ՁԱԽՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ՛Ն
Մարդ, բնականաբար, միշտ յաջող ըլլալ կ՚ուզէ իր աշխատութիւններուն որպէս արդիւնք։ Բայց, սա անուրանալի եւ անխուսափելի իրականութիւն մըն է, թէ՝ միշտ յաջողութեամբ չի վերջանար աշխատութիւնները, ինչպէս ցոյց կու տայ կեանքի փորձառութիւնը մեզի։
Ժողովրդական իմաստութիւնը կ՚ըսէ, թէ՝ չկա՛յ չարիք, որ չստեղծէ բարիք։ Ապա ուրեմն, անյաջողութիւններ, ձախողութիւններ ալ կրնա՞ն կերպով մը օգտակար ըլլալ, որքան որ անոնք անբաղձալի՛ ըլլան։
Ձախողութիւնը երբե՛ք ընդունելի չէ, եւ այս պատճառով մա՛րդ չի հաշտուիր ձախողութեան, անյաջողութեան գաղափարին հետ։ Կարելի չէ՛, որ մէկը աշխատութեան մը սկսի՝ նախքան գործարկելը ձախողութիւնը ընդունի եւ հաշտ ըլլայ այդ գաղափարին հետ։ Մարդ հոգեկան կորով ներշնչելով ինքն իրեն՝ ձախողութեան հաւանականութիւնը կը հեռացնէ իր մտածողութենէն։
Ձախողութեան փոխարէն յաջողութեան գաղափարով լեցուն է ոչ միայն անհատը, այլ նաեւ ամբողջ մարդկային ընկերութիւնը՝ սկսեալ ամենափոքր միութենէն՝ ընտանիքէն։ Արդարեւ, ձախողութեան անմարսելի գաղափարը թոյլ չի՛ տար, որ ընդունին, թէ ուրիշ միութիւն մը աւելի յաջող ըլլայ, եւ այս զանոնք կը մղէ աւելի, աւելի՛ աշխատելու։ Պէտք է ըսել, որ այս զգացումը երբեք նախանձի զգացում մը չէ՛, այլ անմեղ եւ բնական բարենպատակ մրցում մը՝ առանց վիրաւորելու եւ նախատելու իր մրցակիցը։
Եւ ահաւասիկ, այս կէտին, ձախողութեան գաղափարը «օգտակար» կրնայ ըլլալ. աւելի շատ, աւելի լուրջ աշխատութեան մղելով ենթական։ Այս իմաստով, անհատական մակարդակի վրայ, որեւէ հարցի պարագային ձախողած դուրս չգալու կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը, մինչեւ իսկ արժանապատուութեան հարց մը կը նկատուի եւ անձնական վարկի, պատիւի եւ ինքնաճանաչման աստիճանին կը բարձրացուի։
Մարդուն բարձրագոյն հոգեվիճակը իր «ԵՍ»ն է. ան է, որ երբեք չ՚ընդունիր ձախողութիւնը եւ անյաջողութիւնը, ան երբեք թայլ չի տար, որ ուրիշ «ԵՍ» մը խլէ եւ անցնի զինք։ Մարդուն «ԵՍ»ը երբեք չի հանդուրժեր ուրիշ մէկու մը «ԵՍ»ին՝ որ վերէն նայի իրեն։ Եւ այս իսկ պատճառով է, որ ձախողած մարդու հոգեկան ներաշխարհին մէջ կը յայտնուի երկու վատ զգացում՝ ոխ եւ նախանձ։
Ոխը եւ նախանձը կ՚առաջնորդեն չարութեան՝ որ կը վնասէ նոյն ինքն ենթական։ Անոնք պատճառ կ՚ըլլան նոր չարիքներու՝ որոնց հետեւանքով կը տուժէ անձը։ Արդարեւ, ոխը եւ նախանձը՝ ձախողութեան, անյաջողութեան վատ ընկերներն են՝ որոնք չար խորհրդատուներ կը դառնան անոնց։
Սակայն, ինչպէս աւելի առաջ յիշուեցաւ՝ ձախողութիւն եւ անյաջողութիւն անխուսափելի են կեանքի մէջ, անոնք անպայման գոյութիւն պիտի ունենան, ինչպէս՝ խաւարը, չարը, վնասակարը, վտանգը՝ լոյսի, բարիի, օգտակարի եւ անվտանգութեան եւ ապահովութեան փոխարէն։ Մարդ ամէն պարագայի մէջ եւ ամէն ժամանակ յաջող չի կրնար ըլլալ կեանքի մէջ, քանի որ կեանքը պայքա՛ր մըն է։ Եւ կեանքը քննութիւն մըն է՝ ուր յաջողութիւնն ալ, ձախողութիւնն ալ բնական է։
Պահ մը խորհեցէք սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, եթէ կեանքի մէջ տեւական յաջողութիւն ըլլար, ասիկա չէ՞ր կասեցներ աշխատութիւնը. արդարեւ, մարդը աշխատութեան, աւելի շատ աշխատութեան մղողը ձախողութեան հաւանականութիւնը չէ՞. այդ գաղափարը չէ՞, որ մարդս ջանասէր կ՚ընէ։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքը այս մասին սիրելի՜ ընթերցողներ։ Ուրեմն, ձախողութեան գաղափարը, իր խորութեանը մէջ օգտակար կողմ մը ունի։
Ահաւասիկ, այս իսկ պատճառով պէտք է չափազանց խոհեմութիւն համարուի այն, որ մարդ երբեմն երբեմն դիտումնաւոր ձախողութիւններ, անյաջողութիւններ կրէ։
Ասկէ զատ, ձախողութիւնը, նաեւ պատճառ կ՚ըլլայ ինքնաքննութեան՝ մարդուն իր թերութիւններուն, տկարութիւններուն անդրադառնալու եւ դասեր քաղելով՝ աւելի հոգեւոր եւ մտաւոր ուժերով յառաջդիմելու եւ աւելի լաւը ընելու, յաջողելու եւ իր նպատակին հասնելու։
Ուրեմն, կարելի է ըսել, որ ձախողութիւնը եւ անյաջողութիւնը լա՛ւ դաստիարակներ են՝ մարդը կեանքի պատրաստելու կարեւոր գործին մէջ։
Այստեղ յիշել կ՚արժէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի իմաստալից եւ ուսուցանող խօսքը. «Ձախողութիւնները՝ յաջողութեան տանող սանդուխի մը աստիճաններն են»։
Արդէն այս խօսքը հրաշալի՜ ամփոփումը եւ եզրափակումն է, հակիրճ բացատրութիւնը վերի տողերուն։ Ուրեմն, պէտք չէ վհատիլ կեանքի մէջ պատահած ձախողութիւններէ, այլ պէտք է անոնք համարել, մեզ յաջողութեան առաջնորդող միջոցներ, հանգրուաններ, եւ ընդունիլ սա իրողութիւնը, թէ՝ առանց անյաջողութեան չկա՛յ յաջողութիւն, քանի որ առանց փորձառութեան կարելի չէ փորձագէտ ըլլալ։
Կարեւորը՝ անկումէն յետոյ վեր կանգնելու պատրաստակամութիւնը ունենա՛լն է…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 29, 2025, Իսթանպուլ