ԱՆՕԳՈՒՏ ՎԷՃԵՐ…

«Բոլորին յիշեցուր այս բաները, եւ Աստուծոյ ներկայութեան պահանջէ իրենցմէ՝ որ իրարու հետ վէճ եւ կռիւ չընեն. բան մը, որ օգուտ չունենալէն զատ՝ լսողներուն ալ հաւատքը կը քանդէ». (Բ ՏԻՄ. Բ 14)։

Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ընկերութեան մը, հաւաքականութեան մը մէջ անիմաստ վէճեր եւ կռիւներ օգուտ չեն բերեր, այլ, աւելին՝ վնասակար կ՚ըլլան եւ պատճառ կ՚ըլլան, որ քանդուի, վնասուի մարդը թէ՛ անհատապէս, թէ՛ հաւաքապէս։

Արդարեւ, դժուար է անաչառութիւնը հաշտեցնել արդարութեան հետ։ Եւ իրապէ՛ս արդար է այն մարդը, որ աչառու, կողմնակալ ըլլալով հանդերձ արդարութենէ որեւէ զիջողութիւն չ՚ըներ։ Արդարութեան կշիռը բռնողին աչքերը փա՛կ են որովհետեւ։

Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսի գրած իր երկրորդ նամակին մէջ կը զգուշացնէ բոլորը, որ հեռու մնան անօգուտ վէճերէ եւ կռիւներէ, քանի որ այդպիսի արարքներ լսողներու հաւատքը կը քանդուի։ Եւ շարունակելով կը գրէ. «Մեծ տունի մը մէջ միայն ոսկիէ եւ արծաթէ անօթներ չեն ըլլար, այլ նաեւ փայտէ եւ կաւէ անօթներ։ Յստակ է՝ թէ առաջինները թանկագին են, իսկ միւսները՝ անարժէք…». (Բ ՏԻՄ. Բ 20)։ Ուստի ընկերութեան մը մէջ կրնան գտնուիլ թանկագին անհատներ, բայց նաեւ անարժէք անհատներ, ըսենք. բարիներ եւ չարեր, օգտակարներ եւ վնասակարներ, բայց բոլորն ալ միատեղ կը կազմեն այդ ընկերութիւնը, քանի որ բոլորն ալ անդամներն են այդ ընկերութեան։ Հարցը սա է. հեռացնե՞լ, թէ մօտեցնել այն, ինչ որ վնասակար է. շահի՞լ զայն, թէ բոլորովին կորսնցնել։ Բայց ասիկա վէճերով եւ կռիւներով պէտք չէ՛ ըլլայ, այլ բանականութեամբ, արդարադատութեամբ եւ խղճմտանքով։ Ի՞նչ ըսինք. դժուար է անաչառութիւնը հաշտեցնել արդարութեան հետ։ Մարդ երբ մէկ կողմը աւելի «կը սիրէ», բայց արդար կը դատէ, ա՛ն է ճշմարիտ արդարը։ Ուրեմն, վնասակարը անմիջապէս դատապարտելն ալ սխա՛լ է, կանխակալ մարդը միշտ կը սխալի, մանաւանդ վէճի եւ կռիւի մէջ մարդ չի կրնար արդարադատ ըլլալ։ Առանց վէճի, առանց կռիւի մարդ կրնայ աւելի ճիշդ եւ շիտակ որոշումներ տալ եւ արդարադատ ըլլալ։

Մարդ կրնայ տարակարծիք ըլլալ, բայց ո՛չ երբեք՝ թշնամի։ Տարակարծութիւններու բանականութեան սահմաններու մէջ բախումէն է, որ ճշմարտութիւնը կը յայտնուի եւ ո՛չ՝ անիմաստ, թշնամական վէճերով եւ կռիւներով։ Արդարեւ, Պօղոս առաքեալի նամակին մէջ յիշուած «անօթ»ները մենք բոլորս ենք, եւ ո՞ր անօթին կը պատկանինք, անիկա պէտք է որ մենք ինքնաքննութիւն մը կատարելով որոշենք. ոսկի՞ թէ փայտէ անօթ, թանկարժէ՞ք եւ ո՞րը անարժէք։ Սա փորձուած է եւ յստակ, թէ երկու ապակիէ գաւաթ երբ իրար զարնուին կամ երկուքն ալ կը փշրուի եւ կամ մին կը փշրուի միւսն ալ կը ճեղքուի, վերջապէս երկուքն ալ կը վնասուին։ Անիմաստ վէճը եւ մանաւանդ կռիւն ալ նո՛յնն է. անոր յաղթողը չ՚ըլլար, բայց երկու կողմն ալ աստիճանաբար կը վնասուի։

Պօղոս առաքեալ դարձեալ կը գրէ. «Արդ, ո՛վ որ ինքզինք մաքրէ նման մեղքերէ, Տիրոջ համար թանկագին անօթ մը կը դառնայ, մաքուր եւ պատրաստ՝ ամէն տեսակի բարի ծառայութիւն մատուցանելու». (Բ ՏԻՄ. Բ 21)։ Մարդ պէտք է նախ իր իսկ ինքնութեան անդրադառնայ, եւ պէտք է երկու արժէք իւրացնէ. մաքրութիւն եւ պատրաստակամութիւն։

Արդարեւ, «մաքրութիւն»ը մարդս հաճելի կ՚ընէ Աստուծոյ աչքին. բայց կարեւորը ներքին մաքրութիւնն է՝ սիրտը մաքուր մարդը Աստուած լաւ կը ճանչնայ։ Իսկ պատրաստակամութիւնը՝ բարի ծառայութիւն մատուցանելու տրամադրութիւնն է։ Ասոր համար մարդ պէտք չէ՛ պայմաններու կապուած մնայ, յարմար պայմաններու սպասէ. պատրաստակամութիւնը ո՛չ ժամանակ, ոչ ալ պայման ունի։ Աստուծոյ համար պէտք է մարդ մի՛շտ պատրաստակամ ըլլայ՝ պատրա՛ստ իր անձը նուիրելու…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 3, 2026, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2026