ՍԷՐԴ ԱՆՉԱՓ Է ԵՒ ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆԴ ԱՆԲԱՒ
-ժամանակակից օրագրութիւն-
Սրտաձօն՝ Նային
Սէր մէկէնիմէկ չ՚ըլլար. ան ժամանակի կը կարօտի, այսինքն՝ համբերութեան։ Նոյնիսկ եթէ Օրհան Վելի «Պիրտէնպիրէ»ի մէջ յայտնէ, թէ…
Ամէն բան մէկէնիմէկ եղաւ։
Մէկէնիմէկ արեւի լոյսը գետնին զարկաւ.
Երկինքը մէկէնիմէկ եղաւ.
Կապոյտ՝ մէկէնիմէկ։
Ամէն բան մէկէնիմէկ եղաւ.
Մէկէնիմէկ գետնէն ծուխ բարձրանալ սկսաւ.
Ծիլ մէկէնիմէկ եղաւ, բողբոջ՝ մէկէնիմէկ։
Միրգ մէկէնիմէկ եղաւ։
Մէկէնիմէկ,
Մէկէնիմէկ.
Ամէն բան մէկէնիմէկ եղաւ։
Աղջիկ՝ մէկէնիմէկ, տղայ՝ մէկէնիմէկ.
Ճամբաներ, դաշտեր, կատուներ, մարդիկ…
Սէր մէկէնիմէկ եղաւ.
Հրճուանք մէկէնիմէկ։
Այս տողերը հայերէնի թարգմանեցի Նային համար, որովհետեւ Նա՝ սիրեկանս թրքերէն չի գիտեր եւ մէկէնիմէկ բառին կրկնութիւնը դիւթիչ գտած էի այն ատեն, երբ առաջին անգամ հանդիպեցայ այս քերթուածին՝ Միւշվիք Քենթէրի ասմունքին մէջ։
Թէեւ ուրիշներու համար մէկէնիմէկ կրնա՜յ ըլլալ, բայց, սէրը ինծի՛ համար մէկէնիմէկ չեղաւ. ժամանակ առաւ։ Եւ այդ ժամանակին մէջ սէրը կամաց-կամաց գտաւ իր ձեւը։ Սէրը, երիտասարդ սերունդին մէջ, թէ՛ ֆիզիքական, թէ՛ թուացեալ (վիրթիւէլ) ներկայութիւն մը ունի՝ մէկը միւսին ամբողջացնող։ Մեր ալ պարագան նոյնն է։
Ուրեմն, Ամանորի առիթով կը փափաքիմ տասներկու ամսուան ընթացքին գրուած եւ վերակարդացուելու արժանի թեքստ-մեսաժներէն քաղուածք մը բաժնել։
1 յունուար 2025
- (Նա) շնորհակալ եմ ամէն ինչի համար եւ յատկապէս, որ կաս…
Կարճ նախադասութիւն մըն է, բայց, նաեւ ծանրութիւն կրող։ Անիկա պարզ շնորհակալութիւն մը չէ միայն արարքի, խօսքի կամ պահու մը համար, այլ ուղղուած է իմ իսկ գոյութեանս։ «Շնորհակալութիւն, որ կաս»ը ժամանակի ընթացքին դարձաւ իմ եւ Նայի միջեւ մեր յարաբերութեան բնաբանը, որովհետեւ ան դուրս կու գայ փոխադարձութեան լեզուէն։ Այստեղ շնորհակալութիւնը պայմանական չէ․ անիկա չի հարցներ ինչ ըրած եմ, այլ կը հաստատէ, որ իմ ներկայութիւնս բաւարար է։
Այս խօսքին մէջ ես կը զգամ ընդունում մը՝ առանց պահանջի։ Կարծես կ՚ըսէ, թէ քու ըլլալդ ինքդ քեզմով արդէն իսկ արժէք է։ Եւ նոյնը կը գործէ հակառակ ուղղութեամբ ալ․ անոր ներկայութիւնը ինծի համար պատճառ է շնորհակալ ըլլալու՝ ո՛չ թէ որովհետեւ ան միշտ ինչ-որ բան կ՚ընէ, այլ որովհետեւ ան կայ։ Այս պարզ ճշմարտութիւնը, որ երկու հոգի կրնան իրարու կողքին ըլլալ ու այդ ըլլալը բաւարար նկատել՝ ինծի համար սիրոյ ամենէն հանգիստ, բայց, ամենէն հաստատ ձեւն է։
