալու համար կարելի է նկատի ունենալ, օրինակի համար, մահմետականները, որոնք կը խուսափին հարցադրումներէ եւ կրօնական որոշ նրբութիւններ զննելէ՝ հաւատալով, որ Աստուածային ճշմարտութիւններ ըլլալով, որպէս մարդ արարած զանոնք հարցաքննելը կրնայ զիրենք պատիժի արժանացնել: Սխալը ուսուցանելը շատ դիւրին է, սակայն, այդ սխալին սխալ ըլլալը հասկցնելն ու համոզելը այդքան ալ դիւրին չէ. հերքելը դիւրին չէ, որովհետեւ մարդուն հաւատքը միայն բանականութեան վրայ հիմնուած չէ։ Այդ կէտին կայ զգացական եւ վստահութեան բաժինը, որովհետեւ քարոզուած հաւատքը ժամանակ մը ետք մարդուն մօտ կը վերածուի ներքին համոզումի եւ հոգեբանականօրէն համոզումի մը սխալ ըլլալը մարդուն հասկցնելը կրնայ անոր մօտ հոգեկան անկայուն վիճակ մը ստեղծել։ Մարդ բնազդօրէն կը պայքարի այն բոլորին դէմ, ինչ որ իր խաղաղութեան կը սպառնայ եւ նման պարագայ մը կրնայ մարդուն խաղաղութիւնը խաթարել: Հիմնական միւս պատճառներէն մէկը այն է, որ մարդ հաւատալիքի հետ առընչուած գիտելիքներն ու համոզումները կը կազմէ «վստահելի» եւ որպէս հեղինակութիւն ճանչցած անձերէն. օրինակի համար, եթէ կոյր վստահութիւն ունի հոգեւոր առաջնորդին հանդէպ, անոր ուսուցումները կ՚ընդունի որպէս «կատարեալ ճշմարտութիւն»՝ առանց հարցականի տակ դնելու անոր համոզումներն ու ուսուցումները. այդ ուսուցումները կը դառնան «անվիճելի ճշմարտութիւն»:
Մարդկային պատմութեան ընթացքին բազմաթի՜ւ անձեր փորձած են զանազան գրութիւններով ու աշխատութիւններով հերքել Յիսուս Քրիստոսի գոյութիւնը՝ որպէս փաստ յառաջ բերելով մի քանի «պատմական» իրադարձութիւններ: Անոնցմէ մէկն է ամերիկացի պատմաբան Տէյվիտ Ֆիցկերալտը, որ 2010 թուականին հրատարակեց «Տասն առասպելներ, որոնք ցոյց կու տան, թէ Յիսուս Երբեք գոյութիւն չէ ունեցած» խորագրեալ գիրքը (Nailed: Ten Christian Myths That Show Jesus Never Existed at All):
Ամերիկացի պատմաբանին յառաջ բերած փաստերէն մէկը հետեւեալն է. Ղուկասի Աւետարանը կ՚ըսէ, թէ Յիսուս Քրիստոս լոյս աշխարհ եկաւ Հերովդէս թագաւորի իշխանութեան օրօք. պատմիչը կը գրէ, թէ Հերովդէսի թագաւորութիւնը վերջ գտած էր Ն.Ք. 4-րդ դարուն եւ հետեւաբար Յիսուս Քրիստոս այդ ժամանակաշրջանին ծնած չէր կրնար ըլլալ:
Ա.- Ա. դարու հրեայ պատմագիր Ֆլաւիուս Ժոզեֆուս իր աշխատութեան մէջ կը նկարագրէ, թէ Հերովդէսի ժամանակ լուսնի հետ կապուած դէպք մը տեղի ունեցաւ. կը նը-կարագրուի, թէ լուսինը խաւարեցաւ։ Եթէ նկատի ունենանք, որ Հերովդէսի իշխանութեան վերջին տարիները Ն.