ԳՐՉԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՍ

Եթէ որպէս գրող կը հաւատաք, թէ ընթերցողն է, որ գրողը գրող կը դարձնէ, ապա պէտք է ընդունիք, որ կամաց կամաց կը կորսնցնէք ձեր գրող ըլլալու յատկանիշը, որովհետեւ արժեչափերու խեղաթիւրուած այս ժամանակին մէջ մամուլը եւ հետեւաբար գրողը ընթերցողի պակասը ունի: Սակայն կ՚ուզենք յստակ ըլլայ, որ ընթերցողի պակասը այնքան ալ գրողներու անատակութեան հետ կապ չունի՝ ինչքան մարդկային արժէքներու քայքայումէն, որովհետեւ կ՚ապրինք դարի մը մէջ, ուր անարժէքը շատ աւելի արժէք կը ներկայացնէ: 

Կայ յայտնի մտածում մը, որ կ՚ըսէ. «Առանց ընթերցողի գիրքը մեռած է»։ Եթէ այս մէկը ընդունինք, ապա պէտք է ընդունինք նաեւ, թէ մեռած են բոլոր այն յօդուածները, զորս մենք կը գրենք ու հետեւաբար մեռած ենք նաեւ մենք՝ որպէս գրող: Մեր օրերուն «սիրուած» գրող ըլլալ այնքան ալ դրական երեւոյթ մը կրնայ չըլլալ, որովհետեւ մերօրեայ ընթերցողը կ՚ուզէ հեռու մնալ խորութենէն, լուրջ վերլուծութիւններէն։ Մերօրեայ ընթերցողը նախ չ՚ուզեր մտածել եւ երկրորդ լուրջ ու խորիմաստ գրութիւնները այսօր անոր համար արժէք մը չեն ներկայացներ: Այս մէկը հիմնաւորեմ հետեւեալով.- մի քանի օրեր առաջ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն մէջ հրատարակեցինք «Աշխարհականին մէկ կին, եկեղեցականին՝ տասը» խորագրեալ յօդուած մը. ինչպէս գիտութիւնը կ՚ըսէ... թիւերը չեն խաբեր. ի տարբերութիւն միւս յօդուածներու, այս մէկը շատ աւելի մեծ արձագանգ գտաւ՝ քան միւսները. այս փորձառութիւնը նախապէս ունեցանք «Ծիծիկներ» խորագրեալ յօդուած մը գրելով՝ որուն հիմնական նպատակն էր փաստել, որ նման «անմակարդակ» նիւթերով մերօրեայ ընթերցողը աւելի հետաքրքրուած է՝ քան իմաստուն վերլուծութիւններով:

Անշուշտ, այս մէկը գրողներուս համար լուրջ մտահոգութիւն մըն է, որովհետեւ ո՛չ միայն մեծահասակները, ի նմանութիւն իրենց նոր սերունդը եւս կամաց կամաց կը հեռանայ ողջախոհութենէ եւ կը սկսի իր ուշադրութեան կեդրոնը դարձնել անկարեւորը: Մերօրեայ սերունդին համար գաղափարէն, գրողի անձէն կամ անունէն աւելի առաջնահերթ է մարդոց ունեցած տիտղոսը՝ որ պայմանաւորուած չէ իմաստութեամբ եւ ճշմարիտ արժէքով: Այսօր մարդոց ուշադրութեան կեդրոնն է մեզի համար կարծուած «անկարեւոր»ը՝ որ տեղ մը աւելի կարեւոր է քան մեր կարծած «կարեւոր»ները: Նոր սերունդին համար գրողը այսօր «հեղինակութիւն» մը չէ, այդ իսկ պատճառով, անոր ի՛նչ ըսելը այնքան ալ կարեւորութիւն չունի։ Այս երեւոյթը աւելի պարզ բացատրելու համար ըսենք հետեւեալը.- մենք որպէս գրող ստեղծենք անիմաստ արտայայտութիւն մը.- «կեանքը պարտէզի խոտին կը նմանի». ո՛չ մէկ արժէք ունի. թող այս նոյն արտայայտութիւնը գրէ, օրինակի համար, Քիմ Քարտաշեանը... եւ վստահ եղէ՛ք, որ շատ աւելի մեծ արժէք ու նշանակութիւն պիտի ունենայ: Կար ժամանակ, որ նոյն ընթացքը ունէին Աստուածաշունչն ու պուտտայական հաւատալիքները. օրինակի համար՝ Աստուածաշունչը թող ըսէր. «Սիրտը մաքուր եղողին համար ամէ՛ն բան կարելի է». այս խօսքին ետեւ դիր Մատթէոս կամ Մարկոս... եւ արդէն իր իմաստն ու նշանակութիւնը կորսնցուց. վա՜յ թէ այս խօսքը ըսած ըլլար, օրինակ, Մահաթմա Կանտին... մարդիկ կեանքի նշանաբան կ՚ընտրէին: 