«Շնորհակալութիւն, որ կաս»ը այսպէս դարձաւ ո՛չ միայն արտայայտութիւն, այլ վիճակ մը. վիճակ մը, ուր սէրը չի ճիգեր ապացուցուիլ, այլ կը շնչէ խաղաղութիւն մը իր ներկայութեան մէջ։
6 յունուար 2025
- (Նա) երէկ գիշեր I girasoli դիտեցի, սիրեցի, տխրեցայ։
- (Ես) ես ալ Blue Velvet-ը դիտեցի։
Ես հասկցած էի, որ Նա թէ՛ պիտի սիրէ այս ֆիլմը, թէ պիտի տխրի։ I girasoli (Արեւածաղիկները, 1970) կը պատմէ պատերազմէ ետք կորսուած սիրոյ, սպասումի եւ յիշողութեան մասին՝ իտալացի կնոջ մը որոնումին միջոցով. ան տարիներ անց կը մեկնի Խորհրդային Միութիւն՝ գտնելու իր անհետացած ամուսինը։ Այն, ինչ կը բացայայտուի ո՛չ միայն սիրային ողբերգութիւն է, այլեւ պատերազմին թողած խոր մարդկային հետքերու լուռ վկայութիւն մը։ Արեւածաղիկներու դաշտերը կը մնան՝ որպէս այդ կորուստին խորհրդանիշը։
Տարիներ շարունակ ես ալ այդ դաշտերէն անցայ, բայց, ես արեւածաղիկս գտայ։
20 փետրուար 2025
- Գացի ու տեսայ, ըստ ցանկութեանն քո։ Աշխատանքը իրապէս մանրակրկիտ է եւ իւրայատուկ՝ ինչպէս դուն. այդքան մանրակրկիտ, որ նախկին բացիկէդ միայն քաղուածք մը կը բաւէ։ Ի վերջոյ, դուն սորվեցուցիր ինձ՝ The Divine lies in the details (Աստուածայինը մանրամասնութիւններուն մէջ կը գտնուի)։
Այս տողերը թեքստով չգրեցի, այլ՝ բացիկի մը վրայ, որուն առջեւի մասը կար Լորէնս Ալմա-Թատէմայի «Գարուն» նկարէն մաս մը։ Տարի մը առաջ, Նա տեսած էր նկարը Գալիֆորնիոյ Կէթի թանգարանին մէջ եւ բացիկ մը տուած էր, բացիկ մը գրած էր ինծի եւ ես ալ նոյնութեամբ կրկնել ուզեցի։
19 մարտ 2025
- Իրականութեան մէջ պէտք է իտալական ֆիլմ մըն ալ դիտենք միասին։ Ֆրանսերէն դիտեցինք, իտալերէնը մնաց։
Նայի փափաքը իրականացուցի իր տարեդարձին առթիւ՝ զինքը տանելով Ֆելլինի 8½ ֆիլմին, որուն մայր հերոսի՝ Կիտօ (Սնափորազի) կերպարին մէջ կը գտնեմ ինքզինքս, այսինքն՝ թոյլ եւ թեթեւահոգի անձնաւորութիւն մը աշխարհի խենթութիւններուն մէջ բանտարկուած։
16 ապրիլ 2025
- (Նա) Ինչ ընեմ, որ սիրտս այսքան կախ չըլլայ։
- (Ես) Ուսս տամ որ վրան յենիս։
