ԱՆՑԵԱԼԸ ԵՒ ՆԵՐԿԱՆ

Որոշ տարիք մը ունեցողներ յաճախ կը յիշեն իրենց ծնողները եւ այն օրերը՝ երբ իրենց հետ երջանիկ կ՚ապրէին։ Կ՚ապրէին ո՛չ իրենց ֆիզիքական աշխարհով, այլ իրենց հոգեկան աշխարհով։ Անոնք ո՛չ թէ տարեց ըլլալնուն համար կը մտածեն անցեալ օրերու մասին, իրենց հոգիին մէջ լալու տրամադրութիւն մը ստեղծելով։ Լալու՝ անցեալի գեղեցիկ երջանիկ օրերու կորուստին եւ ներկայի անհամ տաղտղալի օրերու պատճառած ցաւին համար… անհամ եւ անհաճոյ օրերու համար իրենց հոգեւոր աշխարհին համար։

Ցաւ՝ ո՛չ բարոյական, ո՛չ տնտեսական, ո՛չ քաղաքական, ո՛չ ընկերային մարզերէն ներս, այլ հոգեւոր մարզերէն ներս։ Եւ ներկայիս, անոնք իրենք զիրենք հոգեպէս սնանկացած կը զգան՝ իրենց հոգեւոր արժէքներէն եւ աշխարհի հետ խնամութիւն կնքած։ Վերածուած են կարծես ծոյլ, անհոգ, անտարբեր, անձնասէր, եսամոլ եւ անձնակեդրոն սերունդի մը՝ որ իրենց օրերը կ՚անցընեն առանց անդրադառնալու, թէ օր մը Արդար Դատաւորին առջեւ պիտի կանգնին եւ իրենց գլուխը վեր պիտի չկրնայ բարձրանալ։

Այս իմաստով կը կորսուին հոգիներ, եւ իրենց բազկաթոռներուն վրայ հանգիստ եւ անտարբեր նստած շատեր կը դիտեն այդ դէպի կորուստ երթը։

Այսօր «արթնութիւն» բառը թանգարանի մէջ պահուած բառգիրքի մը մէջ միայն գոյութիւն ունի։ Փոխանակ խաւարէն լոյսի բերելու՝ զանոնք մշուշի մէջ կը մնան։ Անոնք միայն խարխափել կու տան ինքնագիտակից պատասխանատուութեան տէր անձերը։ Եռանդը՝ խանդը երբ կը պակսի, կարօտը կը զգացուի անշուշտ երանելի՜ անցեալի օրերուն, բարեպաշտ, հոգեւոր արժէքներով «հարուստ» ընտանիքներու…

Ընտանիքը սուրբ վայր է. ամենէն ապահով, ամենէն վստահելի միջավայրը մարդուս համար, քանի որ ընտանիքը առտնին Եկեղեցի՛ է։ Ընտանիքը անմիջականօրէն կը համապատասխանէ մարդուն բնութեան։ Ան անհրաժե՛շտ է մարդուն։ Ապահովելու համար բազմաթիւ անձերու մասնակցութիւնը հաւաքական կեանքին, հա՛րկ է պահպանել ի գին ամէն բանի։

Ընտանիքի գաղափարը կ՚արտայայտէ բնական ձգտումը՝ որ կը մղէ մարդիկը ընկերութիւն, միութիւն կազմելու՝ հասնելու համար նպատակներու եւ իրականացնելու մարդուն ստեղծողութեան կոչումը՝ զիրար ամբողջացնել եւ իրարու օգնել, եւ այն բոլոր նպատակները՝ որոնք կը գերազանցեն անհատական կարողութիւնները։ Ընտանիքը կը զարգացնէ, կ՚ազնուացնէ անձին՝ անհատին անհատական կարողութիւնները։ Եւ կը զարգացնէ մա՛նաւանդ անոր նախաձեռնութեան եւ պատասխանատուութեան ոգին։ Ընտանիքը կը սատարէ մարդուն իրաւունքները երաշխաւորելու։

Ընտանիքը սկզբնական բջիջն է ընկերային հաւաքական կեանքին։

Ընտանիքը բնական ընկերութիւնն է՝ ուր այր-մարդը եւ կին-մարդը ինքնանուիրումի կոչուած են սիրոյ եւ կեանքի պարգեւին մէջ։ Ընտանիքին ծոցին մէջ գոյութիւն ունեցող հեղինակութիւնը կեանքը կը պատրաստէ ապահովութեան եւ ազատութեան։

Հաստատ հիմերու վրայ հաստատուած ընտանիքի մէջ բոլոր անդամները անվտանգ եւ ապահով են միշտ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 3, 2025, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2025