ԳԻՐՔԸ ԵՒ ԳԻՐԸ

Գիրքը եւ գիրը բաւարար չէին Հայ Թարգմանիչ վարդապետներուն համար։ Աստուածաշունչ եւ այբուբենը անհրաժեշտ էին, կենսակա՛ն, բայց ո՛չ բաւարար։ Մա՛րդն էր կարեւորագոյնը։ «Նոր սերունդ» պէտք էր՝ նորոգուած հոգիով, Աստուծոյ եւ ազգի ներդաշնակ զգացումներով պարտկուած «նոր մարդեր» հարկաւոր էին։

Այս խորազննին, իրատես ե՛ւ հեռատես իմացողութեամբ առաջնորդուած՝ Թարգանմիչ վարդապետներ իրենց թարգմանչական գործունէութիւնը եւ առաքելութիւնը «Գիր»էն եւ «Գիրք»էն փոխադրեցին դէպի «դպրոց»՝ դէպի «մարդու պատրաստութիւն»։ Այս ուղղութեամբ դպրոցներ բացին, փողոցներու, հրապարակներու վրայ բաց դասեր աւանդեցին, եկեղեցիներու խորանները «հայաբարբառ բեմեր»ու վերածեցին, վանքերու կամարներուն տակ ձեռագիր մատեաններու գրչագրութեան գործարաններ բացին, մէկ խօսքով՝ համայնօրէն եւ անձնուիրաբար լծուեցան աննկարագրելիօրէն ծանր եւ փրկարար այն գործին՝ որուն արդիւնքը եղաւ հայ ազգայնութեան դարբնումը, հայկական ինքնութեան եւ ազգային արժանապատուութեան կռանումը։

Հինգերորդ դարու քաղաքկան դժխեմ եւ մթագնող պայմաններուն տակ հիւծումի դատապարտուած հայ կեանքին մէջ վերականգնումի նոր ջիղ մտցուցին, նոր արիւն ներարկեցին, նոր թափ տուին։ Առանց դաստիարակչական այդ կերպափոխիչ, յեղաշրջական գործունէութեան՝ անկարելի՛ է հասկնալ Ս. Վարդանանց սերունդներու ասպետական, առիւծանման, մաքրամաքուր մարտիրոսական մաքառումը՝ ի պաշտպանութիւն հայ ինքնութեան եւ արժանապատուութեան, հայ ազգային սրբազան դատին։

Անոնք այնպիսի սերունդ պարտաստեցին՝ որ ո՛չ Տիզբոնի փիղերը եւ ո՛չ ալ Բիւզանդիոնի կայսերական շքեղութեան եւ հեշտակենցաղութեան հրապոյրները կրցան խախտել հաւատքը եւ ազգային ապրումը հայ ժողովուրդին։

Թարգմանչաց սերունդի «գաղափարական» թարգմանչութեան՝ հոգեկան եւ ազգային սնուցումի անդրանիկ պտուղը եղան Ս. Սահակներուն ծունկերուն վրայ մեծցած «Կարմիր Վարդան»ները եւ Ձուիկ Տիկիններու գուրգուրոտ ձեռքերուն տակ հասակ առած Վահանները եւ կամ Ս. Մեսրոպներու, Եզնիկներու, Կորիւններու, Եղիշէներու, Խորենացիներու, Փարպեցիներու, Մանդակունիներու հետ ժողովի նստած եւ անոնց գաղափարական ներշնչող ազդեցութեամբը թրծուած Վռամշապուհները, Խորխոռունի, Արծրունի, Բագրատունի, Պալունի, Գնդունի, Կամսարական, Մամիկոնեան, Դիմաքսեան կամ Սրուանձտեան իշխանները եւ նախարարները, ասպետները եւ սեպուհները։

Թարգմանիչները տուին մեզի ո՛չ թէ «գիրք» միայն, այլ գիրքը շնչաւորող, արժեւորող եւ կեանքին մէջ եւ կեանքո՛վ թարգմանող մարդիկ։

«Գիր», «Գիրք» եւ «Մարդ»։

Այս երեք բառերուն մէջ է խտացած Թարգմանիչներու ազգային-կրօնական մեծագործութիւնը։

«Գիր», «Գիրք» եւ «Մարդ»…

Մեր ներկայ կեանքի կարիքներու երրեակ կարեւորագոյն շրջագծերը։

Ո՞վ պիտի լեցնէ կարիքներու այս կարասացող դատարկութիւնը…

Նո՜ր թարգմանիչներ են պէտք մեզի։ Հին թարգմանիչներու ոգիով թրծուած մարդիկ՝ «հոգեւորական», «մտաւորական» եւ «ուսուցիչ», որոնք կարենան այս նոր եւ յարափոփոխ աշխարհի մէջ Ե. դարու ոճով թարգմանել հայկական արժէքները մեր նոր սերունդին։

Մա՜րդն է կարեւորը, ամէն բանէ վե՛ր։

Դէպի մա՛րդ, դէպի մարդո՛ւ պատրաստութիւն լարենք մեր բոլոր աշխատանքները։ Մեր գործունէութեան սլաքը, մեր նիւթական աղբիւրներուն ծորակը ուղղենք դէպի «դպրո՜ց, կրթութի՜ւն, եկեղեցի՜, դաստիարակութի՜ւն», որպէսզի կարենանք ունենալ նո՛ր թարգմանիչներ։ Որովհետեւ առանց նո՜ր թարգմանիչներու՝ հին թարգմանիչներու, Ե. եւ յաջորդ դարերու թարգմանիչներու վաստակը կը խամրի հայ կեանքին մէջ։ Եւ այն ատեն կը սկսի իրական, անդարմանելի ողբերգութիւնը։ Այն ատեն է, որ կը մթագնի հայ գոյութան եւ լինելութեան, հայ ազգային դատի տեսիլքը։

Բայց մենք կը հաւատանք, որ Ե. դարուն թարգմանիչներ ծնող ազգը չի կրնար թարգմանիչներ չծնիլ Ի. դարուն…։

*

Եւ ահա քու մօտդ եմ, քեզի հետ, քու կողքին…։

Բայց -մեղա՜յ- ե՞րբ էի հեռու քեզմէ, անջատ եւ մինակ։

Կեանքս ամբողջ լեցուցիր՝ քու գիրովդ։ Ինչ որ էութիւնս կը կազմէ, ինչ որ զիս՝ զի՜ս կ՚ընէ, ինչ որ, չըլլալու պարագային, ես այլ անձ պիտի ըլլայի քան ինչ որ եղայ եւ ինչ որ եմ եւ դեռ ինչ որ լինելոց եմ մինչեւ վերջին շունչը կուրծքիս, վերջին տրոփը սրտիս, վերջին բառը լեզուիս, վերջին խոհը միտքիս, դո՛ւն կազմեցիր զայն «ի մանուկ տիոց», մօրս օրօրուն երգերով, գիւղի եկեղեցիէս քահանային աղօթասացութեամբ, գիւղական վարժարանիս խեղճ գրասեղանէս, առաջին ուսուցիչներուս դասաւանդութեամբ եւ քու գիրով մարմին առած գիրքերէն, քու յարաշարան «աշակերտ»ներուդ հոգեգրութեամբ։

Եւ այս բոլորը, սակայն, «օտար ամայի ճամբէքի վրայ…»։

Եղար ինծի ուղեցոյց, ուղեկից, քայլերուս ճրագ, լուսասփիւռ փարոս, խիղճի ձայն։ Նոյնիսկ երբ հարկադրուած քու լեզուէդ եւ գիրէդ զատ ուրիշ բարբառ եւ ուրիշ տառ փոխադրել շրթներուս եւ մատներուս, դուն մնացիր անբաժան ինձմէ։ Քու գիրովդ մարմին առած գրականութիւնը եղաւ զգացումներուս, մտածումներուս, տագնապներուս, տեսիլքներուս, հեռանկարներուս, աշխատանքիս ջուր մատակարարող աւազանը. բայց…

Բայց այսօր կ՚ապրիմ քու կողքին, Օշականէ ոչ հեռու եւ երբեմն Օշականի մէջ, շիրիմիդ կողքին, քու շունչով կենսաւորուած մթնոլորտին եւ քու անունովդ կնքուած Դպրութեան Տանդ մէջ…

Որովհետեւ դուն կաս յՕշական,

Եւ մենք չկանք առանց քեզ…

- Հատուածներ՝ քաղուած. Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց. «Մաշտոցաշունչ», 1997։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 31, 2025, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 31, 2025