- (Նա) I wish [Երանի]։
Մեսաժին մէջ, Նային ուսս՝ որպէս յենարան կը հրամցնեմ։ Թէեւ օրը այս սեղմ մեսաժով անցաւ մեր միջեւ, սակայն, գիտեմ որ այսպիսի փոքր խօսք մը նոյնիսկ կը բաւէ երբեմն։
6 մայիս 2025
- (Նա) Լանա Տել Ռէյի fur coat-ը տեսա՞ր։
- (Նա) Who knows, maybe after all, you՚ll see me in a fur coat next winter (Ով գիտէ, գուցէ յաջորդ ձմրան ինձ կաշիէ վերարկուով կը տեսնես)։
Այս թեթեւ, նոյնիսկ խաղային ոճ պարունակող մեսաժը աննկատ անցաւ իմ կողմանէ։ Հիմա, որ դարձեալ այս խօսքին կը հանդիպիմ, կ՚ուզեմ դիմաւորել խոր ու երկար մէկ փաթթուկով մը։ Այս բառերը ապագայի խոստում կը ներշնչեն՝ քանի որ Նա ինքզինք ապագայի մէջ կը պատկերացնէ եւ այդ պատկերին մէջ ես ալ կը գտնուիմ։ Սէրը երբեմն այսպէս կը յայտնուի՝ թեթեւ նախադասութեամբ մը, ուր լուռ կերպով կը նախադրէ միասին մնալը։
19 յունիս 2025
- (Նա) Missing a fur coat (Կաշիէ վերարկուս պակաս է)։
- (Ես) Այս մէկ (նկարով) արթննալը շատ հաճելի է։
Նայէն ստացայ Ուֆֆիցի պատկերասրահին մէջ պահուած Անտրէա տել Սարթոյի «Հարպիաներու Մատոննան» նկարը, որուն առջեւ Նայի սիլուէթը կը յայտնուի. Մատոննան՝ Սապահաթթին Ալիի վէպին մէջ գտնուող Մարիա Փուտէրի նմանն է։ Երկուքս միասին կարդացինք այս վէպը եւ սորվեցանք, թէ ամէն մարդ սէր ապրելու իրաւունք ունի։
3 յուլիս 2025
- Կը սիրեմ քեզ, պէտք ունիմ քեզի եւ ներողութիւն խնդրելու պատրաստ եմ։
Այս տողը քաղեցի Սահակ պատրիարքի քարոզէն, որուն մէջ կ՚ըսէր, թէ իւրաքանչիւր մարդ այս երեք խօսքերը պէտք է արտայայտէ իր կեանքին մէջ։
1 օգոստոս 2025
- (Ես) Հիացած եմ քեզմով, որովհետեւ խոր իմացութեամբ, շնորհալի կեցուածքով եւ գողտրիկ հայեացքով անձնաւորութիւն մը հազուագիւտ է։
- (Նա) Շնորհակալ եմ։
Ես փորձեցի բառերովս ճշգրտել այն, ինչ զգայի՝ հիացում մը, որ չէր սահմանափակուիր արտաքինով, այլ կը ծնէր խոր իմացութենէ, կեցուածքէ, հայեացքէ։ Այդ բոլորը միասին՝ հազուագիւտ ներկայութիւն մը կը կազմէին ինծի համար։
Իսկ ան պատասխանեց՝ շնորհակալութիւն յայտնելով եւ սրտիկով մը։ Այս կարճ արձագանգը զիս պակաս չթուաց։ Ընդհակառակն՝ այն հաստատեց, որ հիացումը լսուեցաւ, ընդունուեցաւ, բայց, չդարձաւ ծանր։
Երբեմն սէրը այսպէս կը գործէ՝ մէկը երկար կը խօսի, միւսը կը ժպտի եւ այդ լռութեան մէջ ալ բան մը կը մնայ կենդանի։
12 սեպտեմբեր 2025
- (Նա) Բարի գիշեր. խաղաղութիւնը քու կողքին գտնուիլն է։
Դարձեալ խաղաղութեան զգացումը կայ սիրոյ մէջ։
4 հոկտեմբեր 2025
- (Ես) Հարբած եմ, բայց, դուն սրտիս մէջն ես։
- (Նա) Դու ալ իմ՝ ամէն պահ։
- (Ես) Առանց քեզի անտանելի է։
Այս տողերը գրեցի պարահանդէսի մը ժամանակ՝ գիշերուան աղմուկին մէջ, երբ ես Պոստոն էի, իսկ Նա՝ Նիւ Եորք։ Ես գինովցած էի, բայց, այդ խօսքը արդարացում չէր․ պարզ ճշմարտութիւն մըն էր։ Տարածութիւնը չկարողացաւ հեռացնել զինք սրտէս։ Իսկ ան պատասխանեց՝ առանց վարանելու, «ամէն պահ»։ Այս երկու բառերը փակեցին աշխարհագրութիւնը։
5 նոյեմբեր 2025
- (Ես) Կը ներես, շատ հարցում հարցուցի։
- (Նա) Չէ, չըսես այդպէս։ Ինչքան կ՚ուզես հարցուր։ Հաճելի է, որ իրար կը հարցնենք։
Այս փոխանակումը ինծի հանգստութիւն տուաւ։ Ես մտահոգուած էի, թէ գուցէ շատ հարցումներով ծանրաբեռնած ըլլայի պահը։ Բայց, ան պատասխանեց ո՛չ միայն վստահեցնելով, այլեւ բանալով դուռ մը։ «Ինչքան կ՚ուզես հարցուր»ը ինձ համար հրաւէր էր՝ մնալու անկեղծ, չզսպելու հետաքրքրութիւնս, չվախնալու բացուելէ։
Սէրը երբեմն այսպէս կը յայտնուի՝ ո՛չ թէ պատասխաններու, այլ հարցումներ տալու ազատութեան մէջ։ Երբ երկու հոգի կրնան իրարու հարցնել՝ առանց զգուշանալու, ապա այն ատեն վստահութիւնը արդէն ներկայ է։
22 դեկտեմբեր 2025
- (Ես) Եթէ ծաղիկ ըլլայիր, ի՞նչ կ՚ըլլայիր։
- (Նա) Կարմիր վարդ։ Պապիկս ալ արդէն այդպէս կը կարծէր՝ յատկապէս, որ մայիսին են ծաղկին։ Իսկ տատիկս կ՚ըսէր. «Իմ տան զարդ, սրտի վարդ»։
Գիտէի, թէ վարդ պիտի ըսէր, բայց, ուզեցի որ ըսէ, որովհետեւ անոր օծանելիքը կ՚ուզեմ նուիրել իրեն։
*
Սէրը մէկէնիմէկ չեղաւ, ինչպէս կը տեսնէք Նայի եւ իմ միջեւ։ Թերեւս սա բանաստեղծի սուտն է. նոյնիսկ բանաստեղծ մը կը նախընտրէ փոքրիկ սուտ մը հնարել՝ քան խուսափիլ սիրոյ անյանկարծակիութիւնը ընդունիլ։ Աւելին, թերեւս սէրը ամբողջովին սուտ է, բայց, միաժամանակ, անկարելի է անտեսել կամ չընդունիլ զայն։ Ուրեմն՝ ինչպէս գիծ մը, որ կը սկսի թեթեւ ու աննշան, այն աստիճան կը ձգուի եւ կը մնայ յիշողութեան մէջ՝ սէրն ալ կը ներկայանայ իր քաղցրութեամբ, ծանրութեամբ եւ լռութեամբ։
Սիրով լեցուն տարիներ ունենաք։
ԱՐԹԻՒՐ ԻՓԷՔ
Նիւ Եորք