Վերոյիշեալ օրինակներուն մէջ կը տեսնենք, թէ խօսքն ու գաղափարը նոյնն է, սակայն, նոր սերունդը «անձ»ն է, որ կը կարեւորէ՝ քան գաղափարը, այդ իսկ պատճառով, մերօրեայ ամենէն իմաստուն ու արժէքաւոր խօսքերը ընդհանրապէս կրթութիւն չստացած հայհոյախառն «աստղ»ի մը անիմաստ խօսքերը կրնան ըլլալ: 

Անշուշտ, լաւապէս գիտենք, որ շատեր ընթերցողներէն աւելի իրենց ներքին բաւարարութեան համար կը գրեն եւ հետեւաբար շրջապատի «ուշադրութիւն»ը գրաւելու համար իմաստութենէն տգիտութեան երթալու կարիքը չկայ՝ ինչքան ալ ուզուածը այդ ըլլայ: Սակայն, այս բոլորը կը գրենք, որովհետեւ լաւապէս կը հասկնանք, որ այլեւս «խելացի» բաներու մասին գրելը այնքան ալ խելացի արարք մը պիտի չըլլայ. մարդիկ պիտի փնտռեն ապուշութիւնը՝ մինչեւ որ օր մը ամբողջ աշխարհը «ապուշ» դառնայ՝ որովհետեւ համաշխարհայնացումն ու նոր սերունդի մտածողութիւնը այդ կը պահանջէ: 

Հիմա ընտրութիւնը գրողին է. կամ պիտի պահպանէ իր սեփական արժէքները եւ կամ միջամուխ պիտի ըլլայ ժամանակի այլանդակ պահանջներուն։ Այսօր խօսեցէ՛ք հայ ազգի վիճակին մասին, բարձրաձայնեցէ՛ք, թէ սփիւռքի մէջ, նկատենք թէ ոչ, հայը օրէ օր կը հեռանայ իր հայութենէն, կը հեռանայ իր ինքնութենէն.... մարդ պիտի չկարդայ. գրեցէ՛ք, թէ եկեղեցական մը կնոջ մը հետ ինչպէս բռնուեցաւ... եւ տեսէք տարբերութիւնը արձագանգին: 

Մենք կը հաւատանք, որ թիւերը չեն խաբեր... եւ այդ չխաբող թիւերը ցոյց կու տան, որ «ծիծիկներով», «եկեղեցականին կնիկ»ով հետաքրքրուողները շատ աւելի են՝ քան ազգին ապագայով… ու այս բոլորով,  նոր դարը կը կոչուի «զարգացած». եթէ մեծագոյն գողերը բարերար, պատերազմ հրահրողները խաղաղասէր կը յայտարարուին, այդ պարագային ոչինչ... թող ապուշութիւնն ալ զարգացում անուանուի: 

Կար ժամանակ, երբ Պարոյր Սեւակ «Երանի՜ խենթերուն» կը կոչէր՝ ի տես իր շրջապատին, որովհետեւ խենթերը ունին բախտաւորութիւնը չխենթանալու. կարծես կամաց կամաց մենք ալ երանի  պիտի տանք անոնց՝ ո՛չ թէ չխենթանալու հնարաւորութիւն չունենալնուն համար, այլ պարզապէս հասարակութեան մէջ շատ աւելի մեծ «ձայն» ունենալնուն համար:

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Մարդիկ ինչո՞ւ ապուշութիւններու աւելի արժէք կու տան:

Պատասխան. Մարդիկ յաճախ ապուշութիւններու աւելի արժէք կու տան, որովհետեւ անոնք աւելի հասանելի են, աւելի դիւրին ըմբռնելի եւ անձին հաճոյք կը պատճառեն: Խորութիւն եւ բարդութիւն պահանջող բաները ժամանակ կը պահանջեն: Ընկերային ցանցերն ու ներկայ մշակութային ըմբռնումը շինծու երեւոյթներուն արժէք կու տան, այդպիսով մարդիկ կարեւորութիւն կու տան բոլոր այն բաներուն, որոնք դիւրին կը հասկցուին, կ՚ուրախացնեն եւ հեռու են խոր իմաստ ունենալէ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 31, 2025