Ք. 4-րդ դարուն է, ապա լուսինի իրադարձութիւնը՝ որ կը յիշատակուի Յիսուս Քրիստոսի ծնունդին մէջ եւս նոյն ժամանակաշրջանի մը մասին կրնայ խօսիլ: Անշուշտ, թուականներու պարագային պէտք է նկատի ունենալ, որ աւետարանները գրուեցան Յիսուս Քրիստոսէն 60-70 տարիներ ետք եւ հետեւաբար շատ մը պատմական տուեալներ մոռցուած կամ դուրս ձգուած կրնան ըլլալ։ Աւետարանները գրուեցան աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի յիշողութեան եւ վկայութիւններուն հիման վրայ։ Յիսուս Քրիստոս իր հետ չունէր պատմագիր մը, որ գրի առնէր բոլոր մանրամասնութիւնները: Պէտք է նկատի ունենալ, որ աւետարանները մինչեւ գրուեցան՝ ժողովուրդը Յիսուս Քրիստոսի գործունէութիւնը կը տարածէր բանաւոր ձեւով։ Այսօր պարզ իրադարձութիւն մը բանաւոր ձեւով եթէ տարածուի, քսաներորդ անձին քով կրնայ ամբողջութեամբ տարբեր պատմութիւն մը հասնիլ։ Հետեւաբար, բանաւոր քարոզչութիւնը վստահաբար որոշ փոփոխութիւններ ու աններդաշնակութիւն կրնայ ստեղծած ըլլալ մա՛նաւանդ՝ պատմական եղելութիւններու պարագային: Ետքը պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, որ աւետարանները պատմագրութեան նպատակով գրուած չեն։ Աւետարաններուն նպատակը եղած է հաւատքը փոխանցել, հետեւաբար, աւետարանիչները աւելիով կեդրոնացած են հաւատքի եւ Աստուածութեան կարեւորութեան վրայ՝ քան պատմական դէպքերու եւ եղելութիւններու: Պատմագրութիւնն է, որ ժամանակաշրջանին, պատմական իրադարձութիւններուն կարեւորութիւն կու տայ։ Աւետարանները պատմագրութիւններ չեն: Նոյնիսկ նոյն ժամանակաշրջանի մասին գրած պատմիչներուն մօտ կարելի է անհամատեղելի տեղեկութիւններ գտնել:
Տանք ամենէն պարզ օրինակը. Աղեքսանդր մեծի մահուան պարագային երեք պատմիչ երեք տարբեր բաներ կը գրէ։ Մին կը գրէ, որ կայսրը մահացաւ բնական հիւանդութեամբ, ուրիշ մը կը յիշէ թունաւորելու պարագան, իսկ ուրիշ մը դաւադրութեամբ սպաննուելու մասին կը գրէ։ Երեքն ալ ճանչցուած պատմիչներ են. անոնց հակասութիւնները պատճա՞ռ է, որ չհաւատանք Աղեքսանդր անունով կայսրի մը գոյութեան՝ կը կարծենք յստակ է:
•շարունակելի…
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Սերունդներ եկան ու գացին, ծնան ու մեռան ազատութեան ճամբուն վրայ:
Մեր սերունդը հասեր է հանգրուանի մը, ուրկէ անդին կոչուած է շարունակելու իր նախորդներուն կիսատ մնացած գործը:
Ինչպէս երէկ, այսօր ալ դժնդակ ու դժուարին է պայքարը, որուն պէտք է լծուի հայ նոր սերունդը: Ուրիշ ճանապարհ գոյութիւն չունի:
Ճշմարի՛տ է, երբ կ՚ըսուի թէ՝ «Մեռնողներուն միակ ապաւէնը ողջերն են»: Անոնք, որոնք ինկան ազատամարտի ճամբուն վրայ, մէկ բան միայն կրնան սպասել մենէ - շարունակել այն գործը, որուն համար զոհուեցան:
Մեր պարտքն է վերապրեցնել զանոնք մեր գործերուն մէջ, գործեր որ իրենցը եղան։
ԱՐՄԷՆ ՍԵՒԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան