«ԲԱՐԻՔ»՝ ՈՐ ԻՆՔՆԻՆ ՉԱՐԻՔ Է ՄԵՐ ԱԶԳԻՆ
Գիտէ՞ք, թէ աշխարհի մէջ կան շատ մը երեւոյթներ, գիւտեր եւ ստեղծագործութիւններ, որոնք իրենց սկզբնական վիճակին մէջ ստեղծուած են մարդկութեան որպէս բարիք ծառայելու, սակայն, վերջաւորութեան վերածուած են աղէտի աղբիւրներու. անկասկած մեր ազգին մէջ նման վիճակ ունին «թաղականութիւն», «հոգաբարձու», «ազգային ժողով» կոչուած հաստատութիւնները: Սկզբնական շրջանին անոնց գոյացումը վստահաբար դրական ու լաւ նպատակներու համար էր, սակայն, այսօրուան արդիւնքը ամբողջովին հակառակը ցոյց կու տայ. այս վերոյիշեալ մարմինները այսօր օգնելու փոխարէն շատ աւելի դժուարութիւններ կը պատճառեն թէ՛ դպրոցին մէջ իր համեստ աշխատանքը առաջ տանող ուսուցիչին եւ թէ նուիրեալ քահանային:
Անշուշտ, շատեր հարց պիտի տան, թէ ինչո՞ւ վերոյիշեալ հաստատութիւնները որպէս բացասական երեւոյթ կը տեսնենք. պատասխանը պարզ ու յստակ է. որովհետեւ անոնց գլուխը կը գտնուին անձեր՝ որոնք արժանի չեն այդտեղ գտնուելու. մեր գաղութներուն մէջ այդ «պաշտօն»ները կը զբաղեցնեն մարդիկ՝ որոնք ո՛չ եկեղեցիէն եւ ոչ ալ դպրոցէն բան կը հասկնան… լոկ կուսակցական ըլլալնուն համար այդ պաշտօնները կը զբաղեցնեն: Յանկարծ կ՚ընտրուի խումբ մը՝ որ պիտի զբաղի դպրոցի հարցով, բնականաբար, նման աշխատանքով զբաղողները պարտին ըլլալ մանկավարժներ, հոգեբաններ, մտաւորական ու ուսումնասէր մարդիկ. սակայն, անոնց գլուխը կը գտնենք մարդիկ՝ որոնք դպրոցական ուսում անգամ չունենալով, կրթութեան ճշմարիտ իմաստի հասկացողութիւնը նոյնիսկ չունին. կը տեսնենք անձեր, որոնք թաղականներ կը դառնան, սակայն, ո՛չ եկեղեցիէն եւ ոչ ալ եկեղեցական ու ծիսական արարողութիւններուն մասին բան գիտեն:
Մեր կուսակցութիւնները կը կարծեն, որ թաղականութիւնը, հոգաբարձութիւնը եւ այլ հաստատութիւններու գլուխը կուսակցականներ դնելով՝ պիտի յաջողին զանոնք իր ձեռքին մէջ պահել, մոռնալով, որ այդ «ձեռքի մէջ պահել»ու փափաքը վնաս է թէ՛ եկեղեցւոյ, թէ՛ դպրոցին եւ թէ ընդհանրապէս հայ ազգին: Այս անձերը իրենց հեղինակութիւնը «փաստել»ու համար սխալ ու անտեղի որոշումներ կը կայացնեն եւ իրենց չգիտցածը կը փորձեն պարտադրել ու սորվեցնել այն ուսուցիչին՝ որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է այդ սրբազան պաշտօնին: Նոյն դժբախտութիւնը կ՚ապրի եկեղեցին՝ իր թաղականներով, որովհետեւ թաղական ըլլալը «սուրճ» խմել կը կարծեն. սուրճ խմել՝ ոչ թէ փոխաբերական, այլ բառին բուն եւ ամբողջական իմաստով: Վկայ մեր ծանօթներէն մէկը, որուն առաջարկած են թաղական ըլլալ. ժխտական պատասխան ստանալէ ետք ըսած են. բան մը չկայ ընելիք. կիրակի օրը կու գաս, սուրճ կը խմես ու ետ կ՚երթաս…:
Անշուշտ, այս դժբախտ երեւոյթը մեր իրականութեան մէջ նոր առաջ եկած չէ.- մեր թուականէն 117 տարիներ առաջ՝ 1908 թուականին Պոլսոյ մէջ հրատարակուած «Զիկ-Զակ» շաբաթաթերթի 18 հոկտեմբերի առաջին էջին մէջ ուսուցիչներուն մասին կը կարդանք. «Եթէ չեմ սխալիր, դուք ամենէն աւելի զրկանքներ ու անիրաւութիւններ կրելու դատապարտուած աշխատաւորներն էք. կարծեմ՝ ոչ մէկերնիդ կրնաք հերքել, երբ ըսեմ, թէ դուք՝ մինչեւ այսօր թաղական կամ հոգեբարձու ըսուած անտանելի արարածներուն ձեռքը պարզապէս խաղալիք դարձած էիք: Դուք՝ այդ ջոջ աղաներու առջեւ խօսած ատեննիդ պարտաւոր էիք ձեր բալթօն կամ ժաքէթը վերէն վար կոճկել, ձեռքերնիդ իրարու վրայ բերել, բայց երբ ձեր տանջանքին վարձքը համարուող չնչին ամսականնիդ ուզել համարձակէիք, ստիպուած էիք ողորմութիւն ուզելու ձեւին տակ հազար ու մէկ թախանձանքներ ընել, միշտ քաշուելով ու ցած ձայնով խօսիլ…»:
Անշուշտ, այս երեւոյթները միայն անցեալին մնացած չեն. այսօր կրնա՞յ ուսուցիչ մը իր ամբողջ իմաստութեամբ հակառակիլ դպրոցի դուռ չտեսած մեծաւորին կարծիքին. կրնա՞յ համարձակիլ անոր սխալ ըլլալը բարձրաձայնել…
Ունինք երիտասարդ բարեկամներ, որոնք երկար տարիներ հայագիտական ուսանելով հանդերձ այսօր հրաժարած են ուսուցիչ դառնալէ՝ նման անձերու իշխանութեան տակ չգտնուելու համար. հրաժարած են, որովհետեւ հազիւ հայերէն գիտցող պատասխանատու մը փորձած է փիլիսոփայել, թէ ինչպէ՞ս կարելի է նոր սերունդին հայերէն սորվեցնել. գացէ՛ք Եւրոպա, գացէ՛ք Ամերիկա եւ պիտի տեսնէք, որ շատ մը գաղութներ կ՚առաջնորդուին անձերով՝ որոնք հայերէն գրել կարդալ չեն գիտեր: Անձերով՝ որոնք չեն տարբերիր աւելի քան հարիւր տարի առաջ ապրող աղաներէն, որոնք իրենց պաշտօնին եւ ունեցած հարստութեան հաշւոյն պաշտօններ կը զբաղեցնէին: Նման պաշտօններու արժանի ըլլալու համար չափանիշ մը գոյութիւն չունի. մեր ազգային մեծագոյն դժբախտութիւններէն մէկը՝ որ դարաւոր անցեալ մը ունի, ճի՛շդ անձը ճիշդ տեղը չդնելու ախտն է. մեր դպրոցներուն վրայ պէտք է գտնուին մտաւորական, մանկավարժ անձեր՝ որոնք իրապէս իմաստութիւնն ու գիտակցութիւնը ունին, թէ ինչ կը նշանակէ սերունդներ կրթել՝ նոյնիսկ եթէ անոնք այս կամ այն կուսակցութեան չեն պատկանիր։ Այս մէկը լաւապէս պիտի յաջողինք հասկնալ, երբ լաւապէս ըմբռնենք, որ դպրոցին նպատակը ապագայ սերունդ պատրաստել է եւ ո՛չ թէ կուսակցութեան իշխողութեան տակ պահելը: Դպրոցը կուսակցութեան ձեռքին տակ եղած է՝ բայց չէ կրցած սերունդ կրթել… ի՞նչ իմաստ ունի:
Առ այդ, մեր մաղթանքն է, որ մեր մէջէն վերացուին բոլոր այն պաշտօններն ու անձերը, որոնք ստեղծուած են լոկ որոշ խմբաւորման մը շահերը ապահովելու, որովհետեւ մեր մէջ ունինք անձեր, որոնց համար սեփական շահը շատ աւելի ծանր կը կշռէ՝ քան հասարակականը:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ է դպրոցի մը տնօրէն դառնալու տրամաբանական չափանիշը:
Պատասխան. Դպրոցի մը տնօրէն դառնալու չափանիշը հիմնուած է կրթական փորձառութեան, ինչպէս նաեւ անձի իմացական կարողութեան վրայ: Տնօրէն ըլլալու համար մարդ պէտք է ունենայ արտադրական եւ ղեկավարման հմտութիւններ, մանկավարժական ծրագիրներ մշակելու եւ ուսուցման ընթացակարգը լաւապէս հասկնալու կարողութիւն, առաջնորդելու յատկութիւն, որովհետեւ ան գործ պիտի ունենայ ուսուցիչներուն, աշակերտներուն եւ ծնողներուն հետ: Անոր հարկաւոր են կառավարման եւ կազմակերպչական հմտութիւններ, խնդիրները արագ լուծելու ունակութիւն: Տնօրէնն է, որ կրնայ դպրոցի կրթական ու մշակութային միջավայրը զարգացնել ու պահպանել:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան